Ի՞Մ, ԹԷ ՄԵՐ ՇԱՀԸ
«Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութեամբ մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք։ Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպեցիս 2:3-4)։
Մարդու անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ կայ «ես»ի եւ «մենք»ի միջեւ համակեցութիւն եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու մարտահրաւէրը։ Եթէ մարդը կ՚ապրի իր «ես»ով, բայց, այդ մէկը պէտք է համադրէ նաեւ հաւաքական կեանքին՝ իմա «մենք»ի հետ։ Այս երկու բաղադրիչները միշտ չէ, որ կը համընկնին իրարու հետ։ Կան հակադրուած իրողութիւններ այս երկու կենսական բաղադրիչներու միջեւ եւ անոնք միշտ չէ, որ հաշտ կրնան ընթանալ իրարու հետ։ Մարդը կ՚ապրի իր «ես»ով եւ սա բնական է։ Բայց, թէ ինչպէ՞ս «ես»ը պէտք է տեղադրել «մենք»ի խճանկարին մէջ՝ կը մնայ իրագործելի առաքելութիւն։
Աստուած մեզի շնորհած է ընտանիք, առողջութիւն, ժամանակ, ընդունակութիւններ, որոնց հանդէպ պատասխանատու ենք։ Բայց, երբ անձնականը՝ «ես»ը, կը դառնայ միակ չափանիշ, ապա մեր կեանքի մտահորիզոնը կը նեղնայ եւ մեր տեսիլքն ալ կրնայ խաւարիլ։ Այս իմաստով, Պօղոս առաքեալի նամակը՝ փիլիպեցիներուն, ուսանելի է։ Պօղոս առաքեալ չ՚անտեսեր «ես»ի իրականութիւնը, երբ կ՚ըսէ «միայն ձեր անձերուն շահը»։ Միա՛յնը ցոյց կրնայ տալ, թէ «ես»ը կայ եւ կը գործէ, բայց, ո՛չ միայն «ես»ը։
«Փնտռել» բային յունարէնը «skopeo» է, որ գործածուած է Աստուածաշունչի այս համարին մէջ. «Ձեր անձերուն շահը մի փնտռէք»։ Այստեղ պէտք է հասկնալ նպատակասլաց ուշադրութիւն, միտումնաւոր կեդրոնացում եւ աշխոյժ գիտակցութիւն։ Այս իմաստով «փնտռել» բային գործածութիւնը եւ անոր իմաստը պատահական չէ՝ այլ մտածուած դիտարկում։
«Փնտռել» բային մէջ, եթէ մէկ կողմէ կայ անհատին «ես»ի փնտռտուքը, բայց, նոյնքան նաեւ կայ կեդրոնացումը դուրս գալու նոյն «ես»էն եւ տեսնելու «մենք»ի հետ փոխկապակցուածութիւնը։ Այստեղ պէտք է տեսնել, թէ «իմ»՝ իմա «ես»ի եւ «մեր»ի՝ իմա «մենք»ի յաջող փոխկապակցուածութիւնը կրնայ դառնալ շահեկան, որ կ՚արտադրէ ուժ եւ որ հասարակութեան մէջ կրնայ ստեղծել արժէք։ Ահա՛, այս արժէքն է, որ կեանքը պիտի կերտէ։ Երբ մարդը կը սորվի իր տեսադաշտը լայնցնել եւ ուրիշին կարիքը տեսնել, ապա կրնայ դառնալ վստահութեան եւ սիրոյ կամուրջ մը՝ հաւաքականութեան եւ ազգային կեանքի մէջ, ուր կը շինէ եւ չի քանդեր։ Ընտանիքը, եկեղեցին, համայնքը եւ ազգը կը զօրանան այն ատեն, երբ անոնց անդամները գիտեն իրենց մասնակցութիւնը դնել ուրիշի բարիքին եւ յառաջխաղացին ի խնդիր։ Այլ խօսքով, երբ անհատը բան մը «գրգռութիւնով եւ սնապարծութիւնով չ՚ըներ, այլ խոնարհութեամբ»։
Երբ «իմ»ը կը փոխարինուի «մեր»ով, ապա մրցակցութիւնը կը դառնայ համագործակցութիւն։ Փակ սիրտը կը վերածուի բաց ձեռքի եւ անտարբերութիւնը կը փոխարինուի կարեկցանքի, փափկանկատ տրամադրութիւններու եւ կեցուածքներու։
Մարդ անհատը կանչուած է «բան մը ընելու» իր երկրային կեանքին մէջ։ Բան մը ընելը պարգեւ մըն է եւ նոյնքան նաեւ պարտականութիւն-պատասխանատուութիւն՝ տրուած Աստուծոյ կողմէ։ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը՝ իր պատկերով եւ տեսաւ, թէ բարի՛ է։ Մարդը, որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած է, ինքն ալ կը դառնայ ստեղծագործ՝ ստեղծելու համար նո՛րը։ Այս իրականութենէն մեկնելով՝ մարդը Աստուծոյ կողմէ կանչուած է «բան մը ընել»ու իր կեանքին մէջ, բայց, ո՛չ գրգռութիւնով եւ սնապարծութեամբ, այլ՝ խոնարհութեամբ։ Այլ խօսքով, տիրական «ես»ը փոխադրել «մենք»ի մէջ, ուր բան մը ընելը կը ստեղծէ յառաջխաղաց։
Երբ «իմ»ը կը կամրջուի «մենք»ի իրականութեան հետ, ապա սա «բժշկութիւն» եւ «փրկութիւն» կը ստեղծէ։ Այս բանը իրականացաւ Քրիստոսով, որ աշխարհ եկաւ, որպէսզի «իր»ը՝ իմա «ես»ը զոհէ յօգուտ «մենք»ի։ Քրիստոսի այս գործընթացը մարդկային կեանքի մէջ ստեղծեց նո՛ր կեանքը եւ որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (Եսայեայ 53.5)։
Քրիստոս աշխարհ եկաւ «բան մը ընելու» յստակ առաքելութեամբ։ Քրիստոս իր իսկ «ես»ը վիրաւորեց եւ տակաւին ծեծուեցաւ, խաչուեցաւ ու մահացաւ, որպէսզի խաղաղութիւն բերէ։ Այս խաղաղութիւնը, որ իրականացաւ իր յարութեամբ, իրեն համար չէր, այլ մեր բոլորին։ Ան սեփական «ես»ը դրաւ «մենք»ի իրականութեան մէջ, որպէսզի բոլորս փրկուինք եւ բժշկուինք։ Եթէ մարդ արարածը բժշկուեցաւ, ապա այդ միայն իրեն համար չէ, այլ հաւաքականութեան՝ «մեր»ի եւ «մենք»ի համար, որպէսզի բոլորը փրկուին։ Վերջապէս «մարդ իր անձին օգուտը պէտք չէ փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10.24)։ Քրիսոտնէական աստուածաբանութեան շնորհած փրկութիւն-բժշկութիւնը կայացաւ՝ քանի Քրիսոտոս սեփական «ես»ը դրաւ «մենք»ի հաւաքական շահուն համար եւ այնտեղ ստեղծուեցաւ նո՛ր կեանքը. նո՛ր կեանքը, որ եկաւ իր «ես»ին մէջէն, բայց, դրուեցաւ «մենք»ի իրականութեան համար։
Մեր համահայկական կեանքը այսօր կը կենայ «իմ-ես»ի եւ «մեր-մենք»ի մեծ առճակատումին մէջ։ Հայուն կեանքին մէջ այսօր «ես-իմ»ը եւ «մեր-մենք»ը կը կենան հակադիր։ Եթէ մեր համահայկական հարցերուն մէջ կան քաղաքական դժուար պայմաններ, աշխարհաքաղաքական կնճռոտ տուեալներ, որոնք իրենց ժխտական անդրադարձը կ՚ունենան մեր ազգային ու հայրենի կեանքերու վրայ, բայց, ներհայկական իմաստով հայը ունի նոյնքան հոգեւո՛ր տագնապ մը։ Հոգեւորը՝ իր քրիստոնէական աստուածաբանութենէն մեկնելով, ուր հայուն «ես»ը չի համընկնիր «մենք»ի իրականութեան հետ։ Այսօրուան հայուն տագնապը. հայը կ՚ապրի բեւեռացուած վիճակներու մէջ՝ ինք իր մէջ, հեռու հաւաքական եւ ազգային կեանքի մէջ փրկութեան-բժշկութեան հասնելու տեսլականէն։ Հայը պիտի տեսնէ, թէ ինք կանչուած է «բան մը ընել»ու։ Այդ բան մը ընելը միայն իր անձին համար չէ, այլեւ «մեր»ի ու հաւաքականութեան համար, որպէսզի ապահովէ ազգային կեանքի համար փրկութիւնը եւ բժշկութիւնը։ Հայը պէտք ունի այսօր փրկութեան ու բժշկութեան, որպէսզի դուրս գայ իր ազգային հազար ու մէկ հարցերէն։
Եթէ այսօր հայը ցաւ կը զգայ, ունի վիշտեր եւ կ՚ապրի անարդարութիւններ ու տակաւին կը տքնի խաղաղութեան, սա պիտի նշանակէ, թէ «ես-իմ» շահը պիտի տեղափոխէ «մենք-մեր»ի հաւաքական շահու գիտակցութեան մէջ։ Եւ «իմ»ի ու «մեր»ի բաժնեկցութեան մէջ է, որ հայը պիտի գտնէ փրկութիւն-բժշկութիւն… եւ խաղաղութիւն։
Ի՞մ, թէ մեր շահը։
Անպայմանօրէն մե՛ր շահը։ Մեր շահուն մէջ է հայուն փրկութիւնը։ Եւ այս փրկութիւնը պիտի բերէ սպասուած խաղաղութիւնը։
Եթէ պիտի շնորհաւորենք մեր բոլորի Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, ապա պիտի մաղթենք, թէ հաւաքական՝ իմա մեր շահը ըլլայ համահայկական իրականութեան համար ապրող իրականութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ