ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։ Դաշինքի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հաւաքի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ Սեւ ծովէ ներս անվտանգ նաւարկութեան երաշխաւորման ուղղեալ զրուցակիցներու համատեղ զգայնութիւնը։
Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ Թուրքիա կողմնակից է՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու, արդար ու մշտական խաղաղութեան հաստատման համար դիւանագիտութեան հնարաւորութիւն ընձեռելու։ Ըստ իրեն՝ Թուրքիա կը շարունակէ պատրաստակամ մնալ՝ հաշտութեան գործընթացին ամէն տեսակ նպաստ բերելու համար։
Հաքան Ֆիտան նախարարներու հաւաքին ժամանակ ալ յայտնեց, որ Եւրոմիութեան պաշտպանական բնագաւառի նախաձեռնութիւնները յառաջ պէտք է մղուին՝ ՆԱԹՕ-ի բոլոր դաշնակիցներուն բաց ձեւով՝ ներառեալ անոնք, որոնք ԵՄ-ի անդամ չեն։ Անգարա համոզուած է, թէ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս դաշնակիցներու միջեւ բոլոր խոչընդոտները պէտք է վերացուին։
Պրիւքսէլի երկկողմանի հանդիպումներու շրջանակներէն ներս Ֆիտան մէկտեղուեցաւ՝ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվետ Քուփըրի, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսի եւ այլ բազմաթիւ պաշտօնակիցներուն հետ։ Սեւ ծովու եզերակից երկիրներու պաշտօնակիցներու հետ զրուցելու ժամանակ Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, թէ վերջին իրադարձութիւնները ի յայտ բերած են՝ Թուրքիոյ քաղաքականութեան արդարութիւնը։
Նախարար Ֆիտան Պրիւքսէլի մէջ զրուցեց նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։ Անդրադառնալով Սեւ ծովու մէջ նաւերու վրայ գործուած վերջին յարձակումներուն՝ Ֆիտան նշեց, որ ի սկզբանէ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած զգուշացումներու արդար ու տեղին ըլլալը կը վերահաստատուի։ «Որովհետեւ պատերազմի աշխարհագրութիւնն ու օգտագործուած միջոցները կ՚ընդլայնուին։ Սա սարսափելի բան մըն է», ըսաւ Հաքան Ֆիտան՝ շեշտելով, թէ արծարծուած են այս բոլորի դէմ հաւանական նախազգուշական միջոցները եւ համակարգման խնդիրները։