ՉԽԱԹԱՐԵԼ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան շարք մը կազմակերպութիւններ եւ հանրային գործիչներ հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը, որով դատապարտեցին իշխանութիւններու գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արդէն յայտարարած է, որ յաչս իրեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չունի կաթողիկոս: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու անոր գահակալը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ակնյայտօրէն կը թիրախաւորուին իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը համատարած մտահոգութեան պատճառ դարձած է հայ իրականութենէն ներս: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը ջանայ կացութիւնը հնարաւորինս կառավարելի սահմաններու մէջ պահել, երբ նաեւ պառակտումներ յառաջացած են՝ մասնաւորապէս եպիսկոպոսաց դասէն ներս: Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկ հրապարակուած յայտարարութիւնը:
*
Մենք՝ ներքոյ ստորագրեալ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններս եւ անհատներս, մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք վերջին շրջանին Հայաստանէ ներս տեղ գտած արտասովոր իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Այսօր ականատես կ՚ըլլանք Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու եւ դատաիրաւական համակարգի մարմիններու անկախութեան ոտնահարումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ եւ միջազգային պայմանագրերով պաշտպանուած իրաւունքի կոպիտ խախտման:
Հայաստանի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչները կը շարունակեն միջամտել եկեղեցւոյ գործունէութեան ինքնավարութեան եւ ազատութեան՝ խախտելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ «Խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը, Կրօնի կամ համոզումի ազատութեան միաջազգային չափանիշները եւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) նախադէպային որոշումները: Ապօրինի եւ դատապարտելի են իշխանութեան փորձերը՝ միջամտելու եկեղեցական կառավարման մարմիններու ձեւաւորման եւ ներքին որոշումներու կայացման: Անընդունելի են նաեւ եկեղեցւոյ աւանդոյթի, ծէսերու, խորհուրդներու, Նուիրապետական կարգի եւ եկեղեցական կեանքի այլ ոլորտներու՝ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կանոնի կամայական խմբագրման կամ փոփոխութեան ենթարկելու փորձերը:
Խստօրէն դատապարտելի է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուժային կառոյցներու՝ ներառեալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ եկեղեցւոյ սպասաւորներու դէմ ճնշման գործադրումը: Նման գործելաոճը ո՛չ միայն պետական պաշտօնատար անձի լիազօրութիւններու չարաշահում է, այլեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գործունէութեան նպատակներէն եւ խնդիրներէն անթոյլատրելի շեղում մը:
Մտահոգիչ կը համարենք նաեւ քրէական արդարադատութեան գործիքակազմի ընտրովի գործադրութմը եկեղեցւոյ սպասաւորներու դէմ, անօրինական եւ անհարկի ազդեցութիւն ունենալուն նպատակով՝ ներառեալ կալանաւորումը՝ որպէս պատիժ եւ հանրային իշխանութիւններուն ցանկալի վարքագծի դրսեւորման նպատակով գործիք կիրառելը:
Անըդնունելի է հանրային իշխանութեան ամենաբարձր քաղաքական մակարդակով շարունակուող եւ եկեղեցւոյ սպասաւորներու դէմ ատելութիւն ու վիրաւորանք պարունակող խօսոյթի ձեւաւորումը, անձնական կեանքի վերաբերեալ տեղեկութիւններու ապօրինի տարածումը՝ գործի դնելով ինչպէս հանրային, այնպէս ալ մասնաւոր տեղեկատուական խողովակները: Կը կարծենք, թէ այս տեսակ գործողութիւնները կրնան խիստ բացասականօրէն ազդել արդէն իսկ փխրուն հանրային համերաշխութեան վրայ՝ յանգեցնելով առաւել խոր բեւեռացման ու անհանդուրժողականութեան:
Հաւատացած ենք, թէ եկեղեցւոյ որեւէ բարեփոխում եւ բարենորոգում պէտք է տեղի ունենայ եկեղեցիէն ներս՝ կրօնական կազմակերպութեան գործունէութեան ազատութեան եւ ինքնավարութեան սկզբունքներու հիման վրայ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները՝ առանց որեւէ խտրականութեան եւ այլ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ հաւասար պայմաններու ներքեւ:
Հաշուի առնելով վերոգրեալը վերստին կը պահանջենք՝
- Հանրային իշխանութեան ներկայացուցիչներէն եւ յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, ձեռնպահ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ պետական ներքին օրէնքները, Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները խախտող գործողութիւններէ՝ եկեղեցւոյ գործունէութեան ազատութիւնն ու ինքնավարութիւնը, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեան մարմիններու եւ իրաւապահ համակարգերու վրայ ոչ-իրաւաչափ ազդեցութիւն ունենալէ:
- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանէն՝ կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան պահպանման հետեւելու իր գործառոյթը, հանրային իշխանութեան ներկայացուցիչներէն՝ իրենց հանրային խօսքին մէջ ըլլալ զուսպ եւ պահպանել հանրային պաշտօն զբաղեցնող անձի բարոյագիտութեան եւ վարքագծի կանոնները, չօգտագործել ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն տարածող, խտրականութիւն եւ վիրաւորանք պարունակող խօսոյթ:
- Դատաւորներէն՝ իրենց լիազօրութիւնները իրականացնել անկախ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ մարդու իրաւունքներու պահպանմամբ՝ ներառեալ ազատութեան իրաւունքի եւ կալանաւորումը՝ որպէս ծայրայեղ խափանման միջոց կիրառելու սկզբունքները:
- Քննչական կոմիտէի եւ դատախազութեան ծառայողներէն՝ իրականացնել անկախ եւ արդիւնաւէտ քննութիւն՝ առաջնորդութելով բացառապէս Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու պահանջներով, ապահովել յարուցուած վարոյթներու մէջ ներգրաւուած անձերու իրաւունքները՝ ներառեալ անմեղութեան կանխավարկածը:
- Ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ծառայողներէն՝ իրականացնել իրենց գործունէութիւնները անկախ՝ հիմք ընդունելով բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու պահանջները, ձեռնպահ մնալ անհամաչափ եւ անհարկի ուժի գործադրումէ եւ անձերու իրաւունքները խախտելէ:
*
Այս յայտարարութիւնը ստորագրուած է մօտաւորապէս երեսուն հասարակական կազմակերպութեան եւ անկախ անհատ հասարակական գործիչի կողմէ: