ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՈՒՌԸ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԲՌՆԻ ՁԵՒՈՎ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՊՕՐԻՆԻ «ՊԱՏԱՐԱԳ»Ի
Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած տագնապը կ՚ահագնանայ՝ ամենասուր դրսեւորումներով։ Այս շաբաթավերջին ողբերգական իրադարձութիւնները շարունակուեցան եւ յաչս բոլորին քիչ մը աւելի յստակացաւ, թէ իշխանութիւնները զուտ քաղաքական նպատակներով կը հալածեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ կը թիրախաւորեն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Այլեւս որեւէ տարակուսանք չկայ, որ Վեհափառ Հայրապետին դէմ սանձազերծուած արշաւը կը մերկացնէ Հայաստանի իշխանութիւններու տկարութիւնը, խոցելիութիւնը եւ յաջորդ տարուայ ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ իշխանութեան գլուխ մնալու ուղղեալ կասկածները։
Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին վերադարձաւ դէպի Եւրոպա կարճատեւ ուղեւորութենէ։ Եթէ Մարսէյլի մէջ տխրահռչակ խումբ մը բողոքի ցոյցեր կատարած էր Նորին Սրբութեան դէմ, ապա Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով եւ զօրակցութեան վանկարկումներով։
Երէկ, 1988 թուականի մեծ երկրաշարժի տարելիցի օրն էր։ Թէեւ բոլորին ուշադրութիւնը Կիւմրիի վրայ կեդրոնացած էր, սակայն, այդ համատարած ցաւուն նկատմամբ յարգանքը բաւարար չեղաւ իշխանութիւնները զերծ պահելէ՝ իրենց եկեղեցահալած քայլերէն եւ պառակտիչ ընթացքէն։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ս. Պատարագի պիտի մասնակցէր Կիւմրիի Եօթվէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Շիրակի թեմի հոգեւորականները շաբաթ երեկոյեան եկեղեցւոյ դռները փակած ու կնքած էին՝ միահամուռ մերժելով Ս. Պատարագի ընթացքին, յիշատակութեան պահուն Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուան զեղչումը։ Երէկ առաւօտ, անվտանգութեան ուժերը բռնի ձեւով եկեղեցւոյ դուռը բացին՝ հոգեւոր հայրերու կողմէ դրուած կնիքը քանդելով։ Վարչապետ Փաշինեան պետական աւագանիէ այլ դէմքերու հետ մուտք գործեց եկեղեցի՝ ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Այդ ապօրինի «պատարագ»ը մատոյց Արմաւիրի թեմէն տարուած քահանայ մը։ Ներկայ էին նաեւ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան եւ մօտաւոր անցեալին կառավարութիւն այցելած եպիսկոպոսներէն ոմանք։ Արարողութեան ընթացքին կարգ մը հաւատացեալներ վանկարկեցին Վեհափառ Հայրապետին անունը։ Անոնք բռնի ձեւով եկեղեցիէն դուրս հանուեցան՝ անվտանգութեան ուժերու կողմէ։ Այդ ձեւական արարողութենէն վերջ Փաշինեան եկեղեցիէն դուրս եկաւ՝ քաղաքացիներու վանկարկումներուն ներքեւ, թէ «Արցախը Հայաստան է» կամ «Նիկոլ ճան, ցաւդ տանիմ»։ Վարչապետը այս փուլին անպատասխան թողուց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հարցումները։
Նոյնպէս երէկ, Կիւմրիի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ պարզուած էր մեծադիր պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն»։ Պաստառին վրայ կ՚երեւէին բանտարկուած երկու սրբազաններու՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի դիմանկարները։ Ոստիկանութիւնը այդ պաստառն ալ վար առաւ քաղաքապետարանի շէնքի ճակտէն։ Նոյն ժամերուն, Շիրակի թեմի հոգեւորականաց դասը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը իրականացուց Կիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Ներկայ պայմաններով արդէն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամներէն չորսը բանտի ճաղերու ետին է։ Անցեալ շաբաթավերջին կալանաւորուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Եւրոպայէ վերադարձին յայտարարեց, որ Արշակ սրբազան ձերբակալուած է անհիմն ու շինծու մեղադրանքով։ Ան աւելցուց, որ պատուիրեալ արդարադատութեամբ արձակուած է այդ վճիռը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ բանտարկուած սրբազանները աննկուն են իրենց ոգիով։
Ներկայ շաբթուան ընթացքին նախատեսուած էր եպիսկոպոսաց ժողով, սակայն, երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրներուն կողմէ պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, որ հաւաքը ժամանակաւորապէս յետաձգուած է։ Այս քայլը առնուած է եպիսկոպոսներու խնդրանքով՝ եկեղեցականներու դէմ բռնաճնշումներու պատճառով։