ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Աշխապատ, ուր այսօր կը մասնակցի Միջազգային խաղաղութեան ու վստահութեան ֆորումին, որ կազմակերպուած է Թիւրքմենիստանի նախաձեռնութեամբ։ Էրտողանին կ՚ընկերանան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Վերոյիշեալ ֆորումը կազմակերպուած է՝ ՄԱԿ-ի կողմէ 2025 թուականին՝ «Միջազգային խաղաղութեան ու վստահութեան տարի» հռչակուած ըլլալուն բերումով։ Աշխապատի մէջ Էրտողան դիմաւորուեցաւ Թիւրքմենիստանի խորհրդարանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմէտովի կողմէ, որ երկրի նախկին ղեկավարն է։

Աշխապատի ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025