ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԱՆՈՒԿԸ

Դարերու ընթացքին՝ Բեթլեհէմի մսուրին մէջ ծնող Մանուկը՝ մարդկութեան խորհելակերպը եւ ընթացքը փոխած է. անբարոյ նկարագիրներ բարեկարգուած եւ քաղաքակրթուած են։ Մշակոյթներ այլափոխուած եւ աշխարհի դիմագիծը բոլորովին փոխուած է։ Նոր դարաշրջան մը սկսած է։ Արդարեւ, Բեթլեհէմի Բարեկարգիչը կրցած է ընել այն՝ ի՛նչ որ բազմաթիւ բարեկարգիչներ չեն կրցած կատարել։ Գիտակից մարդիկ, մտաւորականներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ, դիւանագէտներ, մեծահարուստներ, զօրավարներ՝ ընդհանրապէս Մանուկը ընդունած եւ դաւանած են իբրեւ Փրկիչ եւ Տէր. զԻնք յարգած եւ պաշտած են իբրեւ Աստուած։ Եկեղեցական շէնքեր, հոյակապ տաճարներ, մատուռներ, վանքեր՝ լուռ կերպով զԻնք յիշած եւ յիշեցուցած, Իր փառքը պատմած են։ Այս իմաստով, Բեթլեհէմի Մանուկը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս մարդկային ընկերութեան ամենէն ուժական, գործունեայ, ազդող եւ տիրապետող ազդակը դարձած է. «Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը՝ որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան աջ կողմը». (ԵԲՐ. Ա 3), այս կերպով՝ Աստուծոյ փառաց լոյսն է եւ Անոր հետ համագոյ Անձը Բեթլեհէմի Մանուկը։ Ան. «Տասը հազարներու մէջ երեւելի, բոլորովին ցանկալի է». (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ, Ե 10, 16)։

Բեթլեհէմի Մանուկը բացառիկ է տիեզերքի պատմութեան մէջ։ Միակ անձն է, որ կոյսէն ծնած է. Ամենասուրբ Երրորդութեան միակ Անձը՝ որ մարդեղացած է. միակ Անձը՝ որ Աստուծոյ կողմէ իբրեւ մեղաւորներու Փրկիչ նշանակուած է. «Միայն Անո՛վ կրնանք փրկուիլ։ Աշխարհի մէջ միակն է Անիկա՝ որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի Անոր անունով կարենանք փրկուիլ». (ԳՈՐԾ. Դ 12)։ Միակ Անձը՝ որ մեռելներէն յարութիւն առած է՝ առանց դարձեալ մեռնելու։ Եւ երկինքի մէջ միակ Անձն է Ան՝ որ իբրեւ մարմնացեալ, մարդացած՝ Աստուած-Մարդ կ՚ապրի միշտ կենդանի՛, եւ խաչին գամի սպիները կը կրէ Իր ոտքերուն եւ ձեռքերուն վրայ։ Միակ Անձը՝ որ նորէն պիտի գայ, եւ միակ Անձը՝ որուն յանձնուած է կենդանիները եւ մեռելները դատելու կարեւոր պարտականութիւնը եւ իշխանութիւնը։ (ՅԱՅՏ. Ի 11-12), (ԳՈՐԾ. ԺԷ 31)։

Բեթլեհէմի Մանուկը՝ Տէր Յիսուս ինչո՞ւ աշխարհ եկաւ։

Նախ. Ադամի սերունդը մեղքի հիւանդութենէ կը տառապէր։ Մեղաւորը չէր կրցած ինքզինք փրկել, ոչ ալ գտնուած էր «մասնագէտ» մը՝ որ կարենար դարմանել այս «հիւանդութիւն»ը։ Ուստի, Յիսուս պէտք էր գար եւ ընէր մեղաւորին համար՝ ի՛նչ որ մեղաւորը չէր կրցած ընել իրեն համար։ Եթէ Յիսուս լոկ մարդ եղած ըլլար՝ Իր ընելիքը ուրիշներ ալ կրնային ընել։ Բայց եթէ չկրցան ընել եւ Յիսուս ըրաւ՝ եւ այս կը նշանակէ. Յիսուս է՝ եւ ունի այն՝ ի՛նչ որ հասարակ մարդիկ չեն եւ չունին։ Արդարեւ, Մեղաւորը եւ մեղաւորներ Փրկիչի մը պէտք ունէին՝ որ Ադամի արկածին մասնակից եղած չէր, բոլորովին սուրբ եւ անմեղ էր։ Քանի որ ինկած մէկը չի կրնար ուրիշ ինկած մը վերցնել։ Ինչպէս եւ սնանկ մէկը չի կրնար ուրիշ սնանկի օգտակար ըլլալ։ Կոյրը կոյրին՝ կաղը կաղին չի՛ կրնար առաջնորդել։ Երկրի վրայ չկար այս տեսակ մէկը, հետեւաբար մեղաւորին Փրկիչը պէտք էր որ երկինքէն գար։ «Ես երկինքէն իջայ». (ՅՈՎՀ. Զ 38)։ Ուստի մեղքի հարցը այնքան լուրջ էր եւ ստիպողական՝ որ միա՛յն Աստուած կրնար զայն լուծել։

Յետոյ, Բեթլեհէմի Մանուկը՝ Յիսուս եկաւ եւ մարդկային մարմնի մէջ որպէս մարդ ապրելով՝ փաստեց, որ սխա՛լ է այն համոզումը՝ որ կարելի չէր փրկուիլ մեղքերու ազդեցութիւններէն, որ կարելի չէր մարդ արարածներուս համար ապաշխարել եւ հոգեւոր կեանք ապրիլ։ Յիսուս իբրեւ մարդ ապրեցաւ երկրի վրայ եւ կրցաւ անմեղ մնալ եւ Աստուծոյ՝ Հօր հաճելի կեանք մը ապրիլ։ Ուստի, Ս. Հոգիի զօրութեամբ կարելի է ինկած մարդու համար ոտքի ելլել եւ կանգնիլ՝ վերստին ծնիլ, բարեփոխուիլ, եւ Աստուծոյ կամքին համեմատ եւ Անոր հաճելի կերպով ապրիլ։ Կարելի է նորոգուիլ եւ «նոր մարդ» ըլլալ։ Եւ պատմութիւնը կը վկայէ շատերու՝ որոնք նորոգուած եւ «նոր մարդ» եղած են։

Արդարեւ, աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը Քրիստոսի մէջ կը բնակի, Ա՛ն է, որ անհրաժեշտ է հոգեւոր աճումի համար։ Ան որ իր սրտին մէջ ունի Քրիստոսը՝ Բեթլեհէմի Մանուկը, ամէն ինչ կ՚ունենայ։ Ուստի, Քրիստոս եկաւ, որպէսզի լիացնէ մարդոց հոգիները։

Վերջապէս, Յիսուս Քրիստոս, Բեթլեհէմի Մանուկը ծնաւ՝ Աստուած մարմնացաւ եւ մարդացաւ՝ տեսանելի եւ շօշափելի օրինակ մը ըլլալու համար մարդկութեան եւ տիպար մը եղաւ իրապէս Խօսքով եւ Գործով, սիրոյ տիպար հանդիսացաւ բոլորին։

«Յայտնապէս մեծ է Աստուածպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած յայտնուեցաւ մարմնով, արդարացաւ Հոգիով, երեւաց հրեշտակներուն, քարոզեց հեթանոսներուն, աշխարհի մէջ հաւատացուեցաւ եւ փառքով երկինք բարձրացուեցաւ». (Ա ՏԻՄ. Գ 16)։

Աշխարհի տարբեր լեզուներով Յիսուսի՝ Բեթլեհէմի Մանուկի ծնունդը կը կոչուին «Սուրբ Ծնունդ», իսկ հայերէնով՝ «Աստուածայայտնութեան տօն» եւ աշխարհացրիւ հայեր այս տօնը մեծ շուքով կը նշեն Յունուարի 6-ին՝ հետեւելով Աստուծոյ արարչութեան 6-րդ օրուան՝ ուր ստեղծեց մարդը. (ԾՆՆԴ. Ա 26-28)։

Քրիստոսի ծնունդով Աստուծոյ յաւիտենական սէրը մարդկութեան յայտնուցաւ։ Եթէ Յիսուս չծնէր, Աստուած մարդկութեան համար պիտի մնար որպէս անիմանալի, անհասկնալի եւ անհասանելի «Աստուած» մը։

Յիսուսի ծնունդով՝ Բեթլեհէմի Մանուկով համայն մարդկութիւնը տեսաւ եւ ճանչցաւ Աստուած, ինչպէս Նիկիական Հանգանակի մէջ կ՚ըսուի։ Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս մարնացած եւ մարդեղացած Աստուած է. կամ Աստուած՝ մարդու մարմին հագած, եւ այս ուղղութեամբ Յիսուսի ծննդեան օրը ոչ թէ Իր գոյութեան, Իր Էութեան սկիզբն է, այլ Իր երկրաւոր կեանքի սկիզբը՝ որ իբրեւ Աստուած մարմնապէս յայտնուեցաւ աշխարհի մարդկութեան։

Յիսուս Քրիստոս անսկիզբ եւ անվախճան է. Ան ինքնագոյ Աստուած է. Ի՛նքն է ամբողջ տիեզերքի, մարդու, ամէն բանի ստեղծիչը եւ ամէն ինչի սկիզբը՝ ծնունդ տուողը, քանի որ Յիսուս աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, ամէն ինչ Անով եւ Անոր համար ստեղծուած է եւ գոյութիւն ունի, Ան ամենէն առաջ է եւ ամէն բան Անով հաստատուած է եւ հաստատ կը մնայ։ (ՅՈՎՀ. Ա 1-3), (ԿՈՂ. Ա 15-17)։

Մոգեր Բեթլեհէմ եկան եւ գտան Յիսուս Մանուկը, անոնք «թագաւոր» մը տեսնելու եկած էին, բայց «պալատական» չգտան Մանուկին քով։ Առաջին դասն է Մանուկին ասիկա մեզի. խոնարհութեան դասը՝ որ ընդհանրապէս կը պակսի մարդոցմէ։ Յիսուս Մանուկը Իր անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք ունենալով, հակառակ որ Ան Աստուած էր։ Ինքզինք խոնարհեցուց. յօժար էր՝ մարդեղացած աստուածութեան վայելող եւ պատկանող փառքէն եւ պատիւէն զրկուիլ՝ մեղաւորը փրկելու իր նպատակին հասնելու համար։ Մարդը փրկելու համար պէտք էր հասկնալ մարդը, եւ Յիսուս «մարդ» եղաւ՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ, մարդու կերպարանք ստացաւ Իր աստուածութեամբ։

Եթէ բռնուած արեւը սեւ ապակիներով կը դիտենք՝ հապա ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք մեր Արարչին երեսը նայիլ, ինչպէ՞ս պիտի համարձակէինք Իրեն մօտենալ…

Ի՞նչ է Ծննդեան պատգամը մեզի համար։

Մոգերուն օրինակով անդադար փնտռենք Բեթլեհէմի Մանուկը, անոնք լոկ աստղ մը ունէին զիրենք Յիսուսի առաջնորդող, մենք արեւ մը ունինք Անոր առաջնորդող։ Անոնք հեռո՜ւ տեղերէն զԱյն փնտռելու գացին եւ մտադիր էին զԱյն գտնել, իսկ մենք երթալու ալ պէտք չունինք, ահաւասի՛կ Ան անմիջապէս մեր քովն է, մեր մօտ, մեր սրտերուն մէջ, բաւ է, որ անդրադառնանք Անոր ներկայութեան, պահ մը մեր հոգեւոր աչքերը դարձնենք դէպի Անոր, Ան հո՛ս է մեր քով անմիջապէս։

Մոգերը նորածին Մանուկին առջեւ ինկան եւ երկրպագեցին։ Մենք ալ պաշտենք եւ ամբողջական նուիրումով յանձնուինք Իրեն եւ Իր փառքին համար գործածենք մեր մարդկային յատկութիւնները։

Մոգերը նուէրներ բերին Բեթլեհէմի Մանուկին. մենք ալ փորձենք ամենէն թանկագին նուէրը տալ Անոր, եւ այդ թանկագին, մեծարժէք, անգնահատելի նուէրը մեր անկեղծ սէրը թող ըլլայ…

Շնորհաւոր ըլլայ Բեթլեհէմի Մանուկի Ծննդեան օրը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 5, 2026