ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի նախկին պոլսահայերը վերջերս մասնակցեցան ձեռնարկի մը, որ իսկապէս անանտեսելի ու յատկանշական էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ յոբելենական փայլուն ձեռնարկ մը, որ համազօր էր տօնական համախմբման։ Պէյսայտի ճաշարաններէն մէկուն մէջ սարքուած ընթրիքը մէկ կողմէ պանծացուց պատմական դպրոցը, իսկ միւս կողմէ առիթ դարձաւ երէց սերունդէ խումբ մը մխիթարեանցիներու մեծարման։ Բազմատասնեակ հիւրերու ներկայութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի հովանաւորն էր՝ դպրոցի 1973 թուականի շրջանաւարտներէն Սեդքօ Սեթէր։

Նիւ Եորքի Պոլսահայ օգնութեան միութեան (CARS) ջանքերով կազմակերպուած յաջող եւ անմոռանալի հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը։ CARS-ի ատենապետուհի Էլիզապէթ Քոտապաշ, ինչպէս նաեւ Թամար Գայսէրեան եւ Լինտա Պերենսոն կարեւոր դեր ստանձնած էին կազմակերպչական աշխատանքներուն ուղղութեամբ։ Ձեռնարկը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ դպրոցի երէց շրջանաւարտներէն տքթ. Արտաշէս Նշանեանի, Պերճ Արազի, Քամի Սահակեանի եւ Սեւան Չիզմէճիօղլուի տեսակէտէ, որոնք մեծարուեցան այս առթիւ։ Յոբելեանին առթիւ պատրաստուած կարկանդակի հատման պահն ալ խորհրդաւոր էր բոլորին տեսակէտէ, քանի հազարաւոր մղոններու հեռաւորութենէն կապ մը ստեղծուեցաւ պատմական դպրոցին ու շրջանաւարտներուն, նաեւ համակիրներուն միջեւ։

Ընթրիքի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Էլիզապէթ Քոտապաշ եւ Սեդքօ Սեթէր խօսք ուղղեցին ներկաներուն՝ մինչ Պոլիսէն ուղարկուած տեսանիւթերն ալ եզակի նշանակութիւն ունեցան բոլորին համար։

Արձակման փուլին բոլորին հասարակաց մաղթանքն էր, որ վարժարանը յարատեւէ կայուն թափով եւ իր առաքելութիւնը արգասաւորուի՝ յաջող երիտասարդներու պատրաստութեամբ։

Հարկ է նշել, որ յայտագրի տեւողութեան յարգանքով վերյիշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Սրբուհի Մառք, որ ծնած էր 1935 թուականին, աւարտած էր Էսաեան վարժարանը եւ մինչեւ 1971-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելը՝ ուսուցչագործած էր Մխիթարեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնին մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025