ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճիի եւ գործակից ընկերներուն հետ, որոնց միացած էին նաեւ դպրոցի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ։
Դպրեվանքցիները Ամանորի ընդառաջ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան եւ հրաւէր ուղղեցին, որպէսզի ան պատուէ վարժարանէն ներս նախատեսուած աւանդական խրախճանքը։ Զրոյցը առիթ հանդիսացաւ շօշափելու համար հաստատութեան օրակարգային նիւթերը։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ Ս. Խաչ դպրեվանքը երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի աւանդն է եւ մեր համայնքէն ներս ունի առանձնայատուկ դիրք մը։ Ան Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։