ՍԹԱՓԵԼԻՔ ԽՂՃԻՆ ՅՈՅՍՈՎ
Մանկութեանս տարիներուն ամենաշատ կրկնուած պատմութիւններէն մէկն էր Յիսուսի ծնունդը, անոր նախորդող, անոր հետ ընթացող ու յաջորդող բոլոր դէպքերով…
Մօրս, դպրոցի ուսուցչուհիներուն, կրօնի դասագիրքերուն, ֆիլմերուն ու ծնունդի բացիկներուն նոյնանման տարբերակները լսելով ու կրկնելով շատ յաճախ կը մտածէի. Յիսուս մէ՛կ անգամ ծնաւ, մեծցաւ, հօրը հետ ատաղձագործութիւն ըրաւ, տաճար քանդեց, շինեց, մեծցաւ, աշակերտներ ունեցաւ, քարոզեց, հետեւորդներ ու թշնամիներ ունեցաւ, հալածուեցաւ, ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ, զրպարտուեցաւ, խաչուեցաւ, չարչարուեցաւ, մեր կեանքը փրկելու համար մեզ ներեց, մահացաւ, թաղուեցաւ, Յարութիւն առաւ, առաքեալներուն երեւցաւ, պայծառակերպուեցաւ ու երկինք համբարձաւ…
Այս բոլորը ապրած Յիսուսը ինչպէ՞ս կրկին պիտի ծնի, կը մտածէի պատանեկութեան տարիներուս։
Ժամանակ անցաւ, բաւական ժամանակ։
Ուսանողական՝ դաս սորվելու տարիները անցան, կարգը հասաւ շուրջը նայելուն, դիտելուն, զննելուն, ոչ թէ պատահածը, այլ՝ անոր ետեւինը տեսնելու ունակութիւնը զարգացնելուն, սխալելուն, թիւրիմացութիւններուն… այլ խօսքով՝ կեանքի դասերուն, որոնց շռնդալից ապտակները ընդունելով-ընդունելով վերի հարցումս փոխուեցաւ.
Ինչո՞ւ Յիսուս կրկին պէտք է ծնի, սկսայ մտածել։
Նախորդ դարը չփոխուած, այն ատենուան չարիքը, այսօրուան արհեստագիտութենէն ամբողջովին հեռո՜ւ «հին» չարիքը դիտելով կը զարմանայի. այսքան նենգամիտ, չարագործ մարդոց համար ինչո՞ւ կրկին պէտք է ծնի Յիսուս։
Անկախ իմ հարցումէն, Յիսուս կը ծնէր. ամէ՛ն տարի կը ծնէր։ Մարդիկ՝ մենք իր վերածնունդը կը տօնէինք, խումբ մը ա՛յս օրը, խումբ մը ա՛յդ օրը տօնելով՝ «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս» կ՚ըսէինք…
Նորէն ժամանակ անցաւ. մեզ այսօրուան հասցնելու չափ բաւակա՜ն ժամանակ.
Եւ ի՞նչ կը կարծէք. հարցումս նո՞յնն է այսօր։
Ժամանակին, իմ գիտցած ու ապրած Հալէպիս մէջ շատ ջերմ կը զգայի Ս. Ծննդեան մթնոլորտը. փողոցներուն գրեթէ բոլոր շէնքերուն պատուհաններուն ու պատշգամներուն մօտիկ կը դրուէին տօնածառները. կամայ թէ՛ ակամայ վեր նայելով փողոցը անցնող ծանօթ ու անծանօթին խաղաղութիւն, յոյս ու ուրախութիւն կը ներշնչէին գոյնզգոյն, լոյսերը վառող-մարող տօնածառները…
Հոս, Գահիրէ, այդպէս չէ։ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը «լայնամտութիւն» ու բարձրորակ կեանքի մը չափանիշը համարող մարդոց ապրած որոշակի շրջաններուն, անոնց շէնքերու մուտքերուն, խանութներուն ու առեւտուրի կեդրոններուն մէջ միայն կարելի է տեսնել տօնածառները, զանգակները եւ լուսաւոր եղնիկները…
Այո՛, ժամանակի ընթացքին հարցումս փոխուեցաւ, բնականաբար, քանի որ շուրջս կը նայիմ ու չեմ կրնար երեւակայել, որ Յիսուսը, Մանո՛ւկ Յիսուսը կրկին կը ծնի… Շատ ետ չերթանք.
Միայն ա՛յս տարուան ընթացքին Կազզէի մէջ զոհուած մանուկները չտեսա՞ւ։
Սովահար մարդոց՝ ձիին կերած յարդէն պատրաստած հացին հոտը չառա՞ւ։
Քարուքանդ եղած այդ քաղաքը, վրան կարմիրով թիւ մը գրուած, ճերմակ տոպրակներու մէջ փաթթուած ծնողները չտեսա՞ւ Մանուկ Յիսուսը։
Սուտանի մէջ զոհուած քրիստոնեանե՞րը։
Հոս-հոն առեւանգուած մանուկները, զարնուող, սպաննուող, ճամբաներուն եզերքները, ծովուն, գետին մէջ կամ աղբամաններուն մէջ թափուած կիները չտեսա՞ւ Ան։
Առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք չէ՞ որ մենք. Միածնաէջ մեր տաճարին մէջ հաւաքուած ոստիկանները չտեսա՞ւ։
Ամիսներէ ի վեր, «Աւելի քան երբեւէ իրական, ազատ, անկախ, ինքնուրոյն եւ խաղաղ» մեր պետութեան մէջ կիրակի օրերը հոս-հոն ընթացող պատարագներուն ներկայ եղա՞ւ։
Ամէն ինչ լսող մեր Փրկիչը «վիրթուալ» Արեւմտեան Հայաստանին «Ետեւիցս մի՛ եկէք» ըսածը լսե՞ց։
Մեր մայրաքաղաքին վառվռո՜ւն լոյսերը Անոր աչքին չզարկի՞ն։
Այսքան լոյս շատ չէ՞ մեզի պէս երկրի մը համար։
Մեր իշխանութեան ամանորեան քէֆերը ամէնուս պէս դիտե՞ց։
Հրաշալի ձիւնին տակ թողարկուած վիտէոներուն հետ, սառնամանիքի մէջ ննջած Եռաբլուրի տղոց մայրերուն սրտին կրակը կրցա՞ւ ամոքել՝ աշխարհը փրկած Յիսուս Մանուկը։
Հոն, Իրեն մօտիկ երկինքէն, մեր հրապարակին վերեւը «տրոն»ներուն գծած մե՜ծ սրտիկը տեսա՞ւ։
Լուսաւոր «Խաղաղութեան» տակ հաւաքուած 21 հազար մարդոց դիմաւորած Happy New Year-ը լսե՞ց։
Տարիներէ ի վեր սուտ, խաբկանք, կեղծիք, յուսախաբութիւն, կռիւ, զոհ, ցաւ ու կորուստ ապրող մեր երկրի մարդոց անտարբերութիւնը չնկատե՞ց։
Եւ… Այո՛, հարցումս կը փոխեմ.
Այս բոլորը տեսած Յիսուսը կրկին կը ծնի՞։
Իրօք, կրնա՞յ ծնիլ։
Պատասխան կը փնտռեմ մտքիս մէջ ու կը յիշեմ, որ աջ այտը զարնողին, ձախը դարձնել յանձնարարած ու քրիստոնէութեան խորագոյն պատգամը տուած է մեր Փրկիչը. տկարութեան մասին խօսող շրջուածք մը չէ՛ անիկա, երբե՛ք. գիտակցուած, զօրեղ բարութիւն է եւ ընտրուած ուղի…
Կրնա՛յ գալ, ուրեմն, մեր Փրկիչը, կրնայ նորէ՛ն ծնիլ Ան, կրնայ մեր յորձանուտին մէջտեղը յայտնուիլ, վերի չարութեանց ենթականերուն խիղճը Իր ձեռքերուն մէջ առնել, աստուածային ուժով մը զայն թօթուել, ցնցել-ցնցել, մինչե՜ւ ցաւի. գուցէ ցաւէն արթննայ…
Հինգ տարիէ ի վեր միլիոնաւո՜ր մարդոց զգացած ցաւերուն որպէս հատուցում՝ ցաւէ՛ն սթափելիք այդ խղճին յոյսո՛վ է միայն, որ կրնամ գրել.
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ