ՇՆՈՐՀ ՇՆՈՐՀՈՂԻ ՊԱՐԳԵՒԻՆ ԱՐԺԱՆԱՆԱԼ

Ամէն անգամ, երբ տարիի մը վերջին վայրկեաններուն կը հասնինք եւ կը պատրաստուինք նորը դիմաւորելու, այլեւս սովորական դարձած է ըսել. «Շնորհաւոր Նոր տարի»։ Սակայն եւ այնպէս, ամանորեան այս բարեմաղթութիւնը ակամայ կերպով մը շուքի տակ կը մնայ ուրախութեան եւ խրախճանքի մթնոլորտին մէջ։ 

«Շնորհաւոր Նոր տարի» մաղթանքը իսկութեան մէջ կը շեշտադրէ «շնորհ»ի եւ կամ գրաբարեան յոգնակիով «շնորհք»ի գաղափարը եւ կարեւորութիւնը։ Բառարաններ շնորհք բառին իմաստը կը ներկայացնեն՝ որպէս Աստուծոյ ձրի տուրքը, պարգեւը, նուէրը, ընծան, որ բարեացակամութեամբ, առանց խտրութեան կը տրուի համայն մարդկութեան՝ առանց որ ստացողներ իրաւունք կամ արժանիք ունենան։ Ի զուր չէ, որ յետ Քրիստոսի թուականի տարիները կը ճանչցուին նաեւ՝ որպէս «շնորհաց տարիներ»։

Շնորհ շնորհողի պարգեւին արժանացած ըլլալու գլխաւոր նշանն է բոլորիս համար, երբ մեր կեանքի օրերու ընթացքին ամէն տարի կը հասնինք Ամանորի ուրախութիւնը ապրելու։ Իւրաքանչիւր ամանորի ուրախութիւն, որուն կ՚արժանանանք հասնիլ, իսկութեան մէջ ուրախութիւնն է տարի մը եւս ապրած ըլլալու եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ընթանալու յաջորդ տարուան ճանապարհին մէջ։ Աստուածային պարգեւին արժանացած ըլլալու կարեւոր մէկ երեւոյթն ալ այն է, որ կը շնչենք, մեր մարմնին մէջ մեզի անծանօթ բազմահազար թիւերով բջիջներ կը վերանորոգուին եւ մեր կեանքը կը շարունակուի կենսանորոգ զօրութեան շնորհիւ։ Արդէն իսկ հաւատաւոր անձեր, որոնք կը գիտակցին այս ճշմարտութեան, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանեն առ Աստուած՝ որպէս քաղցր պարտականութիւն։ 

Քրիստոս Նազարէթի ժողովարանին մէջ մասնակցած արարողութեան ընթացքին, իրեն տրուած Եսայի մարգարէի գիրքը երբ բացաւ եւ յոտնկայս կարդաց. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է, զիս ատոր համար իսկ օծեց. զիս ղրկեց աղքատներուն աւետարանելու, սրտաբեկ հոգիները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատում քարոզելու եւ կոյրերուն տեսողութիւն, կեղեքուածները ազատ արձակելու, Տիրոջ ընդունելի տարին հռչակելու» (Ղուկաս, 4.18-19) պարբերութիւնը, ժողովարանին մէջ հաւաքուածներ իրենց աչքերը կը սեւեռէին անոր վրայ։ Քրիստոս զարմանքով լեցուն ժողովուրդին դառնալով ըսաւ. «Այս գրուածքները կատարուեցան այսօր, երբ կը լսէիք ձեր ականջներով»։ Երբ կը կարդանք այս բաժնին երկրորդ մասը, ակամայ մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուին տրտմութեամբ եւ տխրութեամբ համակուած տեսարաններ, աղքատութեան մէջ տուայտող անոք եւ անօգնական անձեր, գերիները գրեթէ անշարժութեան մատնող շղթաներ, խարխափելով ճանապարհ որոնելու ջանացող կոյրեր, անարդարութեան մատնուած եւ իրաւազրկուածներ։ Որքան տխուր են այս երեւոյթները, որոնք յիրաւի կ՚անհանգստացնեն, երբ կը յայտնուին ի տես մարդկութեան։

Եսայի մարգարէն Ղեւտացւոց գրքին մէջ իր մարգարէութեամբ կ՚ակնարկէր յիշուած Յոբելեան տարիին (Ղեւտացւոց, 25.10-13), որ ստուերն էր Քրիստոսի Աւետարանին, արդարութեան արեգակին յայտնութեամբ ծագած Աստուծոյ փառքի լոյսին։

Քրիստոս մարդկութեան պարգեւուած մեծագոյն եւ անկրկնելի շնորհն է։ Սուրբ Աւետարանով քարոզուած սկզբունքները զօրութիւն ունին վերանորոգելու մարդկային կեանքերէն ներս տեսանելի դարձած երեւոյթները եւ յիրաւի այդ բոլորը իրականացան։ Աղքատներ իրենց քով գտան օժանդակող բարերարներ։ Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ «յիշել աղքատները» (Գաղատացիս, 2.10)։ Տրտմութիւն եւ թախիծ բուրող դէմքեր փայլեցան ուրախութեամբ։ Քրիստոս նախքան մատնութիւնը իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինչ որ իմ անունովս իմ Հօրմէս խնդրէք պիտի տայ ձեզի։ …խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Յովհաննէս, 16.23-24)։ Վերջ գտաւ մարդկային արժանապատուութեան ներհակ գերութիւնը։ Կոյրերու աչքերը բացուեցան։ Քրիստոս Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ իր մօտ առաքուածներուն ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին, ինչ որ դուք տեսաք եւ լսեցիք. կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, աղքատները կը լսեն Բարի Լուրը» (Ղուկաս, 7.22)։ Գործուած անարդարութեան պատճառաւ յառաջացած տուայտումները չքացան արդարութեան սկզբունքով։ Քրիստոս ըսաւ. «Երանի անոնց, որոնք քաղցն ու ծարաւը ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան» (Մատթէոս, 4.6)։ Քրիստոնէական ուսուցումները հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացուցին եւ ամէն դրական զարգացում արդիւնքն էր Աստուածային գերագոյն շնորհին յայտնութեան։

Երբ կը հետեւինք Ղուկասու Աւետարանի մեկնիչ՝ Իգնատիոս Վարդապետին, կը տեսնենք, թէ Քրիստոսի կարդացած Սուրբ Գիրքի հատուածի մէջ նշուած շնորհալի փոփոխութիւնները կը բացատրուին իրենց հոգեւոր իմաստով։ Սատանայի հարուածներէն բեկուած սրտերը կը բժշկուին։ Բռնաւոր սատանայէն գերեվարուածները կ՚ազատագրուին։ Մեղքերու խաւարին եւ անհաւատութեան կուրութեան բարձմամբ ապականիչ ախտերէ վարակուած հոգիներու կուրութիւնը կը լուսաւորուի։ Հոգիներ կ՚ազատագրուին մեղքի կապանքի բռնութենէն եւ կը բժշկուին մեղքի յառաջացուցած վէրքերը։ 

Հոգելոյս Զաւէն Արք. Չինչինեանի աշխարհաբար թարգմանութեան հետեւելով՝ Իգնատիոս Վարդապետէն կը սորվինք Տիրոջ ընդունելի տարիի մասին գրի առնուած մեկնաբանութիւնը, ուր նշուած է. «Քրիստոսի գալուստը փրկութիւնը ընդունելու ժամանակ է եւ անշուշտ միանգամայն Աստուծոյ ընդունելի հաւատք ընծայելու ժամանակ։ Յիսուս մարդկային ցեղին կը շնորհէ Աստուածեղէն պարգեւներ։ Հոգւով սգաւորներուն Սիոնի փառքը կու տայ։ Մեղաւորութեան գիտակցութեամբ սգաւորները սրբուելով մեղքերէն, փառք կը զգենուն, որով սուգը կը թօթափի եւ հոգիները կը զուարճանան։ Կորուսիչ մեղքերու համար տրտմելու փոխարէն, որով մոխիր ցանած էին իրենք իրենց վրայ, Սուրբ Հոգւոյն օծումը կ՚ընդունին շնորհաց աւազանին միջոցաւ։ Սգաւորներուն ոչ միայն ուրախութիւն կը շնորհէ, այլ եւ փառքի հանդերձանքներ կը հագուեցնէ, զի անոնք որոնք ի Քրիստոս մկրտուեցան, Քրիստոսը զգեցած են. (Գաղատացիս, 3.27) եւ նա է պատմուճան ուրախութեան, որուն զուգապատիւ փառք չի կրնար ըլլալ։ Այսպէս ազատելով մեղքերէն արդարութեան ազգ պիտի կոչուին որ է անուն Քրիստոնէութեան»։

Շնորհք է մեզի համար, Վերջին ընթրիքի սեղանին վրայ Քրիստոսի հաստատած Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որ մատուցուած Սուրբ Պատարագներով կը շարունակուի կատարուիլ ու մինչեւ աշխարհի վախճանը պիտի կատարուի «իր յիշատակին համար» (Ղուկաս, 22.20)։ Յիրաւի շնորհք է մեզի համար, քանի այս խորհուրդին միջոցաւ կրնանք հաղորդ դառնալ Քրիստոսի պատուական Մարմնին եւ Արեան։ Ներսէս Լամբրոնացի, Տարսոնի արքեպիսկոպոսը, կարեւոր կը նկատէ շնորհքի եւ Աստուծոյ սիրոյն ծաւալումը հաւատացեալի հոգիին եւ մտքին մէջ, որպէսզի այդ զօրութեամբ պարսպուած կարենայ լաւագոյնս ըմբռնել մատուցուած Սուրբ Խորհուրդին խորիմաստ արժէքն ու վեհութիւնը։ Ու կ՚աղօթէ՝ ըսելով. «Հիմա զօրացէք շնորհքով, առատացէք սիրով, սրբուեցէք մտքով եւ այսպէս զօրութեամբ Սուրբ Երրորդութեան կարողանաք հաղորդ դառնալ Սուրբ Խորհուրդին»։

Աստուածապարգեւ շնորհի բազմազան ներգործութիւններով՝ կեանքի օրերը յիրաւի կը վերածուին շնորհալի շրջանի։ Սուրբ Մակար Մեծ շնորհի ներգործութեան մասին կը գրէ. «Բայց ինչպէս մեղուն փեթակին մէջ ծածկաբար մեղրաբջիջներ կը պատրաստէ, այդպէս ալ շնորհը սրտերու մէջ անտեսանելիօրէն կը ծնի իր սէրը եւ դառնութիւնը վերածելով քաղցրութեան, իսկ խստասրտութիւնը` բարեսրտութեան»: 

Շնորհի ներգործութեամբ պայծառազարդուած ըլլալու հաւատքը առիթ կ՚ընծայէ, որ Ամանորի առընթեր, ամէն օր անդրադառնանք Աստուածային շնորհին եւ որպէս շնորհի արժանացածներ՝ այս հաւատքով ողջունենք զիրար եւ ըսենք. «Շնորհաւոր Նոր տարի»։ Այդ ողջոյնէն թող տարածուի մեր վայելած հոգեւոր ուրախութիւնն ու հրճուանքը։

Աստուած բոլորս արժանացնէ ուրախարար այս հաւատքին օրհնութեամբ ապրելու եւ անով վարակելու մեր հարազատներն ու բարեկամները՝ պատարագիչ հոգեւորականի արտասանած բառերը յիշելով. «Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սրբոյ Հոգւոյն, եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեան»։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025