«ՏՈՀԱ ՖՈՐՈՒՄ»Ի ԳԾՈՎ ԱՍՈՒԼԻՍ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ վաղը պիտի մասնակցին «Տոհա ֆորում»ին, որ կազմակերպուած է Քաթարի տանտիրութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ֆորումի ծրագրին վրայ անոնց մասնակցութեամբ նախատեսուած է ասուլիս-քննարկում մը՝ «Հայաստան-Ատրպէյճան տեւական խաղաղութիւն. Ուաշինկթընի համաձայնագիրը եւ համատեղ ապագան» նիւթին շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025