ԵՐՆԷ՜Կ ԹԷ ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ… ՀԱՅ ԱԶԳՆ Ի ՄԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒԷՐ
Եկեղեցւոյ հայրերէն Օգոստինոս աշխատութիւններէն մէկուն մէջ՝ խօսելով Աստուծոյ էութեան մասին, կ՚ըսէ. «Աստուած չի կրնար սխալիլ, որովհետեւ անոր իմաստութիւնը կատարեալ է»։ Մենք եւս՝ որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, Աստուծոյ անսխալականութիւնը կ՚ընդունինք, սակայն, թող ներուի մեզի ըսել, թէ ճշմարտութիւնը այդպէս չէ… տեղ մը Աստուած ի՛նք եւս սխալական է եւ իր կարգ մը որոշումներուն մէջ անարդար:
Թող եկեղեցական հայրերը չնզովե՛ն մեզ այս արտայայտութեան համար։ Պարզապէս, Աստուած իր մեծ խիղճի լոյսին տակ մեղմանալով՝ մարդուն պէտք չէ ըսէր «եւ ոչ եւս եղիցի ջրհեղեղ ջուրց ապականել զամենայն երկիր»… որովհետեւ մերօրեայ մարդոց չարութիւններն ու անառակութիւնները միայն ջրհեղեղով կարելի է մաքրել ու վերացնել աշխարհի երեսէն։ Եթէ ջրհեղեղի պատճառը մարդկութեան մեղքերն ու բարոյական անկումն էր, ապա վստահ ենք, թէ մերօրեայ մարդը իր մեղքերով, իր բարոյականութեամբ ու չարութեամբ շատ աւելի ծանր վիճակի մէջ է՝ քան այն ժամանակ:
Աստուած մարդկութեան վրայ ջրհեղեղ բերաւ, որովհետեւ գոյութիւն ունէր բռնութիւն ու դաժանութիւն. կար սպանութիւն, կար անարդարութիւն ու խաբէութիւն, կար բարոյական ապականութիւն, մարդիկ հեռացած էին Աստուծմէ եւ հոգեւոր կեանքէն։ Այս բոլորը միթէ մեր առօրեայ բնական կեանքը չէ՞։ Այսօր աշխարհի ո՞ր անկիւնը այս բոլորէն գէթ մէկը պակաս է։ Վստահ ենք՝ ո՛չ մէկ տեղ։ Հետեւաբար, ունինք այն համոզումը, թէ մերօրեայ մարդը շատ աւելիով արժանի է ջրհեղեղին՝ քան անցեալի մարդկութիւնը, որ գուցէ այսօրուայ բաղդատմամբ հրեշտակ ըլլար:
Նոյն տրամաբանութեամբ անարդար էր նաեւ Սոդոմ-Գոմորի դէպքը։ Ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն, թէ Սոդոմ-Գոմոր Աստուծոյ պատիժին ենթարկուեցաւ՝ միասեռական յարաբերութիւններու պատճառով։ Եթէ այդ ժամանակ մարդիկ ծածուկ կերպով համասեռամոլ էին, ապա այսօր այդ մէկը բացայայտ ձեւով ի գործ կը դրուի։ Գուցէ այս մէկը անարդարութիւն չէ՞ անոնց հանդէպ, որոնք զոհ գացին Աստուծոյ պատիժին՝ ի դիմաց մեր օրերուն այդ մեղքերը հազարապատիկ աւելի գործող, սակայն, անպատիժ մնացածներուն դիմաց:
Առ այդ, ի դէմ այս Նոր տարուան, Կաղանդ պապուկէն եւ կամ Աստուծմէ միայն մէկ բան կրնանք խնդրել՝ համով հոտով ջրհեղեղ մը, որովհետեւ մարդկութեան այս ընթացքը այլ կերպ սրբագրել ու կարգի բերել կարելի չէ: Սակայն, մեր խնդրանք-նամակին մէջ պէտք է յիշենք, որ Հայաստան աշխարհին վրայ քիչ մը աւելիով թափէ՛ իր ջուրերը եւ բնաջնջէ այն ժողովուրդը, որ հազարաւոր տարիներ թշնամիին դիմացած ըլլալով՝ այժմ ինքզինք կը կործանէ:
Այս մեր փափաքը կատարելու համար Աստուած պահ մը աչքէ թող անցընէ՝ աշխարհի վրայ քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ պետական կրօն ընդունած Հայաստանի ներքին իրադրութիւնը. թող տեսնէ, թէ ինչպէ՜ս տաճարները վերածուած են քաղաքական կրկէսներու, մարդիկ եկեղեցի կու գան ո՛չ թէ Աստուծոյ, այլ վարչապետին համար, որովհետեւ գուցէ երկրի աստուածը՝ նիւթականը այդ մէկը կը պահանջէ, մարդիկ եկեղեցիներու մէջ զԱստուած փառաբանելու փոխարէն՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնած կը սպասեն աշխարհականի մը ծափ տալու: Աշխարհական մը իր հաճոյքին համաձայն դարաւոր ծիսական աւանդութիւն մը փոփոխութեան կ՚ենթարկէ եւ այս մէկը տարօրինակ ձեւով շատ-շատերու զարմանալի կամ սխալ չի թուիր։ Հայերէն լեզուն օրէ օր աւելի կ՚աղաւաղուի, Հայաստանի ազատութիւնը օրէ օր աւելի կը վտանգուի, իսկ մարդիկ այս բոլորը կ՚ընդունին՝ որպէս դրական ընթացք: Առաջ նման մարդոց համար խելք կ՚աղերսէինք, սակայն, հիմա հասած ենք այն համոզումին, թէ նման մարդոց յարմար խելք մը տակաւին ստեղծուած չէ աշխարհի երեսին, հետեւաբար, ամենէն մեծ նուէրը պիտի ըլլայ ջրհեղեղը:
Խեղճ Ռափայէլ Պատկանեանը աւելի քան դար մը առաջ կ՚երգէր. «Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, ոտքի կանգնէր Հայաստան…»։ Պատկանեան դժգոհ էր իր ժամանակուայ հայութենէն, սակայն, այսօր հասած ենք տեղ, ուր մենք երնե՜կ կու տանք Պատկանեանի ժամանակուայ հայ ժողովուրդի ունեցած եթէ ոչ վիճակին, ապա գէթ հայրենասիրական ոգիին։
Սիրելի Պատկանեան, «Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, հայ ազգն ամբողջ կործանէր», որովհետեւ շատ աւելի պատուաբեր պիտի ըլլայ թշնամիին եւ կամ Աստուծոյ սահմանած պատիժին կողմէ կործանիլ՝ քան սեփական ձեռքով կործանումի երթալ։ Գէթ պատմութիւնը կ՚ըսէ, թէ թշնամին ոչնչացուց կամ Աստուծոյ պատիժին ենթարկուեցաւ։ Թող չըսեն, թէ հայը հայուն միսը կերաւ ու սեփական ձեռքերով ինքզինքնին կործանեցին:
Թող մեր սխալները քննադատած նախորդ բոլոր մտաւորականները ի մի գան եւ երկինքէն դիտեն այսօրուայ հայ ազգը եւ պահ մը երանի տան իրենց ժամանակաշրջանին։ Թող Շահան Շահնուր ամօթ զգայ իր կատարած քննադատութիւններէն, որովհետեւ այսօր իր քննադատած մարդոց կարօտն ու պակասը ունինք։ Իւրաքանչիւր նոր տարի ընդամէնը տարի մը ետք հին դառնալու ճակատագիրը ունի։ Առ այդ, տարուան նոր ըլլալը ո՛չ մէկ իմաստ ու փոփոխութիւն կը բերէ մեր կեանքին մէջ։ Ուստի, գուցէ ջրհեղեղով մը կարելի կ՚ըլլայ փրկել այս ազգը սեփական կործանումէ:
Յովհաննէս Շիրազ մի քանի տասնամեակ առաջ «սպիտակ եղեռն»ի մասին կը խօսէր. այսօր եղեռնը մեր մօտ շատ աւելի արժանապատիւ ըլլալ կը թուի՝ քան ներկայ վիճակը: Այս բոլորը յոռետեսութեան արդիւնք չէ։ Պարզապէս, հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարելի չէ գտնել այլ ժամանակաշրջան մը, ուր հայը հայուն շատ աւելիով ատէ՝ քան այսօր. ժամանակաշրջան, ուր թշնամին հայուն այնքան վնաս պատճառած ըլլայ՝ ինչքան այսօր հայը հայուն կը պատճառէ:
Պատկանեանի տողերը մեր ականջներուն մէջ են. «Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, հայ ազգն ի մի գումարուէր…»։ Գումարուելու յոյս արդէն չունինք, գուցէ «հայ ազգն ի մի կործանուէր», որովհետեւ մեր կործանիլը շատ աւելի հաւանական է եւ իրականութիւն դառնալու յոյս կը ներշնչէ՝ քան ի մի գումարուիլը:
Ցաւ ի սիրտ, մեր քաղաքական ու ներքին կեանքը առիթ չի տար, որպէսզի նստելով լաւատեսութեամբ նոր տարուան մասին մի քանի տող գրի առնենք. կան բաներ, որոնք միայն հեքիաթներու մէջ իրականութիւն կը դառնան։ Մեր ակնկալած միասնութիւնն ու դէպի բարօրութիւն, դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդուիլը նոյնինքն այդ հեքիաթներուն մաս կը կազմեն:
Յոյսով, թէ մեր ազգը դէպի նոր տարի մուտք գործելու ժամանակ իր հետ չի՛ բերեր հին անբարոյ ընթացքը, որովհետեւ եթէ ընթացքը նոյնը մնայ, ապա տարուան նոր կամ հին ըլլալը արդէն իսկ իմաստ չունի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան