Երեքշաբթի 30, Դեկտեմբեր 2025
«ՄԱՐԱԼ»Ի ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը այս տարի եւս Ամանորի շրջանին կազմակերպեց իր աւանդական խրախճանքը, որու ընթացքին մանաւանդ մանկապատանեկան կազմի փոքրիկները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։ Հտպիտի ընկերակցութեամբ անոնք ունեցան հաճելի ժամանց՝ մինչ ծնողները իրենց կը հետեւէին յուզումնախառն զգացումներով։
Այս տարուան խրախճանքը զուգադիպեցաւ յոբելենական շրջանի՝ մանաւանդ, որ «Մարալ» տակաւին անցեալ շաբաթ հանդէս եկած էր իր հիմնադրութեան 45-ամեակին ձօնուած ելոյթով։
Խրախճանքի ընթացքին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը, մինչ տօնական շրջանի մթնոլորտին յարիր ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025