ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Երէկ կէսգիշերին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց Ամանորի իր պատգամը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Ամանորի խորախորհուրդ այս երեկոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն կը յղենք ձեզի Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը եւ սրտագին շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։ Տարեմուտի սեմին Բարձրեալէն կը հայցենք խաղաղութիւն համայն աշխարհին, խաղաղութիւն մեր հայրենիքին, խաղաղութիւն խռովայոյզ մեր ողջ ժողովուրդին։

Անցեալ տարին ազգիս համար լի էր տագնապալի իրադարձութիւններով՝ հասարակութեան մէջ տեղ գտած պառակտումներով, ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներով։ Ցաւօք, Նոր տարի մուտք կը գործենք նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորական դասու թիրախաւորման մտահոգիչ պայմաններու ներքեւ։ Կը շարունակեն բանտերու մէջ ապօրինաբար արգելափակուած մնալ եկեղեցականները, ազգային բարերարը եւ նուիրեալ հայորդիներ։

Տարեմուտը, սիրելիներ, հրաւէր է նորոգուելու, վանելու մեր կեանքէն մերժելի իրողութիւնները, սրբագրելու մեղսալի ու կործանարար ընթացքները, դադրեցնելու եղբայրադաւութեան քայլերը, ի սպառ բացառելու ատելութիւնն ու թշնամանքը, անհանդուրժողութեան եւ անօրինականութեան յանցաւոր երեւոյթները։

Մենք Աստուծոյ ժողովուրդ ենք, իսկ «Աստուած խռովութեան Աստուածը չէ, այլ՝ խաղաղութեան», կը հռչակէ Սուրբ Գիրքը (Ա Կոր. 14։33)։

Մեր կեանքին մէջ երկարապարգեւ խաղաղութիւնը, օրհնութիւններն ու շնորհները հաստատուն կը մնան իրարու նկատմամբ սիրոյ, ներողամտութեան եւ համերաշխութեան դրսեւորմամբ։ Յիրաւի, խաղաղութեան եւ սիրոյ մէջ կը գործէ Աստուած եւ իրական սէրն ու ներքին խաղաղութիւնը բարիք կը դառնան թէ՛ անհատի եւ թէ ժողովուրդի համար։ Ազգը զօրեղ է եւ պետութիւնը՝ անսասան, երբ անխաթար են նուիրական արժէքները, աւանդութիւններն ու նախնիներու ժառանգութիւնը, երբ որեւէ պատրուակով չի ձեւախեղուիր պատմական յիշողութիւնը, կասկածի տակ կը դրուի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ բազմադարեան առաքելութիւնը։ Այսօր եկեղեցւոյ դէմ կատարուող պառակտիչ գործողութիւնները, որոնք արդարօրէն յառաջ կը բերեն մեր հաւատաւոր զաւակներու ընդվզումը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, չունին որեւէ արդարացում եւ չեն ունենար շահեկան արդիւնք։ Եկեղեցին չի պատկանիր որեւէ դարաշրջանի, որու մէջ կ՚ապրի, այլ՝ միայն Քրիստոսին։ Առաքելահիմն Հայոց Եկեղեցին քրիստոսահաստատ Սուրբ Էջմիածնով Երկնաւորի շնորհն է մեր ժողովուրդին՝ ազգանուէր, հայրենաշէն ու հայապահպան իր ծառայութեամբ։

Տարեմուտի խորհրդաշատ այս պահուն, սիրելիներ, Հայրապետիս յորդորն է՝ ամուր եւ աներեր պահենք մեր հաւատը, դժուարութիւններուն արիաբար դիմակայելու կամքն ու վճռականութիւնը։ Թոյլ չտանք, որ անցեալ տարուայ փորձութիւնները կարծրացնեն մեր սրտերը, յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը ըլլան մեր ուղեկիցը՝ տկարացնելով մեր յոյսը եւ թուլացնելով մեր ազգային ոգին։ Աննուազ նախանձախնդրութեամբ գործենք՝ յանուն արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Պաքուի մէջ անմարդկային նուաստացումներու ենթարկուած մեր հայրենակիցներու ազատ արձակման։ Սէրն առ հայրենին, առ մեր ժողովուրդը եւ Մայր Եկեղեցին դարձնենք առանցքը մեր կեանքի, ներշնչող ուժը խիզախումներու ու յանձնառութիւններու, իմաստաւորումը ամէն զոհողութեան։ Բարի եւ արժանապատիւ ընթացքով վերահաստատենք եղբայրսիրութեան, փոխադարձ յարգանքի, զօրակցութեան մթնոլորտը մեր հայրենիքէն ներս, ազգային կեանքի եւ միջանձնային յարաբերութիւններուն մէջ։

Դժուարին այս շրջանը, անտարակոյս, պիտի յաղթահարենք մեր լոյս հաւատի, մեր միասնականութեան, հաստատակամութեան ու տոկունութեան շնորհիւ՝ ունկնդիր առաքելական պատգամին. «Միաբա՛ն եղէք, խաղաղութի՛ւն ըրէք եւ խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուծայը թող ըլլայ ձեզի հետ» (Բ Կոր. 13։11)։

Աղօթենք հայոց բանակի սպաներու եւ զինուորներու, նեղութիւններու ու կարիքի մէջ գտնուողներու, գերեվարուած ու անյայտ կորսուած եւ բանտերու մէջ արգելափակուած մեր զաւակներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար։ Առ Տէրն ապաւինութեամբ թող մեր հայեացքը դէպի ապագան համակուած ըլլայ լաւատեսութեամբ, որով 2026 թուականը պիտի կարենանք դարձնել նոր հնարաւորութիւններու տարի՝ առաւել ամրացնելու եւ զօրացնելու մեր պետականութիւնը, ազգային ինքնութիւնն ու հոգեւոր մեր կեանքը։ Ըստ առաքեալի պատգամի՝ ընթանանք ինչպէս լուսոյ որդիներ, քանզի լուսոյ պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը (հմմտ. Եփ. 5։8-9)։ Թող Աստուծոյ սէրն ու շնորհները միշտ սփռուած ըլլան հայրենական ու ազգային մեր անդաստանին մէջ եւ ամէնքիս սրտերէն ներս։ Աստուած օգնական եւ պահապան մեր հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեան։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026