ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿԸ ԹՈՂ ՍՐՏԻԴ ՄԷՋ ԾՆԻ…
Օդանաւին թռիչքին 10 վայրկեան մնացած էր եւ կողքիս աթոռը դեռ պարապ կը մնար։ Գալիֆորնիայէն Նիւ Եորք պիտի երթայի եւ ուրախ կ՚ըլլայի, եթէ պարապ մնար կամ զբաղեցնողը կրթուած, հանդարտ մէկը ըլլար…
Այդպէս ալ եղաւ… Ժպտացինք իրարու, գլխով բարեւեցինք եւ օդանաւին թռիչք կատարելուն հետ, ինչպէս իւրաքանչիւր ճամբորդութեան՝ աղօթագիրքս հանեցի եւ սկսայ կարդալ…
-Հա՞յ էք…
-Այո, ուրեմն դուք նոյնպէս…
-Այո:
Երեսունի մօտ անուշիկ եւ նուրբ տիկին մըն էր։ Թռիչքէն շատ քիչ ետք, ըստ հայկական սովորութեան արդէն բարեկամացած էինք, անցած աւելի մտերմիկ խօսակցութեան եւ… անպայմա՛ն խնամիական կապեր պրպտելու…
-Այո, պատասխանեցի հարցումին, տղայ մը ունիմ, քսան տարեկան՝ համալսարանական։ Իսկ դո՞ւք…
-Երկու տղայ ալ ես ունիմ, պատասխանեց, պատճառով մը ստիպուած էի Գալիֆորնիա մեկնիլ, բայց խոստացած էի Ծնունդին իրենց քով ըլլալ։
-Ամերիկայի մէջ շատ ճոխ կը նշեն Ծնունդը, խօսքս զարդարանքներուն մասին է։ Մեր քով ալ սկսած են, բայց ոչ այստեղի կամ Եւրոպայի նման։
-Երկա՜ր տարիներ մայրս ու ես Ծնունդն ու Նոր տարին շատ տխուր դիմաւորած ենք։ Երկար, շա՜տ երկար ժամանակ պահանջեց, որ մայրս կարենար դուրս գալ հօրս հետ պատահած դժբախտութենէն… Մոռցած էր գոնէ զիս ուրախացնելու համար աւելի ողջախոհ մօտենալ հարցին։ Ինծի համար ալ ծանր էր, բայց մօրս աշխարհը փլած էր, մինչեւ մահը Ծննդեան տօնը սուգ էր իրեն համար։ Չնայած մեր Ծնունդը Յունուար 6-ին է, բայց 24-ին ալ կը նշէինք։
-Իսկ մենք Երուսաղէմ Յունուար 18-ը… Յամենայնդէպս, սոսկալի բան մը պատահած ըլլալու է, որ ձեր մայրը չկրցաւ հաշտուիլ։
-Այո, մեծ դժբախտութիւն… Մենք Պաղտատ կ՚ապրէինք, մեծ հայրս ու մեծ մայրս վանեցի որբերէն էին ջարդէն ազատած։
-Իմ մօրական մեծ հայրս ու մեծ մայրս ալ վանեցի որբերէն են, որոնք Երուսաղէմ գացած էին։
-Եթէ ընտանիք մը մեծ հայրս որդեգիր չառնէր՝ ան ալ պիտի երթար, իսկ մեծ մայրս իրմէ մեծ քրոջմէն բաժնուիլ չէ ուզած, որուն տասնեւվեց տարեկան ամուսնացուցեր են։ Այդպէս ալ հոն կը մեծնան մեծ հայրս ու մեծ մայրս, կը հանդիպին եւ կ՚ամուսնանան։ Կը դառնանք իրաքցի։ Հայրս գործով Յորդանան փոխադրուեցաւ, բնականաբար մայրս ու ես ալ միացանք։ 1986 թուականի Ծնունդն էր։ Յորդանանի մէջ հայերը Դեկտեմբեր 24-ն ալ կը նշեն։ Հայրս շատ անակնկալ գործով Պաղտատ մեկնած էր շաբաթ մը առաջ խոստանալով, որ 24-ին անպայման Յորդանան կ՚ըլլայ։ Ես անհամբեր կը սպասէի իր ժամանումին, Կաղանդի ծառը շտկած էինք արդէն, մեր ծանօթները եկած էին, ես նոր հագուստովս եւ քունիս դէմ պայքարելով կը սպասէի ե՛ւ հօրս ե՛ւ Կաղանդ պապային ժամանելուն…
Գիտէք, տօնական օրերուն շատ դժուար է տոմսակ գտնելը։
-Մամ, եթէ պապան չգայ ի՞նչ պիտի ընենք, անընդհատ կը հարցնէի մօրս։
-Պապան անպայման կու գայ, եռակի վճարելով տոմսակ կ՚առնէ եւ կու գայ։ Դուն մի՛ մտահոգուիր, այսպիսի օրով պապան մեզ առանձին չի ձգեր։
Վերջապէս հեռաձայնեց, թէ մեծ դժուարութեամբ տոմսակ մը գտած է եւ եօթուկէսին օդանաւը վայրէջք կը կատարէ։
Ժամանակը կ՚անցնէր եւ մենք ի զուր կը սպասէինք… Առտուն չեմ գիտեր ինչպէս ինքզինքս անկողինիս մէջ գտայ, ո՛չ հայրս եկած էր, ո՛չ Կաղանդ պապան եւ ոչ ալ նուէրներ ստացած էի…
Նախորդ օրուան հիւրերէն քանի մը հոգի դեռ մեր տունն էին… Կաղանդի ծառին լոյսերը, որոնք միշտ վառ կ՚ըլլային, այդ օրը՝ մարած էին, կարծես ծառը կու լար, ինչպէս բոլոր ներկաները։ Ինծի համար ամէն բան անհասկնալի էր։
-Մամ, ինչո՞ւ կու լաք, ո՞ւր է պապան, ի՞նչ եղաւ, Կաղանդ պապա՞ն ալ չէ եկած, իսկ Յիսուս մանուկը… Յիսուս մանուկը չծնա՞ւ այս տարի…
Լացի ձայները բարձրացան, գիրկէ-գիրկ կ՚անցնէի արցունքոտ համբոյրներու տարափին տակ… Չէի հասկնար, թէ ի՞նչ փոխուած էր մէկ գիշերուան մէջ եւ ինչո՞ւ Ծնունդը ուրախութեան տեղ այսպիսի տխրութիւն բերած էր…
Մայրս արձանացած նստած էր, մօրաքոյրս ծառին խաղալիքները հաւաքել սկսաւ, լացի ձայները խմբովին կը բարձրանային ու կ՚իջնէին, դրացիներ սկսան գալ, աւելի ետքը երկու ոստիկան ժամանեցին, մայրս իրեն տրուած թուղթ մը ստորագրեց եւ ո՛չ ոք կը բացատրէր, թէ ի՛նչ պատահած էր։
Հայրս Պաղտատի օդակայանը կը հասնի յուսալով երեկոյեան առաջին օդանաւով տոմսակ գտնել, սակայն անկարելի կ՚ըլլայ, յաջորդ օդանաւը գիշերուան ժամը 11-ին է, ուր մէկ տեղ կայ միայն, հայրս կը վերցնէ եւ երեկոյեան եօթուկէսին Յորդանան հասնող ուղեւորներուն կը հարցնէ, եթէ ոեւէ մէկը կրնայ տեղը փոխել աւելորդ վճարումի դիմաց։ Ճամբորդներէն մէկը հօրս բարեկամ՝ ոչ-քրիստոնեայ, մօտենալով անունը կու տայ եւ կ՚ըսէ. «Եղբայր, դրամ չեմ ուզեր, թող երեք ժամ ուշ հասնիմ, ձեր տօնն է, մօտենանք տոմսարկղին եւ փոխենք մեր տոմսերը…»։
Հայրս օդակայանէն կը հեռաձայնէ մօրս, որ եօթուկէսին կը հասնիմ եւ ամենաուշը ութուկէսին տունը կ՚ըլլամ։
Այդ օդանաւը երբեք չհասաւ, սխալի մը պատճառով օդին մէջ կը պայթի…
Մայրս ալ երբե՛ք Կաղանդի ծառ չզարդարեց, մսուր չշտկեց։ Երբ կու լայի. «Գոնէ մսուր շտկենք» ըսելով, կը պատասխանէր. «Յիսուս Մանուկը թող սրտիդ մէջ ծնի»։
Ես նախանձով կը նայէի ընկերուհիներուս, որոնք թէ՛ Կաղանդի ծառ ունէին, թէ՛ մսուր կը շտկէին, բայց ամենակարեւորը՝ հայր ունէին…
Իրականութեան մէջ հայրս գերեզման ալ չունեցաւ… Մարմինը այրած էր, շատ ուշ հասկցայ, որ օդանաւը ինկած տեղէն մոխիր բերած ու թաղած էին… Մայրս անոր հետ ալ չհաշտուեցաւ, անոր համար դժուար չեղաւ հօրս գերեզմանաքարը ձգել եւ փոխադրուիլ Ամերիկա։ Ես գիտէի, որ հայրս երկինք բարձրացած է եւ օդանաւին պատուհանէն անդադար զինք կը փնտռէի, ու դեռ կը փնտռեմ…
Ամուսնութեանս առաջին տարին՝ Նոր տարիէն ամիս մը առաջ, գործէն տուն եկայ, ամուսինս, որ տեղեակ էր մեր պատմութեան, գեղեցիկ ծառ մը դրած էր հիւրասենեակին մէկ անկիւնը եւ անոր կողքին գունաւոր թուղթով եւ կարմիր ժապաւէնով սնտուկ մը.
-Ծառ զարդարելով հայրդ սրտէդ դուրս չի գար, ըսաւ ու բացաւ կարմիր ժապաւէնով տուփը։
Գեղեցիկ մսուր մըն էր, ուրկէ մանկութեանս բոյրը կու գար, որմէ երկար տարիներ զրկուած էի…
-Շուտով մեր մանկիկին մսուրը պիտի դնենք, ըսաւ ամուսինս, իրաւունք չունինք Յիսուս մանուկին տարեդարձը չտօնելու։
Երկու ամիս առաջ հեռախօսազանգ մը տակնուվրայ ըրաւ աշխարհս…
-Ես զաւակն եմ հօրդ այն բարեկամին, որուն հետ տոմսակները փոխանակած էին ձեր Ծնունդին օրը…
Պապանձեցայ… Ինչո՞ւ կը փնտռէր զիս։
-Հայրս տարիքը առած է, հանգիստ չէ, վերջին փափաքն է հանդիպիլ բարեկամին աղջկան, խնդրեմ մի՛ մերժեր, տոմսակդ մենք կը ղրկենք, այդ դէպքէն ետք հայրս ամբողջ կեանքին ընթացքին տառապեցաւ. «Բարիք ուզեցի ընել, կ՚ըսէ, բարիքս դարձաւ կեանքիս մղձաւանջը։ Մենք քրիստոնեայ չենք, բայց ամէն տարի հայրս հօրդ յիշատակին փոքրիկ ծառ մը կը տեղադրէ հիւրանոցին մէջ ու երեխայի նման կու լայ… Ես բարեկամիս կեանքը գողցած եմ, կ՚ըսէ, այս իր կեանքն է, որ կ՚ապրիմ՝ ոչ իմս…
Հիմա այդ հանդիպումէն կը դառնամ… Մսուրը, չէր միայն, որ պէտք էր տեղ գտնէր տանս մէջ՝ այլ պէտք է սիրտս բաց ըլլար, որ Սիրոյ Արքան իր տեղը գտնէր…
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ