ԲԱՐԴ ՈՒ ՆՈՒՐԲ ՓՈՒԼ

Ռուսաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները բոլոր առումներով նոր ժամանակներ թեւակոխած են։ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա հիմա կը հաւատայ, թէ առանց անկեալ նախագահ Պեշար Էսատի հարցի վերջնական լուծման՝ իր երկիրը իրական վերածնունդ մը պիտի չապրի։ Սուրիոյ իշխանափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ այժմ Ռուսաստանի պարագային կասկածներ խնդրոյ առարկայ են։

Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութենէն ի վեր կասկածի մեծ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երկրէն ներս՝ Ռուսաստանի ուժային ներկայութեան ապագային վերաբերեալ։ Այդ կասկածները կ՚ընդգրկէին ո՛չ միայն անվտանգութեան ոլորտը, այլ մէկ կողմէ երկրի նոր իշխանութեանց եւ միւս կողմէ ռուսական շահերուն անհամատեղելիութեան մասին։

Գաղտնիք չէ, որ Ռուսաստանի համար Սուրիոյ մէջ կայուն ներկայութիւն մը ապահովելու հիմնահարցը կը պարունակէր քաղաքական, բայց, ի մասնաւորի՝ տնտեսական շահերու երեսակներ։ Մոսկուա, որ միջազգային հարթակի վրայ յայտնի է իր խիստ տեսակէտներով ու շատ լաւ հաշուառելով Դամասկոսի մէջ ստեղծուած նոր իրականութիւն՝ փոխեց իր չափանիշները եւ կիրառեց բաւականին մեղմ ու սուրիացիներուն համար տանելի քաղաքականութիւն մը։ Ու այդ քաղաքականութիւնը դարձաւ բաց դուռ մը սուրիացիներուն համար։ Անոր շնորհիւ հերթաբար դէպի Մոսկուա ճամբորդեցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի եւ Ահմէտ Շարա։

Թէ ի՞նչ շահերով փոխկապակցուած են այս երկու երկիրները ու այդ առումով ի՞նչ զարգացումներու պէտք է սպասել՝ փորձենք ներկայացնել այստեղ։

Ռուսաստանի որոնածը կայուն ներկայութիւն մըն է Սուրիոյ մէջ։ Ռուսաստան յամառօրէն կը շարունակէ իր ներկայութիւնը ապահովել՝ Շարային տրամադրելով պայմանական աջակցութիւն մը։ Ռուսական կողմը կը կեդրոնանայ՝ յատկապէս հարաւային նահանգներու կայունութեան եւ Սուրիան մասնատումի վտանգէ զերծ պահելու խնդրին վրայ՝ ներքին քաղաքական ու անվտանգային խիստ փխրուն պայմաններու ներքեւ։

Ըստ ռուսական լրատուամիջոցներու՝ Սուրիոյ անցումային կառավարութիւնը շահագրգռուած է Ռուսաստանի ռազմական ոստիկանութեան հսկողութեան վերականգնմամբ երկրի հարաւային նահանգներուն մէջ։ Սա այն պարագային, երբ խօսակցութիւններ կը տարածուին, թէ Իսրայէլ կրնայ Սուէյտա նահանգին հետ մարդասիրական միջանցքի մը միջոցաւ ցամաքային կապ ստեղծել։

Հարկ է յիշեցնել, որ Էսատի վարչակարգի անկումէն ետք, Մոսկուա երբեք բացայայտ հակադրական դիրք չէ որդեգրած Դամասկոսի նոր իշխանութեան դէմ։ Ընդհակառակն, երկու կողմերն ալ դիւանագիտական շարք մը քայլերով ցոյց տուած են՝ յարաբերութիւնները որոշ մակարդակի մը վրայ պահպանելու պատրաստակամութիւնը։ Այս տարուայ փետրուարին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Շարայի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը ո՛չ միայն դրական գնահատուեցաւ, այլեւ դուռ բացաւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներուն ու փոխադարձ այցերուն։ Այս ծիրին մէջ յատկանշական էր Շէյպանիի այցը Մոսկուա։

Ռուս յայտնի փորձագէտ Նիքոլայ Սուխով կը շեշտէ, որ ռուս պարեկախմբերու Սուրիոյ հարաւային շրջաններ վերադարձը տրամաբանական է՝ հաշուի առնելով լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ ճակատը սառեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն, ան կը զգուշացնէ, որ Իսրայէլէն դէպի Սուէյտա նախատեսուած մարդասիրական միջանցքը կրնայ վերածուիլ վտանգաւոր նախադէպի մը՝ ստեղծելով մասնատումի մը տպաւորութիւնը։

Ըստ վերլուծաբանին՝ Մոսկուայի դիրքորոշումը յստակ է. հնարաւոր է ընդունիլ միայն կարճաժամկէտ, ամբողջովին մարդասիրական եւ միջազգային վերահսկողութեան տակ գտնուելիք միջանցք մը՝ բացառաբար ՄԱԿ-ի կամ Կարմիր խաչի միջոցով եւ միայն այն պարագային, երբ այդ քայլը պիտի չվնասէ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան։

Ռուսաստանի առաջնահերթութիւնները յստակ են․ աջակցիլ անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումներուն, պաշտպանել ալեւիները, տիւրզիները, քրիստոնեաներն ու քիւրտերը եւ ամրապնդել անվտանգային կառոյցները։ Միաժամանակ, Մոսկուա կը կառուցէ իր քաղաքականութիւնը չորս առանցքներու շուրջ՝ հարաւի կայունացում, պայմանական տնտեսական աջակցութիւն, անցումային իշխանութեան հովանաւորներու (Թուրքիա, Քաթար, Սէուտական Արաբիա) հետ համակարգում եւ արդարադատութեան ապահովում։

Ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստան կը փորձէ զօրակցիլ նոր իշխանութեան՝ հասկնալու համար, թէ արդեօք ան կրցա՞ծ է մեղմացնել իր ծայրայեղ թեւերը։

Այնուամենայնիւ, այլ ռուս փորձագէտ մը՝ Ալեքսանտր Աքսինիոնոք ուսումնասիրութեան մը մէջ կը նշէ, որ անցումային գործընթացը մեծաւ մասամբ ձեւական եղած է՝ նոր նախագահին շնորհելով գրեթէ լիակատար իշխանութիւն՝ առանց իրական հանրային կամ քաղաքական քննարկման։ Արդիւնքը եղած է ներքին քաղաքական անկայունութիւն, զինեալ բախումներ եւ նոր բռնկումներ՝ ծովեզերքէն մինչեւ Դամասկոսի մերձակայ շրջանները։ 

Աքսինիոնոք կ՚եզրակացնէ, որ Սուրիոյ նոր իրականութիւնը կը բնութագրուի խորունկ ներքին տագնապով մը։ Նախորդ վարչակարգը կորսնցուցած էր բանակին ու ժողովուրդին վստահութիւնը, ընդդիմութիւնը՝ արտաքին աշխարհէն հովանաւորուած ըլլալով վստահելի չէր, իսկ նոր իշխանութիւնը կը բախի՝ զիրար խաչաձեւող ու բարդ ճգնաժամերու։

Այս պայմաններուն մէջ Սուրիա կը շարունակէ մնալ անորոշ եւ խիստ փխրուն հորիզոնով, իսկ Ռուսաստան ստիպուած է իր ազդեցութիւնը պահպանելու եւ հարաւային ճակատը վերահսկելու նպատակով դիմել՝ պայմանական աջակցութեան ռազմավարութեան։

Միւս կողմէ, սերտելով Սուրիոյ իշխանութեան տեսակէտները՝ երեւելի կը դառնայ, որ ըստ Շարայի մօտիկ շրջանակներուն՝ նախագահը կը հաւատայ, թէ առանց Էսատի հարցը ամբողջական կերպով լուծելու՝ Սուրիա չի կրնար իրական վերածնունդ մը ապրիլ։

Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ այլեւս պիտի չհիմնուի անվերապահ հովանաւորութեան, այլ՝ հաշվարկուած եւ պայմանաւոր ներգրաւուածութեան վրայ։ Մոսկուա կը ձգտի պահպանել իր ռազմավարական ներկայութիւնը, միաժամանակ, խուսափելով նոր պարտաւորութիւններէ եւ միջազգային ճնշումներէ։ Շարայի համար այս մօտեցումը կարճաժամկէտ կայունութեան միջոց մը կրնայ ըլլալ, սակայն, առանց ներքին քաղաքական համախմբումի եւ իրական անցումային գործընթացի՝ պայմանական աջակցութիւնը չի կրնար վերածուիլ երկարաժամկէտ լուծումի։ Սուրիոյ ապագան կը մնայ կախեալ ո՛չ միայն արտաքին դերակատարներու հաշուարկներէ, այլ՝ ներքին ամբողջական օրինականութեան մը տիրացումէ ու վստահութեան կերտումէ։ 

Փութին-Շարա հանդիպումը բոլոր առումներով նոր փուլ մըն էր։ Անցեալ հոկտեմբեր 14-ին, Շարա առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Մոսկուա՝ Էսատի տապալումէն վերջ։ Ըստ ռուսական եւ արաբական լրատուական աղբիւրներու՝ հանդիպման ընթացքին Շարա եւ Փութին քննարկեցին շարք մը առանցքային հարցեր, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական ներկայութեան ապագային՝ մասնաւորաբար Թարթուսի ծովային եւ Հմէմիմի օդային ռազմակայաններուն, ինչպէս նաեւ ռուսական ազդեցութեան վերաթարմացման ռազմավարութեան։

Արաբական աղբիւրները, յղում ըրին Քրեմլինէն ստացուած տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց՝ ռուսական կողմը յատկապէս կը քննարկէր Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի ռազմախարիսխներու գոյութեան իրաւական, տնտեսական եւ ռազմավարական հիմքերը։ Այդ ծիրին մէջ Մոսկուա կը ձգտէր պահպանել իր ներկայութիւնը Միջերկրականի արեւելեան ափերուն, միաժամանակ, փորձելով ցուցադրել, թէ կը յարգէ Սուրիոյ նոր վարչակարգի ինքնիշխանութիւնն ու քաղաքական վերադասաւորումը։

Այցէն անմիջապէս ետք կարգ մը աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, որ քննարկումի նիւթ դարձած է Սուրիայէն խոյս տուած եւ Ռուսաստանի մէջ ապաստան գտած Էսատի արտայանձնման հարցը։ Նոյն նիւթով քաղաքական վերլուծաբաններ կը յիշեցնէին, որ Մոսկուա երկար տարիներ Էսատին տրամադրած է անվտանգ ապաստան, դիւանագիտական պաշտպանութիւն եւ վճռական ռազմական աջակցութիւն։ Հետեւաբար, Էսատի արտայանձնումը Ռուսաստանի համար կրնայ ընկալուիլ՝ որպէս լուրջ քաղաքական պարտութիւն եւ նախադէպ մը, որ կրնայ ազդել անոր միջազգային վստահելիութեան վրայ։

Միեւնոյն ժամանակ, Շարայի վարչակարգը կը փորձէ այս նախաձեռնութիւնը օգտագործել՝ իր ներքին ու արտաքին օրինականութիւնը ամրապնդելու եւ Սուրիան վերջնականապէս ազատելու համար՝ նախկին վարչակարգի քաղաքական ու բարոյական ստուերէն։ Ըստ Շարայի մօտիկ շրջանակներուն՝ նախագահը համոզուած է, թէ առանց Էսատի հարցին յստակ քաղաքական լուծում մը տալու՝ Սուրիա դժուար թէ կարենայ իրական վերածնունդի եւ ազգային համերաշխութեան փուլ մը մտնել։

Բազմաթիւ փորձագէտներ, այս պահը կը դիտարկեն՝ որպէս ռուս-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ նոր, բարդ եւ նուրբ փուլ մը։ Մոսկուա պիտի փորձէ գտնել հաւասարակշռութիւն մը՝ պահպանելով իր ռազմավարական շահերը՝ առանց բացայայտօրէն ճնշում գործադրելու Դամասկոսի նոր իշխանութեան վրայ։ Շարա կը ձգտի ներկայանալ՝ որպէս անկախ եւ ինքնավստահ առաջնորդ մը, որ պատրաստ է երկխօսութեան, բայց, ո՛չ ենթակայութեան։

Ի վերջոյ, Փութին-Շարա հանդիպումը միայն երկկողմանի դիւանագիտական շփում մը չէր, այլ կարեւոր փորձառութիւն մը՝ երկու կողմերուն համար ալ։ Ռուսաստան կը փորձէ վերաիմաստաւորել իր դիրքը Սուրիոյ մէջ փոխուած իրականութեան պայմաններուն տակ, մինչ Սուրիա կը ձգտի դուրս գալ երկար տարիներու պատերազմի եւ բռնապետութեան ժառանգութենէն։ Այս հանդիպման իրական նշանակութիւնը պիտի չափուի ո՛չ թէ յայտարարութիւններով, այլ այն նուրբ փոխզիջումներով եւ անտեսանելի գիծերով, որոնք պիտի ձեւաւորեն Ռուսաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու նոր էջը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025