ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ՄՏԱԾԵՆՔ ՄԵՐ ԳԱՆՁԵՐՈՒՆ ՈՒ ԳԱՆՁԱՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Կարճ կամ երկար՝ ամէն շրջան երբ իր աւարտին կը մօտենայ, կը մտածենք (եւ պէտք է մտածենք) հաշուեքննութեան կամ հաշուեյարդարի մասին: Մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բառերով.
«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»:
Այս կ՚ըլլայ կարծես մեր միտքը չարչրկող առաջին մտածումը։
Եւ մարդ, երբ այս մասին կը սկսի մտածել, բնականաբար, իր միտքը կը տարուի նիւթականով եւ կը սկսի նիւթի մասին մտածել: Ոմանք կը մտածեն ու կ՚անցնին՝ բաւարարուելով իրենց ունեցածով, իսկ ուրիշներ մտածելէ անդին, կ՚իյնան չափազանցութեան գիրկը, որով ագահութիւնը, նիւթապաշտութիւնը (արծաթսիրութիւնը) եւ այլն կը դառնան իրենց մտածումին կեդրոնը: Եւ հակառակ անոր, որ ագահութիւնը, նիւթապաշտութիւնը կամ նիւթամոլութիւնը մահացու մեղք կը համարուին՝ մարդ արարածը կը սիրէ նիւթը, դրամը, գոհարեղէնը, այլ անունով՝ գանձը: Ցաւօք, մարդուն այդ սէրը կապուած է միմիայն նիւթական գանձին: Սակայն, մարդ չի մտածեր, որ կայ շատ աւելի ուրիշ գանձ մը, որ շատ աւելի կարեւոր է եւ յաւիտենական. երկինքի գանձը կամ երկնային գանձը:
Արդարեւ, երբ մարդ այս երկու գանձերուն՝ նիւթականի եւ երկնայինի միջեւ տարբերութիւն դնէ, արդէն կրնայ յստակ կերպով ճշդել, թէ ո՛ւր է իր գանձարանը. ա՞յս աշխարհի վրայ, ուր ինչքան ալ ամուր ու պաշտպանուած ըլլայ մէկ կողմէ գողցուելու մնայուն վտանգին տակ է, միւս կողմէ ալ դատապարտուած է անէանալու: Իսկ երկինքի գանձարանին ո՛չ ոք եւ ոչինչ կրնայ վնասել: Ասկէ մեկնելով շատ կարեւոր է, որ մենք մեր գանձերը ո՛ւր կը պահենք. աշխարհի՞ գանձարաններուն մէջ կամ երկնքի: Առ այդ, երկու գանձարաններու միջեւ ընտրութիւն կատարելու համար մեզի օգնութեան կը հասնի մեր Տիրոջ հետեւեալ թելադրական խօսքը. «Գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ուտիճը կը փճացնեն, եւ ուր գողերը ծակ բանալով կը գողնան. այլ գանձեր դիզեցէք ձեզի երկնքի մէջ, ուր ո՛չ ցեց եւ ո՛չ ուտիճ կը փճացնեն եւ ո՛չ ալ գողերը ծակ կը բանան ու կը գողնան. վասնզի ուր որ են ձեր գանձերը, հոն պիտի ըլլան նաեւ ձեր սրտերը» (Մատթէոս Զ.19-21)։
Այսօր, երբ կը պատրաստուինք մուտք գործել 2026 տարւոյն սեմէն ներս, այնքան դիւրին է գտնել երկնային գանձարանի ճամբան։ Պահ մը դիտենք մեր անմիջական շրջանակը, ուր մխիթարութեան, ֆիզիքական ու բարոյական աջակցութեան, նիւթականի կարիք ունեցող բազում մարդիկ կան՝ այր կամ կին, մանուկ կամ երիտասարդ, որոնց նկատմամբ եթէ յաջողինք մարդկային եւ քրիստոնէական ճշմարիտ ու անկեղծ վերաբերմունք ցուցաբերել, ապա այդպիսով մեր հաւաքած հարստութեամբ գանձեր կը դիզենք մեր երկնային գանձարանին մէջ։
Յիշենք նաեւ այրի կնոջ լումայի մեզի տուած հոյակապ դասը (Մարկոս ԺԲ. 41-44 եւ Ղուկաս ԻԱ. 1-4)։ Կրնանք նիւթապէս հարուստ չըլլալ։ Այդ այրին ալ հարուստ չէր։ «Իսկ ան՝ իր չքաւորութենէն՝ գանձանակին մէջ ձգեց այն ամէն ինչ որ ունէր, իր ապրուստը՝ եղածին չափ»։
Երբ մարդիկ տխուր են ու թեթեւ ժպիտի մը կարօտ, իրենց դէմքին վրայ ժպիտ ուրուգածուելու առիթ ընծայելը կամ առիթ դառնալը, անկարին ձեռք երկարելը դիւրին ու գեղեցիկ ճամբայ է երկնային գանձարանին մէջ գանձ դիզելու։
Տիրոջ տունը՝ մեր եկեղեցիները եւ այնտեղ իրագործելի առաքելութիւնը, բարեսիրական հաստատութիւնները, աղքատին քսակը, որբը, անկարը, տխուրը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար սքանչելի գանձարաններ են, «ուր ո՛չ ցեց եւ ո՛չ ուտիճ կը փճացնեն եւ ո՛չ ալ գողերը ծակ կը բանան ու կը գողնան»։
Եւ տարեվերջի կամ ամանորի խորհրդածութեան աւարտին եկէք յիշենք հարուստ երիտասարդին նմանութիւնը (Մատթէոս ԺԹ. 16-22, Մարկոս Ժ. 17-31 եւ Ղուկաս ԺԸ. 18-30), որուն Տէր Յիսուս ըսաւ կարճ, կտրուկ ու յստակ. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա ծախէ՛ քու ունեցուածքդ եւ տո՛ւր աղքատներուն. եւ երկնքի մէջ գանձեր պիտի ունենաս. իսկ դուն ետեւէ՛ս եկուր»։
Սիրելիներ,
Տիրոջ 2026-րդ Նոր տարւոյն սեմին մաղթանքս է, թէ այս 365 օրերու ընթացքին, երբ կը ջանանք գանձեր դիզել, միաժամանակ մտածենք, թէ ի՛նչեր են մեր գանձերը, ի՛նչ բաներով կը հարստանանք եւ ամենակարեւորը՝ ո՛ւր կը կուտակենք զանոնք:
Աստուածային շնորհքներով, առաքինութիւններով, պապենական հարստութիւններով՝ մեր մայր եկեղեցիով, մայրենի լեզուով, մշակոյթով, աւանդութիւններով հարուստ նոր տարիի մը մաղթանքով եւ աղօթքով…
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ