Տ. ՈՍԿԻ ՔԱՀԱՆԱՅ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՄԱՏՈՅՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Որդւոց Որոտման տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, համանուն տաճարին մէջ, յիշեալ տօնին օրը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց նորաօծ Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան։ Ներկայ տարեմուտին պոլսահայ հոգեւորականց դասու երիտասարդ եւ համակրելի դէմքով մը համալրուած ըլլալը հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն պատճառեց։
Ս. Պատարագին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Միեւնոյն ժամանակ հոգեւոր հայրերը կատարեցին օրուան երգեցողութիւնները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ այլ սարկաւագներ եւ դպիրներ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերը եւ ներկայ ուխտաւորները, որոնք տարեմուտի առթիւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ մանաւանդ՝ նորաօծ Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեանը ջերմօրէն շրջապատեցին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս իր ծառայութեան առաջին քայլափոխին։ Բոլորը մաղթեցին, որ տէր հայրը ըլլայ առանց ամօթի մշակ մը եւ երկար տարիներ կարողանայ Աստուծոյ կամքով ծառայութիւն բերել մեր եկեղեցւոյ համար։ Անկեղծ զգացումներու այս մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրն ալ ձեռաց խաչ մը նուիրեց Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեանին։