ՄՈՍԿՈՒԱ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Կալուզին եւ Հաճիեւ կարծիքներ փոխանակեցին՝ թէ՛ Մոսկուա-Պաքու օրակարգին եւ թէ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2025