ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ (1903 - 1973)
Անցնող երկու շաբաթներու սիւնակներով յաջորդաբար ներկայացուցինք Սիրան Սեզայի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գրական վաստակներէն հատուածներ: Սեզան նաեւ գրած է իր տպաւորութիւնները զանազան նշանաւոր մարդոց մասին՝ անոնց մահուան կապակցութեամբ: Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք երկու տիտաններու մասին Սեզայի գրածները: Առաջինը՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի մասին: Իսկ երկրորդը՝ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի մասին:
Գարեգին Վեհափառին նուիրած գրութիւնը լոյս տեսած է «Հասկ»ի մէջ (Պաշտօնական ամսաթերթ Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ, (Բացառիկ թիւ), ԻԱ. տարի, թիւ 7-9, յուլիս-սեպտեմբեր 1952, էջ 317-318), եւ կը կրէ «Վեհափառ» խորագիրը:
«…Ժամանակը ծա՛նր է եւ լուրջ, իսկ մենք թեթեւ ենք եւ անհեռատես. ժամանակը հիմնաւորութիւն է պահանջում եւ գո՛րծ, իսկ մենք օդային ամրոցներ ենք կառուցում եւ բառե՜ր արտասանում» (1897)
Դագաղ մը… որուն ի տես հոգիս ծանր վիշտով մը կ՚ըմբոստանայ. մեռե՜լ մը, որուն դալուկ դէմքին կառչած նայուածքիս մէջ կը խորանայ դատապարտութիւնը անողոք ճակատագիրին:
«Թաղե՜լ ճառագայթը…»:
Յիմարական էր թերեւս այդ կանչը բանաստեղծին, վիպական այն դարուն. բայց, ահա մե՛նք, գիտական ներկայ դարուն մէջ, մի՞թէ նուազ յուսահատութեամբ կը բողոքենք… ի՜նչ, թաղե՜լ մի՛տքը։ Խաւար կեանքերու վրայ լոյս ցնցուղող միտքը կարելի՞ է այսպէս քանի մը մոմերով ու շարականներով թաղել:
Մի՞թէ մարդ կրնայ հանդարտօրէն ընդունիլ, որ մահուան ցուրտ ձեռքը երկարի պոկելու հազուագիւտ ծաղիկները մերինին նման «փոքր ածու»է մը, անտեսելով անօգուտ, վնասակար խոտերը:
Ի՜նչ անգութ է անէծքը - հո՛ղ էիր, հո՛ղ դառնաս - որ այսպէս մէկ հարուածով կը ջնջէ մարդկային ոգեղինականութեան հոյակապ կառոյց մը եւ մէկ շունչով կը փչէ՜ ու կը մարէ՜ տաղանդի լոյսերով ողողուած ստեղծագործ միտքը:
Դագաղ մը ընկուզենիէ ու կաթողիկոսական զգեստաւորումով նիհար, հալած մեռել մը, որ ա՛լ իրապէս չի լսեր մարդկային ձայները եւ անտարբեր է մարդկային հոգին խռովող բոլոր յոյզերուն դէմ:
Ի՜նչ սրտառուչ ճշգրտութեամբ անգլիացի բանաստեղծը գտած է բաժանումի բառը «no, nevermore» եւ ի՜նչ խորատեսութեամբ սահմանած մահը… «որ կը կոչուէր…»:
Ան սակայն անհետացող «որ կը կոչուէր» մը չէ՛ այս փոքրացած, գրեթէ հալած մեռեալը: Ի զուր վնասակար եւ անօգուտ խոտերը «փոքր ածու»ին պիտի հրճուին այս մեռեալին լռութենէն. Ան իր քարացումին մէջէն կոթողած է անմահութեան խորհրդանշանը, որ պիտի բարձրանայ «փոքր ածու»ին մէջ Իր զրաւած տեղւոյն վրայ, շո՛ւք ձգելով եւ աճումը արգիլելով անպէտ տունկերուն:
Վեհափա՜ռը:
Այս անունը լոյսի ակօս մըն է, զոր մահն իսկ պիտի չկարենայ մթագնել:
Քիչ անգամ անուն մը կ՚անձնաւորէ մարդ մը եւ զայն ամբողջութեամբ կը դարձնէ անմահ:
Քիչ անգամ գործն ու մարդը եւ մարդուն տրուած տիտղոսը կը նոյնանան այնքան, որ դարերն իսկ չեն յաջողիր զանանք անջատել: Ս. Վարդան, Ս. Մեսրոպ, Կոմիտա՜ս… մի՞թէ անուններ են լոկ, եւ այն մենակեացը՝ Նարեկացի՜ն, որուն գիրքը՝ ՆԱՐԵԿ իբրեւ չարխափան կը դնեն բարձին տակ անմեղ կոյսին ու հիւանդին:
Մանիշակագոյն բլուրներէն Անթիլիասի պիտի իջնէ մանիշակագոյն վերարկուով փոքրիկ մարդ մը, որ լոյսի գիծով պիտի մտնէ Վեհարանէն ներս ու ամէն բան քննող հայեացքով պիտի նայի շուրջը, յետոյ պիտի հակի գիրքերով ծանրաբեռնուած սեղանին առջեւ եւ պիտի շարունակէ գրե՜լ, գրե՜լ ու պրպտել դեղնաւուն մագաղաթներուն մէջ:
Երբեմն ալ, Ան պիտի յայտնուի անոնց միջեւ, որոնք «բառե՜ր» կ՚արտասանեն, «ծա՜նր» ժամանակին դէմ անտարբեր, եւ զանոնք պիտի հրաւիրէ զգաստութեան… «Զգո՛յշ կեցէք եւ աղօթեցէ՛ք» մրնջելով ու ողոքելով անոնց չա՛ր սիրտերը «սիրելիքդ իք…»:
Վեհափա՜ռը…
Դեռատի բնակիչները Դպրեվանքին ու երիտասարդ աբեղաները յաճախ պիտի տեսնեն թեթեւաքայլ ծերունի մը, որ կ՚անցնի իրենց մօտէն, քաղցրանոյշ նայուածք մը նետելով իրենց դէմքին: Ան եկած է տեսնելու շէնքը, ուր այնքան նուրբ մատներով պիտի շարէր թանկարժէք առարկաները հայ քաղաքակրթութեան: Ան եկած է օգնելու նորերուն, որ չըլլայ թէ երիտասարդական անհոգութեամբ նուա՜զ գուրգուրան փոքրագոյնին վրայ իսկ:
Վեհափա՜ռը:
Երբեմն, տպարանին մեքենաներուն ծանր կռինչին մէջէն պիտի լսուի ծանօթ ձայնը… «Շո՜ւտ արէք» եւ գրաշար ու տպագրիչ յուզումով վարակուած եռանդ պիտի տան իրենց գործին:
Վեհափա՜ռը:
Ու ժողովուրդը յաճախ պիտի լսէ ծերունիի մը դողացող ձայնը… «Ստեղծեցէք հոգեղէ՜ն հայրենիքը, որպէս զի կարենաք ստեղծել հողեղէն հայրենիքը… Հայրենիքը լոկ օդ, ջուր, սահման չէ՛… Հայրենիքը քաղաքակրթութիւն է, մշակոյթ է, միասնական գո՜րծ է կատարուած»:
Դագաղ մը ու պզտիկ, հալած մեռել մը: Խունկ ու աղօթք, մեռելական շարական…
Սրբէ՛ արցունքներդ, սի՛րտ իմ, որովհետեւ անարգուած եւ վտարուած մարդկութեան կարօտէն ու անոր ոգեղէն կառոյցներէն պարտուած Աստուածը իր Միածին Որդին ղրկեց երկիր, անմահութեան շնորհը կրկին բաշխելու անո՛նց, որոնք աստուածային շունչին արժանի եղան:
Սրբէ՛ արցունքներդ, սի՛րտ իմ, որովհետեւ տանջահար մարմինէն ձերաբազատուած հոգին Վեհափառին իր ամբողջ լոյսով պիտի յածի «փոքր ածու»ին վերեւ եւ պիտի հսկէ, որ հիւլէ մը իսկ չկորնչի մեր անցեալ ու գալիք գանձերէն:
Անթիլիասը պիտի դառնայ Լոյսի՜, Մշակոյթի կեդրոն, մինչեւ հեռաւոր հայրենիքին լո՜յս տուող, ու «Վեհափառ» անունը պիտի դառնայ խորհրդանիշը այդ փարոսին:
«Փոքր ածու»ին մէջէն մահուան ձեռքը խլեց միայն մարդկայինը, իսկ աստուածայինը անկորնչելի մասնիկն է համակ պայծառութիւն եղող «Լուսաւորչի Կանթեղ»ին:
Յիշէ՛, որ պլպլուն որբ լոյս մըն էր ան 85 տարի առաջ… «Գարեգի՜ն». բայց մեծցա՜ւ ու դարձաւ շքե՜ղ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Ու յիշէ՜, որ մեր պատմական մեծութիւնները արժեցնող եւ զանոնք յաւերժացնող հոգիներ մի՛շտ ալ ղրկուած են մեզի, մեր դժբախտագոյն օրերուն, որպէս զի մե՛նք գիտնանք, ու աշխա՛րհն ալ գիտնայ, թէ «ազգ ընարեալ» ենք, հակառակ մեր բիւր տանջանքներուն եւ զրկանքներուն:
Սրբէ՛ արցունքներդ եւ թողութեան աղօթք մը մրմնջէ, դո՛ւն ալ, անո՛նց համար, որ իրենց տգեղութեան մէջ քարկոծեցին սուրբերն ու մարգարէները: Խաւարի այդ ոգիները Լոյսի Իշխանն իսկ չճանչցան, բայց մի՞թէ Տէրը զրկեց զանոնք լոյսին բարիքներէն:
Կ. Պոլիս, 1952
Երկրորդ գրութիւնը, ինչպէս ըսինք, նուիրուած է երջանկայիշատակ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանին, հրատարակուած «Երիտասարդ հայուհի»ի մէջ, (Ա. տարի, թիւ 1, 1 յունիս 1947, Պէյրութ, էջ 21-30): Գրութեան խորագիրն է՝ «Գեր. Տ. Արտաւազդ Ս. Արքեպս. Սիւրմէեան»: Կարդանք.
* Տխուր անակնկալ մը եղաւ անոր մահուան լուրը, որովհետեւ, այն օրէն ի վեր որ Սրրազանը ենթարկուած էր ծանր գործողութեան մը, անոր նամակներէն ոչ մէկ տող գուշակել կու տար վաղահաս մահ մը: Ընդհակառակը, Սրբազանը միշտ կը խօսէր իր ճամբորդութիւններէն, լրանալու վրայ եղող աշխատութիւններէն, հրատարակումը աւարտելու մօտ գիրքերէն եւ իր եռանդուն գործունէութենէն՝ Էջմիածնի, Կիլիկիոյ Կութողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի դժուարութիւնները հարթելու իր ճիգին մէջ:
Ան, իր սովորական դիւրազգածութեամբ կը լռէր այն բոլոր տգեղ ելոյթներուն մասին, որ այժմ նիւթ դարձած է փարիզահայ եւ այլ թերթերու մէջ:
Հէ՜ք Սրբազան:
Իր մասին առաջին անգամ մեծ գովեստով խօսեցաւ ինծի, երբ դեռ Ամերիկա ուսանող էի, հանգուցեալ բարերար Պատրիկ պէյ Կիւլպէնկեան, յայտնելով, թէ Կիւլպէնկեան մայրանոցի եւ վարժարանի ամբողջ գործը վստահած էր անոր, Լոնտոն բնակող իր որդւոյն պր. Ներսէս Կիւլպէնկեանի կողմէ:
Պոլսէն չէի ճանչնար Սրբազանը: Միայն գիտէի, որ Նարոյեան Պատրիարքին հետ ան սգակիր կեցած էր եղբօրս յուղարկաւորութեան: Ուրախ եղայ, որ Սկիւտարի մթնոլորտին մէջ մեծցած եւ Քօլօլեան ու Եարրճանեան ազնիւ ընտանիքներուն ազգական կղերական մը կը շարունակէր Հայ Եկեղեցիին աւանդութիւնը՝ բարերաներ գտնելու եւ անոնց դպրոց, եկեղեցի, մայրանոց, հիւանդանոց շինել տալու:
Պատրիկ Կիւլպէնկեան մտադիր էր իր Սելանիկ կանգ առած ճամբորդութիւնը -հիւանդութեան պատճառաւ- մօտ ատենէն վերսկսիլ, անձամբ ուսումնասիրելու Սուրիոյ-Լիբանանի պայմանները եւ ընդարձակելու համար իր բարեսիրական ձեռնարկները: Դժբախտաբար, ան մեռաւ գործողութենէ մը, իր երազները ժառանգ ձգելով զաւկին:
Երբ վերադարձիս ծանօթացայ Արտաւազդ Սրբազանին հետ, Պատրիկ պէյի տպաւորութիւնները ճիշդ գտայ, որովհետեւ, Արտաւազդ Սրբազան իրեն տրուած լուման բազմապատկող եռանդուն եւ հաւատարիմ, մանաւանդ անբասիր եկեղեցական մըն էր, արժանաւոր մշակ Տիրոջը Այգիին մէջ:
Կ՚ըսեն, թէ «թերութիւններ» ունէր. «կաֆեր» կ՚ընէր. բայց մեզմէ ո՞րն է ան որ թերութիւններ չունի, եւ ոչ թէ աննշան, այլ մեծ նշանակութիւն ունեցող կաֆեր չ՚ըներ:
Անոր թերութիւնները թեթեւ էին կշիռքին մէջ դէմ-յանդիման առատ առաքինութիւններուն: Ան տեղացի եւ օտար անձնաւորութիւններու անկեղծ բարեկամութիւնը շահելու արուեստը գիտէր եւ իր անձով ու խօսակցութիւնով յարգանք կը պարտադրէր առաջնորդին եւ առաջնորդարանին հանդէպ: Սուրիոյ մէջ, մանաւանդ Հալէպ, բնիկներու վրայ աւելցած էին գաղթականները եւ իրապէս վարչական կարողութիւն հարկ էր այդ երկուքին ու բազմազան միութիւններու, կուսակցութիւններու «ներքին հարց»էն դուրս չհանելու համար: Տասնվեց տարիներ շարունակաբար: Նոյն ատեն հիմնելով եկեղեցիներ, վարժարաններ, պահելով Ազգային Առաջնորդարանը ներկայանալի, վայել «Հայ» անունին: Երբ հրաժարեցաւ, շատեր լացին ու մինչեւ հիմա բազմաթիւ են անոնք, որոնք չեն մոռցած «իրենց Առաջնորդը»:
Կաթողիկոսական ընտրութենէն իր կրած յուսախաբութիւնը ան չկրցաւ ծածկել, որովհետեւ սրտանց հաւատացած էր խոստումներու: Աթոռէն աւելի այդ «խաբել»ն էր, որ ազդած էր անոր հոգիին, քանի զգայուն սրտով մարդ էր եւ բարեկամութեան զգացումին հանդէպ հաւատացեալ մտաւորական:
Ան քէն չըրաւ սակայն, ու երբ արժանաւորագոյն Գարեգին Ա. բազմեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահուն վրայ, Արտաւազադ Սրբազան առաջինը եղաւ անոր մտաւորական եւ կրօնական բարձր հեղինակութեան առջեւ խոնարհող:
Որպէս Պէյրութի առաջնորդ, Արատաւազդ Սրբազան բարձր պահեց ազգային արժանապատուութիւնը տարիներու ընթացքին խարխլած, ամօթալի վիճակի մէջ պահուած առաջնորդարանին տեղ իրապէս ներկայանալի առաջնորդարան մը հաստատելով: Ան կրցաւ իր շուրջը հաւաքել հարուստներ, որոնք սիրով բացին իրենց քսակը եւ գորգապատ սրահներով, թաւշապատ թիկնաթոռներով, ժողովասրահի յատուկ սեղանով եւ աթոռներով տուն մը կահաւորեցին, ուր քարտուղարն եւ աշխատաւորները իրենց յատուկ սենեակներ ունէին, ուր Սրբազանը կրնար հանդարտ աշխատիլ եւ կամ վարչական, առաջնորդական գործերով զբաղիլ կամ ժպտերես ընդունիլ պետական անձեր եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:
Ի զուր չէ սակայն, որ հէք Սրբազանը իր գրական գործը մակագրած է «Թշուառի զգայնութիւններ»: Մարդիկ կան, որ անբախտ աստղի տակ կը ծնին: Հակառակ այն բոլորին, որ ըրաւ Սրբազանը, կարգուկանոն մտցնելով առաջնորդարանէն եւ եկեղեցիէն ներս, եղան մարդիկ, որ հալածեցին զայն, սուտ ու կեղտոտ զրոյցներով պղտորեցին միտքերը: Նոյնիսկ մտաւորական տնօրէն մը կասկածելի դարձուց Սրբազանին բարոյականի ըմբռնումները, ձայնակցելով անխիղճ թաղականի մը: Պոլսէն Գոնիա եւ Գոնիայէն Պոլիս ու Հալէպ անբասիր կեանք ունեցող -իր գաղափարի հակառակորդներուն իսկ կրկնակ վկայութեամբ- Սրբազանին դէմ ըսելիքներ ունեցան, թէեւ առանց կարենալ փաստելու: Բարեբախտութիւն է հարկաւ, որ ժողովուրդը անտարբեր մնաց եւ Սրբազանը երբեք տեղեկութիւն չունեցաւ այդ «կեղտոտ զրոյց»ներէն:
Պէյրութահայերը ցաւ զգացին, երբ Արտաւազդ Արք.ը Եւրոպայի նուիրակ ուղարկուեցաւ Էջմիածնի Հայրապետին կողմէ: Ոմանց համար անակնկալ մը եղաւ այդ, որովհետեւ, երբ Արտաւազդ Սրբազան դէպի Էջմիածին ընկերացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, ներկայ ըլլալու եւ մասնակցելու համար Ամենայն Հայոց Հայրապետին օծումին, շատ ալ չէին խանդավառուած իրմով, նոյնիսկ աւելորդ գտեր էին անոր ակնցիի եւ սկիւտարցիի մաքուր հետաքրքրութիւնը:
Սրբազանը ինքն ալ ցաւ զգաց, որ պիտի լքէր Պէյրութը, մանաւանդ այն անկիւնը, ուր իր ճոխ գրադարանին մօտիկ ալ վարժուեր էր հանդարտօրէն նուիրուիլ բանասիրական աշխատանքի, դասաւորելով իր ձեռագիրները եւ հետզհետէ հրատարակութեան տալով զանոնք: Մօտ էր նաեւ ծնողքին տունը, կրնար երեկոյեան պտոյտի ձեւով այցելել ծերունազարդ մօրը, ինք որ այն քան ծնողասէր էր եւ ընտանասէր:
Ընտանիքներու շրջանակին մէջ ըլլալու անոր հոգեկան պահանջը խորապէս կը զգայի ես, երբ անոր սեւ ինքնաշարժը կա՛նգ կ՚առնէր Զահլէի մեր տան առջեւ: Կիսամութ սենեակին մէջէն, ան կը սիրէր դիտել գարնան կանաչութեամբ շքեղ կամ աշնան կարմրաւուն տերեւներու տրտմութեամբը թախծոտ հսկայ ծառը, եւ գոց պատուհանին ետեւէն իսկ լսուող կարկաչը ջուրերուն. կը նստէր անշարժ ու լուռ, հանդարտեցնելու համար արցունքով ծանրացած սիրտը անարդարօրէն հալածուած մարդու: «Թշուառի» այդ զգայնութիւնը լաւ կը հասկնայինք մենք ու զայն կը ձգէինք ժամերով առանձին: «Սրբազանը մինակ մնալ կ՚ուզէ տղաս», կ՚ըսէի մանչուս եւ ան իր խոշոր աչքերով սեւեռուն նայելէ վերջ Սրբազանին տրտում դէմքին, անձայն դուրս կ՚ելլէր սենեակէն, երեկոյեան հաւաքոյթին պահելով իր հարցումները եւ խաղալիքներու ցուցադրումը:
Հայր Ակինեան կը մնար մեզ մօտ, բայց Սրբազանը կը գիշերէր պանդոկի մը մէջ, որովհետեւ, կ՚ուզէր պահել առաջնորդի իր դիրքը մեծ հպարտութեամբ: Աւելորդ է «գոռոզութիւն» անուանել այդ, որովհետեւ Սրբազանը կը պատկանէր լա՛ւ ընտանիքի մը եւ վարժուած էր լա՛ւ ապրելու: Անոր քիչ մը պարտադրող ձեւերը բնական էին, իսկ անոր հռետորական ձեւերը լոկ երազմի մը -Օրմանեանի օրինակին- իրականացումն էին: Բոլոր իրաւ մտաւորականները կը սիրէին Սրբազանը, անոր թերութիւններն իսկ հաճելի գտնելով, իսկ անոր անձնուիրութիւնը եւ զիջողութեան ոգին բարեկամներու հանդէպ, չեմ կարծեր թէ ոչ ոք սիրտ կ՚ընէ ուրանալու:
Ինչ որ անոր դժբախտութիւնը կազմեց Հալէպ, Պէյրութ, գուցէ նաեւ Փարիզ, կը կարծեմ, թէ այն բծախնդրութիւնն էր, որ ան կ՚ուզէր պահել իր պաշտօնին գործադրութեանը մէջ:
Խորապէս ազգասէր, անոր համար հայրենիքի վարչաձեւը ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր անշուշտ: Միշտ նուիրեալ իր ազգին, ան չէր կրնար ընդունիլ, որ հարցման նշան դնողներ ըլլան իր անշահախնդիր ազգասիրութեան դէմ: Մեծապէս գնահատուած ֆրանսացի մտաւորականներէ եւ Լիբանան-Սուրիա բարձր պաշտօններ վարած ֆրանսացի զինուորականներէ, ան թերահաւատութեամբ պիտի ընդունէր իր նկարագրին վրայ իյնող որեւէ ստուեր: Բարձր իշխան Հայ Եկեղեցիին, օրինակովն Օրմանեանի, Դուրեանի, Նարոյեանի, ան բնականօրէն իշխանական պիտի ըլլար իր մտածումին եւ գործելակերպին մէջ, Էջմիածնի արժանապատուութիւնը նախընտրելով ժամանակներու անտեղի երկչոտութիւններէն: Ան որպէս անբասիր հա՛յ հոգեւորական կրնա՛ր եւ պէ՛տք էր, որ մասնակցէր Խաղաղութեան ժողովին, ինչպէս եւ իր բարձր հովանաւորութիւնը, աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը պէտք է՛ բերէր ներգաղթին: Մեր փոքր հայրենիքին իրականութիւնը ո՞վ է կասկածի տակ դրեր եւ ո՞վ է այն յանդուգնը, որ կրնայ մեր կրօնասիրութիւնը ստուերոտել: Անծայրածիր Ռուսիոյ մէջ ամենափոքր անկիւնն է Էջմիածինը, բայց կարեւորագոյն անկիւնն է -անցեալին, ներկային եւ գալիքին- ու ա՛յս պէտք է ըմբռնեն բոլորը՝ Հայ թէ օտար:
Ու որպէսզի «ըսուած»ին նման հրահանգ մը տար Ֆրանսական կառավարութիւնը մեր Կաթողիկոսական նուիրակին դէմ, հարկ էր, որ ամբողջ ֆրանսացի ժողովուրդը, իր մտաւորականներով եւ զինուորականներով ու պետական մարդոցմով մոռցած ըլլային մեր պատմութիւնը, մեր անհուն զոհողութիւնները:
Ի՜նչ ալ ըլլային տարակարծութիւնները, ամբողջ Եւրոպայի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի պէտք է կանգնէր բողոքելու համար այդ անարգանքին դէմ: Այն ժամանակ միայն պիտի բացուէին դպրոցները եւ երեւան պիտի գային «Հայ» անունին անարժան մարդոց նզովքի արժանի սեւութիւնները:
Ի զուր է արցունքներով ողողել դագաղ մը: Հեղեղանման արցունքներն իսկ պիտի չկրնան սրբել արատը:
Մեռնի՜լ… բոլորիս ճակատազիրն է. բայց մեռնիլ արցունքո՞տ աչքերով եւ փշրուած սիրտով…: Ե՞րբ պիտի դադրեցնենք այս գռեհիկ հալածանքը մեր այնքան քիչ թիւով բարձր կղերականներուն հանդէպ: Լսեցի՞նք, կարդացի՞նք նման բառամթերք Հայ Կաթոլիկ եւ Հայ Բողոքական հոգեւորականներու դէմ գործածուած: Անոնք անբասի՞ր են, անոնք թերթ չունի՞ն. անոնց մէջ հայրենիքի ներկայ վարչաձեւը անխուսափելի նկատողներ չկա՞ն:
Ափսո՜ս մեր ազատութեան, որ այսքան ստորնացումներու կը տանի մեր հրապարակագրութիւնը, մեր քաղաքականութիւնը, մեր կրօնասիրութիւնը:
Գեր. Արտաւազդ Արքեպիսկոպոսին նման անձեր կան, որ չե՛ն կրնար վերսկսիլ իրենց խորտակուած կեանքը, մահացու է անոնց հոգեկան փլուզումը… եւ եթէ չենք ուզեր անբաղձալի դարձնել հայ կրօնաւորի ասպարէզը եւ ամայացնել մեր եկեղեցիները, հրճուանք պատճառելով այդ «մեծ օրուան» սպասողներուն, քիչ մը լրջութիւն մտցնենք մեր ազատասիրութեան մէջ: Մեր բարձր եկեղեցականներու, մասնաւորապէս զարգացած եկեղեցականներու մասին ամէն անցորդի փսփսուքը բարոյական ցեխարձակումի չվերածենք:
Խիստ կարեւոր թեմի մը առաջնորդը սրտաբեկ կը բաժնուի մեզմէ ամենէն փափուկ ժամանակաշրջանի մը: Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Հայ եկեղեցին բաժնուած է, փոխանակ նեցուկ կենալու զարգացած Առաջնորդի մը, նոյնիսկ ստիպած են, որ ան բացատրութիւններ տայ Էջմիածնի իշխանապետութեան շուրջ, ի հարկին սխա՛լ մեկնաբանութեամբ ներկայացնելու համար այդ բացատրողականն իսկ: Հոս, հալածանքը ձեւ ստացած է եւ «գալիք» օրերու սպառնալիքին վերածուած, մեր ամենէն զարգացած, պերճախօս կրօնաւորին՝ Դերենիկ Սրբազանին հանդէպ, երբ այլեւս ամենէն անխիղճն իսկ սիրտ չ՚ըներ տառապեցնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հիւանդ Վեհափառը:
Իսկ ամենէն զարմացնող կէտը ա՛յն է, որ ի՛րապէս հայրենասէր, ազգասէր եւ եկեղեցասէր ու զարգացած կղերականներն են, որ հալածանքի կ՚ենթարկուին:
Դագաղ մը փակուեցա՛ւ. նոր ու մեծ պարապութիւն մը գոյացաւ մեր ազգային կեանքէն ներս: Այդ դագաղին շուրջ վիշտով րոպէ մը արձանացած ֆրանսացի մեծ անձնաւորութիւնները անշուշտ մտածումներ եւ զգացումներ ունեցան մեր մասին: Յղկուած միտքով եւ փորձառու անձեր են անոնք ու անոնց համար սրբագոյն նուիրականութիւններ են հայրենիքն ու կրօնքը:
Արցունքը աչքին թաղուած Անդրանիկին քով հանգչող Գեր. Արտաւազդ Ս. Արքեպիսկոպոսի թարմ հողակոյտը պիտի սթափեցնէ՞ մեզ այս մղձաւանջային հոգեվիճակէն, երբ դեռ ուշ չէ, եւ, երբ փշրուած սիրտով հեռացող տարեցներու թիւը եւ զզուանքով երես դարձնող երիտասարդ մտաւորականներու թիւը ազգակործան վիճակի մը չէ հասած:
Հէ՛ք Սրբազան, խաչիդ ծանրութեան տակ կքուած, «սրտակից» մը փնտռեցիր եւ կ՚ըսեն, թէ չգտա՛ր… բայց գիտէի՜ր հարկաւ, որ դարերու գերութեամբ ապրած ժողովուրդները իրենց սրբագոյն մարգարէներն իսկ Գողգոթայ կ՚առաջնորդեն:
Հալէպէն Պէյրութ եւ անկէ ալ Փարիզ քու բանասիրական աշխատանքներուդ մէջ փնտռեցիր թեթեւացումը, պատրանախաբ սրտիդ, այդպէս ըրած էին մեր բոլոր մատենագիրները, թարգմանիչները, գրչագիրները. վստա՛հ էիր, թէ քու կանգնած եկեղեցիներդ, դպրոցներդ եւ հրատարակած գիրքերդ յաւիտենականութեան պիտի տանէին անունդ, մոռցնել տալով արիւնաքամ սիրտդ եւ ցաւատանջ մարմինդ:
Լա՛ւ ըրիր: Ինչպէս լա՛ւ ըրիր հաւատալով զօրութեանը այն փոքր հայրենիքին, որ քեզ անարգել փորձող «մեծ» մարդոց շնորհիւ եղաւ ինչ որ է, բայց, հո՛դ իսկ կրցաւ ԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵԼ, ինչպէս ըրած էր ճարտարապետութիւնը, յոյն ասորի-պարսիկ մշակոյթը եւ քրիստոնէութիւնը:
Միշտ պիտի յիշենք քեզ Սրբազան Հա՛յր եւ մի՛շտ պիտի աղօթենք, որ քու հաւատաւոր հոգիիդ լոյսէ երազը իրականանայ. փառաւորուի Հայ ազգային եկեղեցին, քրիստոնէութեան իր ճշմարի՛տ եւ պա՛րզ ըմբռնումով, մշտական ներշնչարան ըլլայ Էջմիածինը իր Լուսաւորչի Կանթեղով, եւ իրական խաղաղութեամբ բարգաւաճի ու արդարութեամբ իրաւատէր դառնայ մեր փոքրիկ հայրենիքը:
Մե՛նք ալ, քեզի՛ նման, կը հաւատանք այդ հայրենիքին եւ կը բողոքենք բոլո՛ր անոնց դէմ, որոնք մեր հայրենասիրութիւնը կը շահագործեն մեզ իրարու դէմ հանելով:
Քու արցունքներով ողողուած դագաղղ եւ այն բոլոր տանջանքը, որ լուռ կրեցիր եւ որուն արձագանգը հի՛մա է, որ կը հասնի մեզի, երբ դուն ալ չկա՛ս, մեզ աւելի կը զօրացնէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք վարդապետութիւններու կը կառչին փաստելու համար իրենց հայրենասիրութիւնը:
Մինչ հայրենասիրութիւնը պարզապէս ԸԼԼԱ՛ԼՆ է… հալածանքի ու մահուան դէմ իսկ… ու ամէն տեսակ բռնապետութիւններու: Ու դուն ԵՂԱ՛Ր, հէ՛ք Սրբազան: Սրտաբեկ մահդ նո՛ր զոհ մը թող արձանագրէ «մեծ»երու ոսկեմատեանին:
Մենք ե՞րբ վախցեր ենք մահէն՝ բարեկամ թէ թշնամի ձեռքերէ մեզի ճակատագրուած:
1951
ՍԵԶԱ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ