ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ

Թուրքիոյ գեղարուեստական կեանքէն ներս արդէն կայացած եւ աւանդոյթները ձեւաւորուած նախաձեռնութիւն մըն է «Mamut Art Project»ը, որ այս տարի 12-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Երիտասարդ արուեստագէտներու ուղղեալ միջճիւղային եզակի հարթակ մըն է այս մէկը, որ վաղուց ունի ձգողականութիւն՝ իր արձանագրած յաջողութեամբ։ «Yapı Kredi Bomontiada» համալիրէն ներս սկիզբ առած այս մեծ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

Նախաձեռնութւինը այս տարի համախմբած է 33 արուեստագէտի ստեղծագործութիւնները՝ զանազան ձեւաչափերու մէջ։ Արտադրական ձեւերու եւ ձեւաչափերու լուրջ համադրութիւն մը այցելուներուն առջեւ կը ներկայացնէ՝ իսկապէս հարուստ ու ճոխ հաւաքածոն, որ նոր սերունդի ինքնուրոյն արտայայտութեան կամ ինքնադրսեւորման ձեւերն ալ վառ ձեւով կը ցոլացնէ։ Սա երիտասարդ արուեստագէտներու տեսակէտէ անգտանելի արհեստավարժ ցանկատախտակ մը կը համարուի՝ քանի մասնակիցները կարելիութիւն կ՚ունենան շփուելու հաւաքածոներու տէրերու, գեղարուեստասրահներու ներկայացուցիչներու հետ, նաեւ անոնց առջեւ կ՚ուրուագծուին միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցութեան հեռանկարները։

Հարկ է նշել, որ այս ծրագրի պատասխանատու-տնօրէնուհին է մեր համայնքէն Սէրտա Արսլան, որ «Mamut Art Project»ի կայացման արձանագրած յաջողութեան մէջ ունեցած է անփոխարինելի դերակատարութիւն՝ իր հետեւողականութեամբ եւ կարողութիւններով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025