ՈՂԲԱՄ ԶՔԵԶ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒ
Պետական մակարդակի վրայ լեզուի աղաւաղումը տեսնելու համար բաւարար է աչքէ անցընել Հայաստանի Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ ինչքան ալ անաղարտ հայերէնով գրած ըլլան՝ դարձեալ յաջողած են օտար բառեր գործածել. օրինակի համար, Ազգային Սահմանադրութեան մէջ կը կարդանք.-
«Խտրականութիւնը, կախուած սեռից, ռասայից, մաշկի գոյնից, էթնիկ կամ սոցիալական ծագումից, գենետիկական». հայերէնի մէջ ռասայ/ռասայական բառ գոյութիւն չունի. ան անգլերէն «race» բառն է, որուն հայերէն հոմանիշն է տոհմը, ցեղը, սերունդը եւ այլն: Նոյնպէս հայերէնի մէջ գոյութիւն չունի «գենետիկական» բառ. այս օտար բառին հոմանիշ ունինք մաքուր ծագումաբանական բառը, որ նոյն իմաստը կ՚արտայայտէ շատ աւելի յստակ ու անաղարտ հայերէնով: Սահմանադրութեան մէջ բազմաթիւ անգամ գործածուած է «ակտ» բառը, որ նոյնինքն անգլերէն «act» բառն է. անոր որպէս հոմանիշ հայերէն լեզուն ունի «որոշում», «հրամանագիր» բառերը:
Անցնինք հայ մամուլին եւ ազգային գործիչներուն
Ե.- Տակաւին մի քանի օրեր առաջ Ազգային ժողովին մէջ Գառնիկ Դանիէլեան հանդէս գալով ունեցաւ նման արտայայտութիւն մը. «ՔՊ-ականը կռիշ ունի՝ տենդերներ է շահում»։ Ընդամէնը հինգ-վեց բառի մէջ մարդ ինչպէ՞ս կը յաջողի երկուքէն երեք բառ հայերէնի սխալ ընել՝ տարօրինակ է. «կռիշ»ը նոյնինքն հայերէն տանիք բառն է. Հայաստանի մէջ շատ քիչ մարդ կայ, որ տանիք կը բարձրանայ. բոլորը կռիշ կը բարձրանան: Օգտագործուած «տենդեր» բառը նոյնինքն անգլերէն «tender» բառն է, որուն հայերէն հոմանիշն է պարգեւ, վճարամիջոց կամ գումար:
Զ.- Տարիներ առաջ Հայաստանի վարչապետը որոշեց պետական օդանաւի տեսքին վրայ փոփոխութիւններ կատարել. այդ ընթացքին հայկական մամուլի մէջ տարածում գտաւ Վարչապետի ճամբորդական (ո՛չ ավիացիայի) հարցերով նախկին խորհրդական Յակոբ Ճաղարեանի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Օդանաւը գազի տրուբա չէ». եթէ տրուբա բառին հայերէնը գոյութիւն չունենար այս մէկը սիրով կ՚ընդունէինք, սակայն ի՞նչ պակաս իմաստ ու քաշողականութիւն ունի «խողովակ» բառը:
Է.- Հայկական մամուլի մէջ (գրեթէ արեւելահայերէն բոլոր մամուլներուն մէջ) կը հանդիպինք «մալադեց» բառին. նոյնիսկ վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթներուն կամ այցելութիւններուն ընթացքին այդ մէկը կը գործածէ։ Վստահ եմ թէ՛ պետական գործիչներուն եւ թէ հայկական մամուլին համար օտար ու անծանօթ բառ մը չէ «կեցցե՛ս» բառը, որ հազար տոկոսով նոյն իմաստն ու ուժգնութիւնը ունի՝ ինչքան «մալադեց»ը, որ իրականութեան մէջ ականջի ալ այդքան անուշ չի հնչեր:
Ը.- Երկու օր առաջ Ազգային ժողովի ամպիոնէն հնչեց պարզ այս նախադասութիւնը՝ նոյնինքն երկիրի առաջին դէմքէն. «Այո՛, Հայաստանում կա աղքատութեան պրոբլեմ»։ Աստուծոյ սիրոյն «խնդիր» բառը հայերէնի մէջ դժուա՞ր բառ է. «Հայաստանի մէջ կայ աղքատութեան խնդիր» ըսելը անոր իմաստէն կամ կառուցուածքէն բա՞ն մը պակսեցուցած պիտի ըլլայ:
Այս բոլորին մասին կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այս մէկը որպէս հիմք իր մէջ ունի անտարբերութիւնը. «սովորութիւն» է ըսել անցնիլը լուծում մը չէ. հայ մամուլն ու հայ պետական գործիչը իրաւունքը չունի անտարբեր ըլլալու. ժողովուրդը յաճախ անտարբեր կ՚ըլլայ, սակայն, անոնք անտարբերութեան մէջ գտնուելու իրաւունք չունին. մայր լեզուն կորուստէ փրկելու միակ յոյսը մամուլն ու պետութիւնն է. եթէ անոնք ալ անտարբերութեամբ լեզուն աղաւաղելու գործին միջամուխ պիտի ըլլան, ապա վստահ կրնանք ըլլալ, որ հայ լեզուի վախճանը այնքան ալ հեռու չէ:
Կը հաւատանք, որ գոյութիւն չունի բառը մը՝ որուն հոմանիշը հայերէնը չունենայ. աւելին՝ կը հաւատանք, որ հայերէնի մէջ կան բառեր, որ գուցէ օտարները հոմանիշ չունենան եւ այդ բառերէն լաւագոյն օրինակն է «էմք» բառը, որու հոմանիշին ո՛չ հայերէնի, ո՛չ արաբերէնի, ո՛չ թրքերէնի եւ ո՛չ ալ այլ լեզուներու մէջ հանդիպած ենք:
Պարզապէս հայերէն լեզուի հարստութիւնը ցոյց տալու համար ընտրենք «ծակ» բառը. վստահ եղէք հրաշալի՜ լեզու է հայերէնը:
Ա.- Հայերէն լեզուի մէջ գոյութիւն ունի «թորիծ» բառը, որ ականջի օղի ծակին տրուած անունն է:
Բ.- Մորթի վրայ բացուած «ծակ»երուն հայերէն կ՚ըսուի «վտառք» բառը:
Գ.- Քիթի ծակին հայերէն կ՚ըսեն «ռունգ» կամ «քթափող»:
Դ.- Նոյնիսկ մատանին՝ որուն յատուկ բացուածքին մէջ կը զետեղուի քարը ունի իր հայերէն անուանումը. ճանակ:
Այո, ժողովուրդի առօրեայ խօսակցութիւնը այնքան կարելի չէ քննադատել՝ անշուշտ, յուսալով, որ խուսափին օտար բառերէ, սակայն մամուլը՝ պետութենէն իսկ աւելի պարտաւոր է պահապան դառնալ մայրենիին:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ովքե՞ր են լեզուի հիմնական պաշտպանները:
Պատասխան. Լեզուի հիմնական պաշտպանները ուսուցիչները, լրագրողներն ու պետական գործիչներն են, որովհետեւ անոնք պարտաւոր են զգոյշ ըլլալ իրենց խօսքերուն ու գրաւոր արտայայտութիւններուն: Ուսուցիչը ի՛նք կը ձեւաւորէ նոր սերունդի լեզուական հմտութիւնը, լրագրողները կ՚ազդեն հասարակական խօսակցական եւ գրաւոր միջավայրին, իսկ պետական գործիչները օրինակ կը ծառայեն հանրութեան՝ պահպանելով լեզուական ու մշակութային արժէքները: Այս երեք խումբը ունի կարողութիւնը սերմանելու ճիշդ ու մաքուր լեզուական սովորութիւններ եւ անոնց բծախնդիր վերաբերմունքով է, որ կարելի է լեզուն առողջ պահպանել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան