ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ» ԾՐԱԳՐԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Լուսաւորիչ երգչախումբը մօտ օրէն պիտի մեկնի Փարիզ, ուր պիտի մասնակցի «Պոլսահայ շաբաթավերջ» անուան ներքեւ կազմակերպուած մշակութային նախաձեռնութեան։ Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի հրաւէրով տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին երգչախումբը նոյն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի երգեցողութիւն ալ պիտի կատարէ։ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ սաներուն մասնակցութեամբ նախատեսուած է համերգ մը եւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Ծրագիրը կեանքի կը կոչուի՝ հովանաւորութեամբ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեանի։
Հարկ է նշել, որ Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ պիտի միանայ ուղեւորութեան։
Երգչախումբի պատասխանատուները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ Լուսաւորիչ մանկապատանեկան երգչախումբն ալ կը շարունակէ իր աշխատանքը եւ ներկայիս Ամանորի համերգի մը պատրաստութեան մէջ է։