ԹՈՅԼ ՏԱԼ, ՈՐ ՀԻՆ ՎԻՇՏԵՐԸ ՉՔԱՆԱՆ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ)
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբգրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ տարուան ընթացքին ամէն ամիս ներկայացուց տուեալ ամսուայ համար հոգեւորականի պատրաստած խորհրդածութիւններէն փունջ մը եւ ահաւասի՛կ վերջին՝ դեկտեմբեր ամսուան խորհրդածութիւններով կ՚եզրափակենք «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» գիրքը՝ յուսալով, որ անոր մէջ ընդգրկուած խոհերը ուղեկից եղան ողջ տարուան ընթացքին։ Այդ խոհերը մարդը ներսէն բուժելու, հոգին աստիճանաբար լուսաւորելու եւ ամենէն մռայլ յիշատակներուն մէջ անգամ Աստուծոյ շունչը զգացնելու ճիգ մըն են։ Այս էջերով կը փակուի տարուան ճանապարհը, բայց կը բացուի ուրիշ ճամբայ մը՝ ներսի լռութեան, ներողամտութեան եւ Աստուծոյ ներկայութեան բերած լոյսով։
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԼՐՈՒՄԸ
Յիսուս ժամանակներու լրումին աշխարհ եկաւ: Ան ժամանակներու լրումին (աշխարհի վախճանին) վերստին պիտի գայ: Հոն, ուր Յիսուսը ներկայ է, այնտեղ ժամանակը իր լրումին կը հասնի:
Յաճախ մենք մեր ժամանակին ունայնութեան փորձառութիւնը ապրած ենք ու կ՚ապրինք: Մեծ յոյսով կը սպասենք, որ վաղը, յառաջիկայ շաբաթ, յաջորդ ամիս կամ եկող տարի լաւ բաներ պիտի պատահին: Բայց երբեմն ալ իրապէ՛ս ժամանակի լիութիւնը կ՚ապրինք, եւ այն ատեն կարծէք ժամանակը կանգ կ՚առնէ. այդ պահուն է, որ անցեալը, ներկան ու ապագան մէկի կը վերածուին:
Ամէն ինչ ներկայ է հոն, Աստուած, մենք եւ ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունին ի մի են եկած ամբողջական միութեան մը մէջ: Ասիկա Աստուծոյ ժամանակին փորձառութիւնն է: «Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, [այսինքն՝ ժամանակներու լրումին], Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ» (Գղ 4.4), եւ ժամանակներու լրումին, Աստուած «Քրիստոսով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ» (Եփ 1.10): Ժամանակներու լրումին է, որ մենք Աստուծոյ պիտի հանդիպինք:
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Կեանքի զանազան հանգրուաններուն մենք կատարեալ միութեան փորձառութիւն մը կ՚ապրինք՝ թէ՛ մեր ներաշխարհին մէջ եւ թէ մեր շրջապատին հետ: Ասիկա կրնայ պատահիլ, երբ կանգնած ենք լերան մը գագաթը եւ յանկարծ կը գրաւուինք մեր դիմաց պարզուող գեղեցիկ տեսարանով: Այս կրնայ պատահիլ, երբ ականատես կ՚ըլլանք մանկան մը ծնունդին եւ կամ ալ մտերիմ բարեկամի մը մահուան: Ինչպէս նաեւ կրնայ պատահիլ, երբ շատ մտերմիկ խօսակցութեան մը մէջ ենք եւ կամ ալ հաւաքաբար ընտանեկան ճաշասեղանի մը շուրջ բոլորուած ենք: Կրնայ նաեւ պատահիլ եկեղեցւոյ մէջ՝ պատարագի ընթացքին եւ կամ լուռ սենեակի մը մէջ, աղօթքի պահուն: Ինչ պայմաններու տակ ալ պատահի այդ փորձառութիւնը, մենք ներքին գոհունակութիւնը կը զգանք եւ հետեւեալը կ՚ըսենք մենք մեզի. «Ա՛յս է գերագոյն ապրումը… Ամէն ինչ հրաշալիօրէն ներդաշնակ է ու համաձայն... ինչ բանի որ յուսացի, ահաւասիկ հոս է»։
Ա՛յս այն փորձառութիւնն է, որ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները Թաբոր լերան վրայ ունեցան, երբ տեսան, թէ ինչպէս Յիսուսի դէմքը այլակերպեցաւ եւ անոր հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ եղան (տե՛ս Ղկ 9.28-36)։ Ասիկա ժամանակներու լրման փորձառութիւնն է: Նման պատահարներ մեզի կ՚ընծայուին, որպէսզի յիշենք զանոնք այնպիսի պահերու, երբ մեզի կը թուի, որ Աստուած մեզմէ հեռու է եւ մեր աչքին ամէն բան ունայն եւ անիմաստ կը թուի ըլլալ: Փորձառական այս պահերը, ճշմարիտ շնորհքի պահեր են:
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼ
Ժամանակներու լրման փորձառութիւնը, որուն ընթացքին Աստուած այնքան ներկայ կ՚ըլլայ, այնքան իրական եւ շօշափելիօրէն մօտ, որ դժուար կ՚ըլլայ մեզի հաւատալ, թէ ամէնքը զԱստուած չեն կրնար տեսնել, ինչպէս մենք կը տեսնենք: Ատիկա մեզի տրուած է խորացնելու համար մեր աղօթքի կեանքը եւ զօրացնելու համար մեր ծառայական կեանքը: Երբ ժամանակներու լրումին մէջ կը զգանք ու կ՚ապրինք Աստուծոյ ներկայութիւնը, մենք ներքնապէս առ յաւէտ անոր հետ ըլլալու փափաքը կ՚ունենանք եւ կը տարուինք ուրիշներուն ալ վկայելու անոր մասին՝ որուն փորձառութիւնը ապրեցանք:
Պետրոս Յիսուսի մահէն տարիներ ետք, Թաբոր լերան վրայ իր ունեցած փորձառութիւնը կը յիշէ՝ իբր հիմքը իր վկայութեան: Ան կ՚ըսէ. «Երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեան եւ անոր երկրորդ գալստեան մասին խօսեցանք ձեզի, շինծու առասպել մը չէր որ ներկայացուցինք, քանի որ անձամբ ականատես եղանք անոր մեծութեան... Որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք Սուրբ լերան վրայ» (Բ. Պտ 1.16-18): Տեսնել զԱստուած մեր կեանքի ամենամտերիմ պահերուն մէջ, կը նշանակէ տեսնել զԱստուած ուրիշներուն համար:
ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ոմանք կ՚ըսեն. «Ես երբեք ժամանակներու լրման փորձառութիւնը չեմ ունեցած: Ես շատ հասարակ մարդ մըն եմ եղած, եւ բնաւ խորհրդապաշտ մը չեմ եղած»։ Ասով հանդերձ, շատեր Աստուծոյ ներկայութեան փորձառութիւը կ՚ապրին: Այս իմաստով, անոնք ամբողջ աշխարհին կրնան յայտարարել Աստուծոյ ներկայութեան ճշմարտութիւնը: Մենք բոլորս ալ, ուսեալ ըլլանք թէ՝ անուս, հարուստ՝ թէ աղքատ, համբաւաւոր կամ՝ աննշան, կրնանք ժամանակներու լրումին զԱստուած տեսնելու շնորհքը ստանալ: Այս խորհրդաւոր փորձառութիւնը վերապահուած չէ՛ միայն կարգ մը բացառիկ մարդոց: Աստուած կ՚ուզէ բոլոր իր զաւակներուն ընծայել այս շնորհքը:
Բայց մենք պէտք է ցանկանք ունենալ այդ պարգեւը: Մենք պէտք է ուշադի՛ր ըլլանք եւ ներքնապէս պատրաստ։ Ոմանց պարագային, ժամանակներու լրման փորձառութիւնը կրնայ հրաշալի կերպով պատահիլ, ինչպէս պատահեցաւ Պօղոս առաքեալին, երբ գետին ինկաւ իր Դամասկոս ճանապարհորդութեան ընթացքին (տե՛ս Գրծ 9.3-4): Բայց մեզմէ շատերուս պարագային, ատիկա կրնայ պատահիլ փսփսուքի մը նման եւ կամ՝ մեղմ զեփիւռի մը ընդմէջէն, որ կը հպի մեր ուսերուն (տե՛ս Գ.Թգ 19.13): Աստուած մեզ բոլորս կը սիրէ եւ մեծապէս կը փափաքի, որ մենք իմանանք եւ անձամբ ապրինք այդ փորձառութիւնը:
ԽԱՒԱՐԻՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ
Մենք կ՚անցնինք «մահաստուեր ձորերէ» (Սղ 23.4), եւ բանէ մը չենք վախնար, որովհետեւ Աստուած մեր հետն է. Աստուծոյ ցուպն ու գաւազանը այնտեղ են պաշտպանելու համար մեզ (Սղ 23.4): Ասիկա մեզի համար պարզ մխիթարական զգացում մը չէ, այլ սրտով ապրուած փորձառութիւն մը, որուն կրնանք վստահիլ: Մեր կեանքը լեցուն է տառապանքներով, ցաւերով, հիասթափութիւններով, կորուստներով եւ կսկիծով: Բայց մեր կեանքը նաեւ լեցուն է Մարդու Որդիին գալստեան նշաններովն ու տեսիլքներովը, «Ինչպէս կայծակը երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք» (Մտ 24.27)։
Այն պահերը, որոնց ընթացքին մենք յստակօրէն կը տեսնենք, կը լսենք ու խորապէս կը զգանք, թէ մեր երկրաւոր ուղեւորութեան ընթացքին Աստուած մեր կողքին է, մենք խաւարին մէջ կը ճառագայթենք իբրեւ լոյս: Յիսուս կ՚ըսէ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը: Ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 5.14-16):
ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՏԸ
Յիսուս «խոցելի» մանուկն է, խոնարհ քարոզիչը, արհամարհուածը, մերժուածն խաչեցեալ Քրիստոսը: Բայց Յիսուս նաեւ՝ «Տեսանելի պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ, Հօր Որդին, ծնած համայն ստեղծուածներէն առաջ... Գոյութիւնն իր՝ ամէն բանէ առաջ է, եւ ամէն բան իրմով է որ գոյացաւ» (Կղ 1.15,17): Յիսուս Թագաւորն է: Ան, թէեւ խաչին վրայ նախատուեցաւ, սակայն՝ իր գահին վրայ նստած կը թագաւորէ՝ երկնային Երուսաղէմին մէջ: Յիսուս աւանակին վրայ նստած Երուսաղէմ գացող Տէրն է, ինչպէս նաեւ՝ Ալֆան ու Օմէկան (Առաջինն ու Վերջինը), Սկիզբն ու Վախճանը: Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր Տէրը անիծուած էր աշխարհէն, բայց ան Աստուծոյ օրհնեալն էր։
Թող մեր աչքերը միշտ Յիսուսի նային, որովհետեւ իր խաչուած եւ փառաւորուած սրտին մէջ է, որ մենք մեր անձերը պիտի տեսնենք իբրեւ կոչեցեալներ, որպէսզի բաժնեկից դառնանք թէ՛ իր տառապանքներուն եւ թէ իր փառքին:
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԱՌՉԻԼ
Կեանքը անգուշակելի է: Այսօր ուրախ կրնանք ըլլալ, իսկ վաղը՝ տխուր: Օր մը առողջ, իսկ ուրիշ օր մը՝ հիւանդ: Օր մը կրնանք հարուստ ըլլալ, իսկ ուրիշ օր մը՝ աղքատ, օր մը ողջ, իսկ ուրիշ օր մը՝ մեռած: Ուստի, ո՞վ է ան, որուն կրնանք վստահիլ: Ո՞վ է ան, որուն հետ ապահով կրնանք ըլլալ: Եւ ո՞վ է ան, որուն ամէն ժամանակ կրնանք ապաւինիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսը:
Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրն է, մեր հովիւը, մեր վէմը, մեր պարիսպը, մեր ապաստանը, մեր եղբայրը, մեր առաջնորդն ու ընկերը: Ան Աստուծմէ եկաւ, որպէսզի մեզի հետ ըլլայ: Ան մեր սիրոյն համար մահը յանձն առաւ եւ մեռելներէն յարութիւն առաւ, որպէսզի մեր առջեւ բանայ դէպի Աստուած առաջնորդող դուռը: Ան Հօրը աջ կողմը նստաւ, որպէսզի մեզ իր բնակարանը ընդունի:
Պօղոս առաքեալի հետ մենք ալ համոզուած պէտք է ըսենք, որ «Ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 8.38-39):
ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Իբրեւ երկնաւոր Հօր զաւակներ եւ Յիսուսի քոյրեր ու եղբայրներ, ներկայ աշխարհին մէջ, ի՞նչ է մեր պարտականութիւնը: Մեր աշխատանքը հաշտութեան առաքելութիւն է: Ամէն տեղ, մարդոց ու ընտանիքներու, ընկերութիւններու, երկիրներու եւ ցամաքամասերու միջեւ բաժանումներ կը տեսնենք: Այս բոլորը արդիւնքն են Աստուծմէ հեռանալու եւ անջատուելու ցաւալի վիճակին:
Ճշմարտութիւն է, որ բոլոր մարդիկ, իբրեւ նոյն եւ մէկ ընտանիքի անդամներ, միասնաբար Աստուծոյ կը պատկանին: Սակայն, այդ ճշմարտութիւնը հազիւ տեսանելի է: Ուստի, մեր սրբազան պարտականութիւնն է, ամէնօրեայ կեանքի իրականութեան մէջ արտայայտել այդ ճշմարտութիւնը: Ինչո՞ւ ասիկա մեր պարտականութիւնն է: Որովհետեւ Աստուած, իր Միածին Որդին՝ Յիսուսը աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մեզ Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ: Իր կարգին, Յիսուս մեզի յանձնեց հաշտութեան այդ պատգամը ուրիշներուն փոխանցելու պարտականութիւնը։
Հետեւաբար, իբրեւ Յիսուսի միջոցաւ Աստուծոյ հետ հաշտուած մարդիկ, մեզի վստահուած է հաշտութեան այդ առաքելութիւնը (տե՛ս Բ.Կր 5.18): Ուստի, իւրաքանչիւրս մեր անձերուն հետեւեալ հարցումը պէտք է ուղղենք. «Արդեօք մեր արարքները մարդոց միջեւ հաշտութիւն կը յառաջացնե՞ն»։
ՀՌՉԱԿԵԼ ՄԵՐ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէ՞ս կրնանք հաշտութեան համար աշխատանք տանիլ: Ամենակարեւոր քայլը, գիտակցիլն է, որ Աստուած, Քրիստոսի միջոցաւ, մեզ իր հետ հաշտեցուց: Բաւարար չէ այս սկզբունքը միայն մտքով հասկնալն ու ըմբռնելը, այլ առիթ պէտք է ընծայենք, որ Աստուծոյ հետ հաշտուած ըլլալու գիտակցութիւնը ներթափանցէ մեր էութեան խորքը: Այնքան ատեն, որ կատարելապէս չենք համոզուած, թէ մենք հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ, մեր մեղքերը ներուած են եւ ստացած ենք նո՛ր սիրտ, նո՛ր հոգի, տեսնելու նոր աչքեր եւ լսելու նոր ականջներ, մենք պարզապէս պիտի շարունակենք մարդոց միջեւ բաժանումներ յառաջացնել: Երբ կատարելապէս չենք համոզուած, որ մենք հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ, պէտք չէ նաեւ ակնկալենք, որ մարդիկ հաշտութիւն հաստատեն:
Երբ կատարելապէս վստահ կ՚ըլլանք, որ Աստուծոյ կը պատկանինք եւ Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութեան ճամբով կրնանք նաեւ գտնել մեր մտքին, սրտին ու հոգիին համար անհրաժեշտ ամէն բան, կրնանք նաեւ անկաշկանդ ըլլալ այս աշխարհէն ներս եւ դառնալ հաշտութեան առաքեալներ: Հաշտութեան առաքեալ դառնալը այնքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ, մենք շուտով կրնանք կասկածիլ մեր անձերուն եւ կարողութիւններուն վրայ:
Հետեւաբար, աշխարհէն ներս, մենք յարատեւօրէն կարիքը ունինք Աստուծոյ Ս. Խօսքին, խորհուրդներուն եւ մեր բարեկամներուն կողմէ սիրով կատարուած այն յիշեցումին, թէ մենք Քրիստոսով իրապէս հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ:
ԱՆԴԱՏՈՂԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Երբ վստահութեամբ ընդունինք, որ Քրիստոսով մենք հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ, այն ատեն կրնանք նաեւ ուրիշներուն համար ըլլալ հաշտութեան դեսպան: Հաշտութիւն հաստատելու համար, անհրաժեշտ է չդատել: Մենք, ուրիշը դատելու կամ դատապարտելու համար աշխարհ չենք ղրկուած: Երբ հարկադրաբար մեր շուրջ գտնուողներուն համար կարծիք կը յայտնենք, նկատի ունենանք, որ անոնց սխալները, թերութիւնները մատնանշելը եւ անոնց ապրելակերպի փոփոխութեան համար շեշտակի թելադրութիւններ կատարելը, յաւելեալ բաժանումներու դուռ կրնան բանալ: Յիսուս յստակօրէն մեզի կ՚ըսէ. «Գթասիրտ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է։ Մի՛ դատէք,... Մի՛ դատապարտէք,... այլ՝ ներեցէք» (Ղկ 6.36-37)։
Կ՚ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր ուրիշներուն մասին կարծիք յայտնելը ահրաժեշտութեան վերածուած է եւ գրեթէ անկարելի է նման միջավայրի մը մէջ առանց տեսակէտի մնալը: Բայց, բոլոր անոնք, որոնք կը ձգտին հաշտութիւն հաստատել, դիւրութեամբ կրնան ըմբռնել հոգեւոր կեանքին վերաբերող այս գեղեցիկ թելադրութիւնը:
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊԱՀՈՎ ՎԱՅՐ ԸԼԼԱԼ
Երբ հեռու կը մնանք ուրիշը դատելու եւ դատապարտելու փորձութենէն, կրնանք նաեւ դիւրութեամբ ուրիշներուն համար ըլլալ հանդիպման ապահով այն միջավայրը, ուր կրնայ քանդուիլ եղբայրը եղբօրմէն բաժնող ամէն տեսակի թշնամութեան պատնէշ:
Մենք, որ խորապէս արմատացած ենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ, ուրիշ բան չենք կրնար ընել, բացի ուրիշները հրաւիրելէ, որպէսզի զիրար սիրեն: Երբ մարդիկ տեսնեն, որ մենք չունինք մեր ներաշխարհին մէջ ծածուկ յուշեր, թաքուն ու չհրապարակուած մտածումներ ու միտումներ եւ անդրադառնան, որ մենք չենք հետապնդեր սեփական շահ, այլ կը ցանկանք խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն հաստատել, այն ատեն, անոնք դիւրութեամբ կրնան գտնել բաւարար քաջութիւն եւ մէկդի դնելով ատելութեան զէնքերը, մեզի գալ, որպէսզի հաշտութիւն գտնեն իրենց հակառակորդներուն հետ:
Առհասարակ, առանց մեր ծրագրումին եւ երբեմն ալ՝ անգիտակցաբար կը պատահի այս մէկը, որովհետեւ, մեր պարզ, անկեղծ եւ անդատողական անձը կրնայ ստեղծել այդ կարելիութիւնը։
ԱՆՎԵՐՋ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հաշտութիւն կոչուած իրականութիւնը շատ աւելին կ՚ենթադրէ, քան վէճ մը լուծելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար ի գործ դրուած որեւէ ճիգ: Հաշտութիւնը այն առաքելութիւնն է, որ խնդիրներ լուծելէն, միջնորդութիւններ կատարելէն եւ խաղաղութեան համաձայնութիւններ կնքելէն շատ աւելի անդին կ՚անցնի եւ կեանքէն ներս չկայ պահ մը, որուն ընթացքին մենք հաշտութեան կարիքը չունենանք։
Երբ քաջութիւնը ունենանք ներհայեցողական ակնարկ մը նետելու այն բիւրաւոր թշնամական զգացումներուն եւ մտածումներուն վրայ, որոնք բոյն դրած են մեր սրտին ու մտքին մէջ, անմիջապէս պիտի նշմարենք այն բազմաթիւ մեծ թէ փոքր վէճերը, անհամաձայնութիւնները, կռիւներն ու սրտնեղութիւնները, որոնց մասնակցութիւն բերած ենք: Մեզի համար «թշնամի» կրնայ եղած ըլլալ մեր ծնողքը, փոքրիկ մը, բարեկամ մը, դրացի մը, բոլորովին տարբեր կենցաղ ունեցող անձ մը, եւ կամ՝ մարդիկ, որոնք մտածումով, խօսքով կամ գործով մեր հակապատկերն են: Բոլորն ալ կրնան մեր կողմէ թշնամի համարուիլ եւ այս իսկ պատճառով, հաշտութիւն հաստատելը անհրաժեշտ կարիք մը կը դառնայ մեզի համար, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մեր հոգիի ամենախորունկ ծալքերուն:
Հաշտութիւնը, Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած է իբրեւ առաքելութիւն մը, որ վախճան չունի:
ԹՈՅԼ ՏԱԼ, ՈՐ ՀԻՆ ՎԻՇՏԵՐԸ ՉՔԱՆԱՆ
Հին վիշտեր մոռնալը, կեանքի ամենադժուար հարցերէն մէկն է։ Յաճախ կ՚արտայայտուինք ըսելով. «Այն, ինչ որ ըրիր ինծի, ընտանիքիս, պապերուս կամ բարեկամներուս, բնաւ չեմ կրնար մոռնալ կամ ներել...: Օր մը անպայման փոխարէնը պիտի հատուցանես»։ Երբեմն, մեր ունեցած դառն յիշատակները, որոնք կը շարունակեն վրէժխնդրութիւն հրահրել, այնքան հին են, որքան տասնամեակներն ու նոյնիսկ դարերը:
Մարդոց ներկայութեան ուրիշներուն յանցանքը պարզելը, անքակտելի պատնէշ մը կը ստեղծէ մեր եւ ուրիշներուն միջեւ:
Լսեցէք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ։ Եւ այս նորոգութիւնը կու գայ Աստուծմէ» (Բ.Կր 5.17-18):
Այո՛, մենք չենք կրնար դիւրութեամբ մոռնալ հին վիշտերը, բայց Աստուած կրնայ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած ինքն էր որ Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհը հաշտեցուց իրեն հետ, անյիշաչար գտնուելով մարդոց մեղքերուն հանդէպ» (Բ.Կր 5.19): Այո՛, ասիկա Աստուծոյ գործն է, բայց մենք Աստուծոյ գործակիցներն ենք, որովհետեւ ան որ ամբողջ աշխարհը իրեն հետ հաշտեցուց, մեզի վստահեցաւ այդ «հաշտութեան պատգամը» (Բ.Կր 5.19):
Այս պատգամը մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ անունով մոռնալու հին վիշտերը եւ ներկայիս, մեր աշխարհը, առաւելաբար կարիքը ունի լսելու այս պատգամը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան