ԺԱՔ ՏԵՐԻՏԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Ֆրանսացի իմաստասէր, գրականագէտ եւ մշակութաբան Ժաք Տերիտա ամբողջ կեանքը տրամադրած է բարոյականութեան, քաղաքականութեան եւ լեզուի հիմքերու վերաիմաստաւորման։ Իր «Բարեկամութեան քաղաքականութիւն» խորագրով ծաւալուն գիրքի առանցքին կը գտնուի դարերու ընթացքին արմատաւորուած «բարեկամ» եւ «թշնամի» հասկացութիւններու քննութիւնը ո՛չ միայն փիլիսոփայական, այլեւ քաղաքական ու մարդագիտական տեսանկիւններէ դիտուած։
Տերիտա կը սկսի իր ուսումնասիրութիւնը Արիստոտելի այն յայտնի պնդումէն, թէ «Ճիշդ բարեկամութիւնը առաքինի մարդոց միջեւ գոյութիւն կ՚ունենայ»։ Սակայն ան անմիջապէս հարցականի տակ կը դնէ այդ «մաքրուած», «բարձրացուած» հասկացութիւնը՝ մատնանշելով, որ բարեկամութիւնը երբեք չէ կրցած ըլլալ ամբողջովին անշարժ կամ բառացիօրէն սահմանուած երեւոյթ։
Տերիտա կը հարցնէ․ ի՞նչ կը նկատենք «բարեկամ» ըսելով։
Ինչպէս Տերիտան գրած է, բարեկամութեան անկեղծութիւնը կը կայանայ մէկ ուրիշի աչքերու ներքեւ մենք մեզ ճանչնալու զգացողութեան մէջ։ Մենք կը շարունակենք ճանչնալ մեր ընկերը նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ան այլեւս մեզ չի նայիր։ Տերիտան կը պնդէ, որ երբ մէկու մը հետ բարեկամ կը դառնանք, պատրաստ կ՚ըլլանք այն մտածումին, թէ մեզմէ մէկը կ՚ապրի միւսէն աւելի երկար, քանի որ բարեկամութեան մէջ ներառուած բազմաթիւ ցանկութիւններու մէջ ոչինչ կը համեմատուի այն եզակի յոյսի, այն ոգեւորութեան հետ, որ կը գերազանցէ մահը։
Ըստ Տերիտայի, բարեկամութիւնը ո՛չ միայն բարոյական կամ զգացական կապ մըն է, այլ՝ խոստում մը։ Ան կը շեշտէ, որ իսկական բարեկամութիւնը երբեք ամբողջովին ներկային մէջ գոյութիւն չ՚ունենար։ Ան միշտ ապագային ուղղուած հնարաւորութիւն, հաւանականութիւն մըն է, որ կը պահէ անորոշութիւնը։
Բարեկամը այն անձն է, որու հետ յարաբերութիւնը միշտ բաց կը մնայ. երբեք ամբողջովին աւարտած կամ ապահով չ՚ըլլար։ Այս մշտական բացուածքը Տերիտայի փիլիսոփայութեան մէջ բացատրուած է հետեւեալ ձեւով. մարդը կը դիմէ մէկ ուրիշին՝ ոչ թէ որպէս փակ եզրով որոշուած «ընկեր», այլ որպէս այն, որ կրնայ բարեկամ ըլլալ եւ որու հետ յարաբերութիւնը միշտ փոփոխութեան ենթակայ է։
«ԹՇՆԱՄԻ» ԲԱՌԻՆ ՍՏՈՒԵՐԸ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Տերիտա կը քննադատէ նաեւ Քարլ Շմիթի նման քաղաքական մտածողներ, որոնք քաղաքականութիւնը կ՚ըմբռնեն «բարեկամ-թշնամի» հակադրութեամբ։
Տերիտան կը պնդէ, թէ այս բաժանումը ո՛չ միայն գաղափարական է, այլեւ հիմնովին բռնարարք, որովհետեւ թշնամին որոշելու պահանջը կը նշանակէ անխուսափելիօրէն սահմանել, թէ ո՛վ է բարեկամը։ Այսպէսով, բարեկամութիւնը կ՚առերեսուի բռնութեան հետ, քանի որ ան ինքզինք կը հաստատէ միայն այն պարագային, երբ ուրիշ մը կը մերժուի։ Ինչպէս Տերիտայի այլ աշխատութիւններուն, վերոյիշեալ գիրքին մէջ եւս կեդրոնական նշանակութիւն ունի «այլութեան» հասկացութիւնը։
Բարեկամը ան է, որ պէտք է ճանչնաս ո՛չ թէ՝ «քեզի նման», այլ՝ իբրեւ ամբողջովին այլ անհատ մը։ Իսկական բարեկամութիւնը կը յարգէ այն բաժանումը, որ գոյութիւն ունի երկու անձերու միջեւ։ Այդ բացը էական է, որովհետեւ յարաբերութիւնը կը պահէ կենդանի եւ արդար։ Այս դիրքորոշումը կը մերժէ այն պատկերացումը, որ բարեկամութիւնը «նմաններու միութիւն» մըն է։ Տերիտայի տեսանկիւնէն՝ բարեկամութիւնը կը ծաղկի բազմազանութեան, տարբերութեան եւ անորոշութեան մէջ։
ՏԵՐԻՏԱՅԻ ՄԵԼԱՄԱՂՁՈՏ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Տերիտան յաճախ կը խօսի բարեկամութեան «վիշտով» լեցուն բնոյթի մասին։ Ան կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր բարեկամութիւն կը պարունակէ ապագայ կորուստի գիտակցութիւն մը։ Բարեկամը այն մէկն է, որուն ապագայ բացակայութիւնը միշտ գոյութիւն ունի յարաբերութեան խորքին մէջ։ Այս «վիշտը» կը պարզէ, որ բարեկամութիւնը այնպիսի յարաբերութիւն մըն է, որուն մէջ միշտ յանձնառու ենք մեր երեւակայածէն շատ աւելին։
ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Տերիտա կը պնդէ, որ ժողովուրդներու, ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ «բարեկամութեան» մասին խօսիլը երբեք անմեղ չէ։ Այդ դասական լեզուն կը ծածկէ ուժային յարաբերութիւններ, շահեր, դաշնակցութիւններ եւ թաքուն մերժումներ։ Տերիտայի կարծիքով՝ եթէ քաղաքական դաշտը ազնիւ պիտի ըլլայ, ապա պէտք է ընդունիլ բարեկամութեան անորոշ ու միշտ փոփոխուն բնոյթը, ոչ թէ զայն ներկայացնել իբրեւ յարատեւ եւ հաստատուն համաձայնութիւն։
Հուսկ, Տերիտայի «Բարեկամութեան քաղաքականութիւն»ը սոսկ փիլիսոփայական քննութիւն մը չէ, այլ խոր հոգեբանական, բարոյական ու քաղաքական նիւթերու վերաիմաստաւորում մըն է՝ ուղղուած մեր ժամանակներուն, երբ դաշնակցութիւն եւ թշնամանք յաճախ կը սահմանեն աշխարհի ընթացքը։
Ժաք Տերիտան մեզի կը սորվեցնէ․ բարեկամութիւնը միշտ կը սկսի այն տեղէն, ուր կը ճանչնանք միւսը՝ իբրեւ ամբողջովին անհատ, ամբողջովին այլ եւ ամբողջովին ազատ։ Եւ այդտեղ է, որ բարեկամութիւնը կը դառնայ ո՛չ միայն մարդկային յարաբերութիւն, այլեւ՝ ազատութեան եւ արդարութեան ամենածածուկ ձեւերէն մէկը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ