ՍՈՒՐՈՎ ԿԵՐՏՈՒԱԾ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Իսրայէլի իշխանութիւնները չբաւարարուեցան ոճրագործութեան բնազդով, Քաֆըր Քասէմի մէջ քառասունինն արաբ սպաննելով, արդարացնելով ոճրագործները եւ չդատապարտելով պատասխանատուները, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ դատապարտել սիոնական ամբողջ էութիւնը: Այդքանով չբաւարարուեցաւ, այլ՝ սադիստականութեան եւ կեղծաւորութեան մէջ այնքան խորացաւ, որ նոյնիսկ զոհուածներու ընտանիքներէն սպառնալիքի միջոցով խոստովանութիւն ստացաւ ի նպաստ մահացու զէնքի օրինականութեան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու միջոցներով կոտորածէն անմիջապէս ետք Իսրայէլեան իշխանութիւնը շանտաժի սկսաւ ենթարկել, առ ի աջակցութիւն իշխող կուսակցութեան՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ: Իշխող ոճրագործ կուսակցութիւնը քուէներու մեծամասնութիւնը ստացաւ կոտորածի ենթարկուած գիւղի քուէներէն: Որճրագործութիւնը կրկնակի եղաւ. սպաննեցին զանոնք… ապա ստիպեցին, որ հաւատարմութիւն յայտնեն: Դիակները հարցաքննեցին, որպէսզի ասպատակող ոճրագործներուն ըսեն. այո՛:

Ոճրագործները Քաֆըր Քասէմի մէջ պատահածը ուզեցին ներկայացնել որպէս թէ պատահար մըն է: Արդեօք պատահա՞ր մըն է, թէ՞ սիոնական վերաբերմունքին բնական մէկ յատկանիշն է Պաղեստինի հողին վրայ, ինչպէս նաեւ շարունակական քաղաքականութիւնը արաբ քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք Իսրայէլի իշխանութեան տակ են: Տէյր Եասինի համար ալ ըսին, թէ պատահար մըն է. արդարեւ պատահարը պատահա՞ր կ՚ըլլայ, եթէ տասնեակ անգամներ կրկնուի: Սառնասրտութեամբ սպաննելը եւ զէնքի ուժը իսրայէլեան փիլիսոփայութիւն են եւ իսրայէլեան մտածողութիւնը բազմաթիւ էջեր տրամադրած է, որպէսզի բռնութեան բացարձակ օրինականութիւն տայ, որով Իսրայէլը կարենայ ոտքի պահել ու պահպանել զայն: Կը նկատենք, սակայն, որ սիոնական ազատականներ կը հակառակին բռնութեան որոշ արարքներու, երբ տարբերութիւնը կը կորսուի՝ բռնութեան՝ որու նպատակն է քաղաքական նպատակ մը իրագրոծել, եւ բռնութեան՝ որ ոճրագործութիւն կը գործէ առանց ո՛չ մէկ նպատակի, այլ միայն անասնական վրէժխնդրութեամբ: Այս է, որ կը բացատրէ Ահատ Հըաամի նշանաւոր բարկութիւնը, որովհետեւ ընդդիմութեան ամբողջական կեցուածքը սինոիստական բռնութենէն այն է, որ այդ ըմբռնումը կրողին կը մղէ մերժելու օրինական կանոնը, որու վրայ հիմնուած է սիոնական էութիւնը, որն է զինուած բռնութիւնը: Սակայն, այն ինչ որ կատարուեցաւ Քաֆըր Քասէմի մէջ, կ՚անդրանցնի ըմբռնումները զինուած բռնութեան, որ որոշներու մօտ քաղաքական արդարացում կը գնտէ: Արդարեւ, այնտեղի ոճրագործութիւնը նման չէր Տէյր Եասինի ոճրագործութեան, որու նպատակն էր արաբներուն մէջ ահ ու սարսափ տարածել, որպէսզի մղեն զանոնք հեռանալու իրենց հողերէն, եւ որ քաղաքական նպատակներ իրագործեց՝ ի շահէ ընդլայնուելու եւ իսրայէլացիներուն յաղթանակին: Այնտեղ ոճրագործութիւնը կանխարգելիչ գործողութիւն չէր, պահպանելու համար իսրայէլեան որեւէ մէկ անվտանգային ապահովութիւն, որովհետեւ Քաֆըր Քասէմի գործաւորները, պարտիզպանները, փոքրիկներն ու կիները Իսրայէլի պետութեան անվտանգութեան չէին սպառնացած, ո՛չ ալ արգելք հանդիսացած էին անոր բանակին դէպի Սինա երթալուն: Այստեղ ոճրագործութիւնը ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ առանց ո՛չ մէկ «կարիք»ի կամ «անհրաժեշտութեան», եթէ կարելի է այսպէս ըսել: Ասիկա ոճրագործութիւն մըն է ոճրագործութեան համար: Ասիկա այն ոճրագործութիւններուն նման է, որոնց մղող ուժը սպաննելու բնազնդն ու վրէժխնդրութիւնն է: Այս տեաակի զինուած բռնութեան մասին արտայայտուած է նշանաւոր զինեալ ահաբելիչ՝ Մանաահիմ Պեկըն, երբ գրած է, թէ բռնութեան ձեւերը որոնց դիմած են սիոնականները նախքան 1948 թուականը, միակ գործող տարբերակն է իրականացնելու համար ազգայնական նպատակները Պաղեստինի մէջ, եւ թէ՝ «ան բաւարարեց հրեաներուն մէջ խոր արմատ նետած ու զսպանակուած վրէժխնդրութեան ցանկութիւնը»: Ատիկա 1948-էն առաջ էր, հապա ինչո՞ւ հիմա Քաֆըր Քասէմին մէջ, 1956-ին: Թերեւս գոյութեան փիլիսոփայութիւնը ինչպէս ահաբեկիչ սիոնիստը կը հասկնայ զայն՝ «ես կը կռուիմ, ուրեմն ես կամ, գոյութիւն ունիմ», կարիք ունի մնայուն նմանատիպ գործողութիւններու, նոր փաստի: Տակաւին, թերեւս սիոնիստ իսրայէլացին, որ զսպուած փափաք մը ունի -ինչպէս կ՚ըսէ Պեկըն- կարիք ունի իր գոյութիւնը նորոգելու միակ ձեւով մը՝ պատերազմով, ինչպէս նաեւ այս գոյութիւնը լեցնել շարունակական պատճառներով, արժանի ըլլալու համար առանձին ըլլալու, եւ այդ ձեւը սպաննելը, սպաննելը եւ սպաննելն է: «Եղբայրս եղիր, այլապէս կը սպաննեմ քեզ», այսպէս կ՚աւելցնէ ոճրագործութեան փիլիսոփան: Իսկ արաբը, որ իսրայէլական ստրկութեան մէջ ինկած է, ուրիշ միջոց չունի բացի եղբայրանալէ զինք սպաննողին հետ: Այսպէս, սպանութեան օղակը անաւարտօրէն կը շարունակուի:

Հրեաներու մտածողութեան մէջ զէնքի բռնութեան՝ որ կրօնական ոգեշնչումն ալ կ՚օգտագործէ, արդարացումներուն համար վերջակէտ չկայ, որոնք չեն հաշուըւիր: Այդ պատճառով, Եահուշաահ Պըն Նունը ժամանակակից իսրայէլացի հերոս մը եղաւ, իր ոչ-հրեայ ժողովուրդներուն հանդէպ օգտագործած վայրագութեան կերպերուն համար: Այս վայրագութիւնը, որ պատմական նմանութիւն մը ունի ներկայի սիոնական փորձերուն, որ այսօր քաղաքական որոշում կայացնող Իսրայէլի պատասխանատուները որպէս ներշնչման եւ առաջնորդուելու աղբիւր կը գործածեն, ինչպէս նաեւ նախնիներէն մնացած պատուանդան մը, շարունակելու համար իսրայէլեան հաստատումը Պաղեստինի մէջ, այն հանգամանքէն ելլելով, թէ իւրաքանչիւր ոճրագործութիւն օրինաւոր ու կանոնական կը դառնայ, իրագործելու համար սիոնական նպատակը: Ամփոփ կերպով ըսելով, Եահուշաահ Պըն Նունի ծայրայեղութիւնը այնքան տարաւ կարգ մը իսրայէլացի «խելացիներու», որոնք կոչ ուղղեցին արգիլել դասաւադնել Եահուշաահ Պըն Նունի մասին դպրոցներէն ներս, քանի որ երիտասարդներուն հոգիները կը փճացնէ, զանոնք վերածելով անկարողներ՝ ապրելու խաղաղութեամբ արաբներուն հետ, այն պարագային եթէ հրեաներուն եւ արաբներուն միջեւ յարաբերութիւններու պայմանները փոխուին:

Իսրայէլի զգայնութեան մասին պնդումները այն անիրաւութեան մասին, զոր հրեաներուն կը պատահի աշխարհի որեւէ մէկ վայրի մէջ, անմիջապէս մարդասիրական գործի կամ ծրագրրի կը վերածուի, երբ նոյնը արաբներուն դէմ կը գործադրէ: Տակաւին, ինչ որ վայրագութիւն կը համարուէր, երբ հրեային դէմ կը կիրարկուէր, անմիջապէս հրէական ազգային պարտականութեան կը վերածուի, երբ հրէական «անարատ» զէնքով կը գործադրուի արաբներուն դէմ: Արաբ չէ ըսողը, թէ սիոնականութիւնը «գործ մը ճիշդ կը համարէ՝ եթէ ինք կատարեց զայն, եւ սխալ ու ո՛չ օրինաւոր՝ եթէ ուրիշ մը կատարեց զայն»: Ասիկա ըսողը Մոշէ Սմելանսկին է, որ ըսած է նաեւ, թէ Պաղեստինի մէջ հրէական ազգայնականութիւնը կառուցուած է զինուորական անձնասիրութեան վրայ, որ կը հաւատայ բռնութեան եւ շա՜տ հեռու մարդկութենէն:

Եզրակացութիւնը, ոճրագործութիւնները՝ որոնք Իսրայէլ կը գործէ արաբ քաղաքացի բնիկներուն դէմ եւ որ Քաֆըր Քասէմի կոտորածը կենդանի վկայութիւնն է այդ մասին, ծնունդ չէ «վատ» կիրառութեան սիոնական «լաւ» ժառանգութեան, այլ՝ լաւ կիրառութիւն է սիոնական վատ ժառանգութեան: Այս կէտը, ինք, զօրաւոր ժայռ մը եւ անլուծելի խնդիր մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը պաշտպանեն սիոնականութեան «մաքուր» սկզբունքները եւ կը հակառակին կամ կը բողոքեն իսրայէլեան վատ կիրառութեան՝ այս սկզբունքներուն եւ կամ անոնց համար, որոնք կը հակառակին իսրայէլեան «ոտնձգութիւններուն» սիոնականութեան ուսուցումներուն սրբութեան: Հակառակիլը իսրայէլեան կիրառաութեան պիտի մնայ փորձ մը անկարելին ընելու, եթէ գերի մնաց հաւատարիմ մնալու պաշտպանելու սիոնականութեան գաղափարապաշտութիւնը եւ հարուած մը՝ ինքնախաբէութեան եւ ուրիշները խաբելուն:

Սիոնականութեան ժառանգութեան «զուլալ» ակը ի՛նքն է, որ արդարացուցած է բռնութիւնն ու ոճրագործութիւնը: Ճապոթընսկին ինքն իր հետ անկեղծ էր, երբ Վիեննայի մէջ հրեայ ուսանողներու խորհրդականին ըսաւ. «Կրնաս ամէն ինչ չեղարկես. գլխարկները, գօտիները, գոյները, շատ խմելը եւ երգերը: Սակայն, սուրը կարելի չէ չեղարկել: Պէտք է պահէք սուրը, որովհետեւ սուրով կռուիլը գերմանական ստեղծագործութիւն մը չէ, այլ՝ ան մեր նախնիներուն սեփականութիւնն է: Սուրն ու ալ-Թաուրան երկինքէն մեր վրայ իջեցուած են»: 

Սիոնականութեան ընտրած յանդգնութիւնը մարդկային արժէքներուն եւ քաղաքակրթեալ յանդգնութեան վրայ չէ՛ հիմնուած, ինչպէս կը պնդէ, այլ՝ յանդգնութիւնն է առաջինը ըլլալուն բռնութեան եւ սուրի պատկանելիութեան: Սիոնական միտքի այս յատկութեան մասին պայքարը այնպէս ըրաւ, որ սիոնիստ մտաւորական մը՝ Ժոզէֆ Պերտեշէֆսկի հակառակեցաւ սուրին եւ գիրքի ընկերակցութեան, որով ըսաւ. «Թէ՛ սուրը եւ թէ գիրքը, մէկը միւսին հակառակ են, աւելին՝ զիրար կ՚ոչնչացնեն: Ժամանակաշրջանը զոր կ՚ապրի հրեայ ժողովուդրը, ծանր է: Այսպիսի ժամանակաշրջաններու տղամարդիկն ու ազգերը սուրո՛վ կ՚ապրին եւ ո՛չ թէ գիրքով: Սուրը պարզ եւ սովորական բան մը չէ, որ կեանքէն հեռու է, այլ՝ նիւթական մարմնացումն է կեանքին՝ իր ամենէն մաքուր իմաստներով, իսկ գիրքը այդպէս չէ»:

Ինչպէս որ սիոնական մտածողութեան մէջ աւարտ չենք գտներ ահաբեկչութեան եւ զէնքի բռնութեան արդարացումներուն, որոնցմով ոգեշնչուած ենք քաղաքական դատողութիւններէ եւ կրօնական դրդապատճառներէ, այդպէս ալ իսրայէլեան բռնութեան աւարտ չե՛նք գտներ այս կիրառութեան: Նախնիները բռնութեան կոչ ըրին եւ իսրայէլացի զինուորներն ու սահմանապահ զօրքերը գործադրեցին զայն, պնդողներ եղան թէ՛ իսրայէլեան զէնքը ամենէն մաքուր զէնքն է եւ թէ իսրայէլացի ասպատակողները ամենէն գեղեցիկ ասպատակողներն են: Բոլոր այս ըսուածները բազմաթիւ անգամներ փաստեցին եւ հաստատեցին իրենց «գեղեցկութիւնն ու անարատութիւնը» արաբ բնակիչներուն հետ իրենց վարուելակերպի բոլոր դրսեւորումներով, յատկապէս Քաֆըր Քասէմի գործաւորներուն եւ երեխաներուն հետ: Եւ մէկ ղրուշի տուգանքով վարագոյրը կ՚իջնէ քառասունինն քաղաքացի մորթելուն…:

Իսկ երբ կը փորձէին Քաֆըր Քասէմ մտնել մասնակցելու համար իրենց զոհերու յիշատակութեան, սահմանապահները այնտեղ էին… Ոճրագործները, իրենք, ողբացեալ գիւղը շրջապատած էին եւ կ՚արգիլէին այցելուները ցաւակցելէ: Այդ հերոս ոճրագործները ինչո՞ւ կը վախնան իրենց զոհերու յիշատակէն: Խղճահարութիւնը չէ՛, որ կը մղէ զիրենք այդ յիշատակութիւնը ջնջելէ, այլ՝ ատելութիւնն ու սադիստականութիւնը, ինչպէս նաեւ զգալ անհրաժեշտութիւնը իրենց գոյութիւնը փաստելուն…, գոյութիւն ունին միշտ ոճրագործութեան հետ, կարծէք անոնք կը վերանորոգեն կոտորածը իւրաքանչիւր տարի՝ փորձելով սպաննել յիշատակը: Սակայն մենք գիտենք ինչպէս ոգեկոչենք կոտորածի զոհերուն յիշատակը… Եւ արաբ ժողովուրդը Պաղեստինի մէջ գիտցաւ ինչպէս վրէժ լուծէ իր զաւակներուն համար. հայրենիքի հողին կառչեցաւ իր եղունգներով եւ ակռաներով, ու ասպատակողներուն ըսաւ. պիտի չստորագրեմ ներողութեան թուղթը: Եւ իշխանութիւնը շարունակեց վրէժ լուծել այս ժողովուրդէն եւ վրէժխնդրութիւնը այն աստիճանի հասաւ, երբ կառուցեց Քարմաիել գողութեան քաղաքը Գալիլիայի շրջանի մէջ եղող երեք գիւղերու աւերակներու վրայ՝ Քաֆըր Քասէմի կոտորածներու յիշատակութեան օրին իսկ, որպէսզի ցոյց տայ արաբներուն իր իրական մտադրութիւնները իրենց նկատամբ եւ որպէսզի ցոյց տայ անոնց սուրին սրութիւնը՝ որու միջոցով կը պատերազմի իրենց դէմ. մէկ կողմէ սպաննել, միւս կողմէ գրաւել հողը:

Քաֆըր Քասէմը այդքան ալ կարեւորութիւն ունեցող գիւղ մը չէր Պաղեստինի մէջ: Բանաստեղծական ոգին ալ չի՛ կրնար գեղեցիկ պատկեր մը հանել անկէ: Սակայն, այն մայրամուտը որ արեան կողքը կանգնած է, անծանօթ Քաֆըր Քասէմը վերածեց պայքարող եւ համբերող ժողովուրդի մը հայելիին: Եւ երբ, իրիկուն մը, անոր մուտքին կանգնեցանք, զգացինք մեր մէջ զսպանակութեան ուրախութեան անհրաժեշտութիւնը: Գիտցանք ոճրագործութիւնը, որու համար այսքան պատիժ կը ստանանք եւ գիտակցեցանք, թէ քարերն են ժամանակը եւ նստանք անոնց վրայ՝ հայրենիքի մասին երգեր երգելով:

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2025