ԴԷՊԻ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի բացումը ունի առանձին նշանակութիւն։ Ամերիկակեդրոն Bloomberg-ի հաղորդումներով, սահմանը կրնայ բացուիլ յառաջիկայ վեց ամսուան ընթացքին։ Թրքական կողմը այժմ կը դիտարկէ այս հեռանկարը, ինչ որ Հարաւային Կովկասի հաւասարակշռութիւնները կրնայ փոփոխութեան ենթարկել։ Եթէ սահմանը բացուի, ապա տարածաշրջանէ ներս Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կրնայ բարձրանալ՝ մասնաւորապէս ուժանիւթի եւ առեւտուրի բնագաւառներէ ներս, տարանցման պարագաներով հանդերձ։

Bloomberg յիշեցուցած է, որ սա Պաղ պատերազմի շրջանէն մնացած, Եւրոպայէ ներս միակ փակ սահմանն է։ Ամերիկեան լրատուամիջոցը կը շեշտէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի պաշտօնականացումը պիտի նպաստէ կայունութեան այնպիսի տարածաշրջանէ մը ներս, ուրկէ Կասպից ծովու եւ Միջին Ասիոյ քարիւղն ու բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։ Այդ խաչմերուկին վրայ կայունութեան ամրապնդումը, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ դիրքը պիտի ամրապնդէ՝ որպէս տարածաշրջանային տարանցման կեդրոն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025