ՃՇՄԱՐՏԱՊԷՍ ԵՒ Ո՛Չ ԿԱՐԾԵՕՔ
Նկատի ունենալով, որ Նոր կտակարանին մէջ Յիսուս Քրիստոսի մանկութեան ժամանակաշրջանին մասին ընդհանրապէս շատ բան գրուած չէ եւ Տիրոջ գործունէութիւնը սկիզբ առած է 30 տարեկան հասակին, դարերու ընթացքին շատեր հարցականի տակ դրած են Անոր գոյութիւնը։ Խումբ մը հաւատացած է, որ Յիսուս Քրիստոս իրապէս մարմնապէս ծնունդ առած է, իսկ ուրիշներ այդ մէկը վերացական գաղափար որպէս ընդունած են: Անոնք, որոնք հարցականի տակ դրած են անոր մարմնական ծնունդը, որպէս «փաստ» առաջ բերած են այն գաղափարը, որ նոյնիսկ նախքան Քրիստոս առասպելաբանութեան մէջ եղած են անհատներ, որոնք ծնած են աստուածային ուժով՝ քարէն, կրակէն եւ այլն. Յիսուս Քրիստոսի պարագային Ս. Կոյս Մարիամ կը յղանար «Սուրբ Հոգիէն»: Օրինակի համար, հին եգիպտական առասպելաբանութեան մէջ Հորուս ծնած էր նոյնպէս առանց հօր գործօնին՝ աստուածային ուժով, ինչ որ որոշ նմանութիւններ ունի Յիսուս Քրիստոսի ծնունդին հետ:
Անշուշտ, անոնք կը փորձեն առաջ քշել որոշ այլ փաստեր. օրինակ՝ դիտել կու տան, որ Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ ընդհանրապէս չէ յիշատակած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, չէ յիշատակած Բեթղեհէմը։ Քրիստոնէութեան մէջ այդքան կարեւորութիւն ունեցող Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը առաքեալին կողմէ չյիշատակուիլը որոշ հարցականներու տեղ կու տար։ Միւս կողմէ, չորս Աւետարաններէն միայն երկուքն են, որ կը յիշատակեն Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը. Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարանները կը խօսին Տիրոջ ծնունդին մասին, սակայն, Քրիստոսի ծնունդը որպէս առասպելաբանութիւն դիտողներ առաջ կը բերեն այն վիճարկելի նիւթը, որ Աւետարանները գրուած են Յիսուս Քրիստոսի գործունէութենէն 40-60 տարիներ ետք եւ հետեւաբար ճշմարտութենէ աւելի փոխակերպուած աւանդութիւն կրնայ ըլլալ, որովհետեւ փաստացի պատմական իրադարձութիւններ գոյութիւն չունին:
Միւս կողմէ, որպէս փաստ կ՚ուզեն բերել պատմաբանները, որոնք դիտել կու տան, որ աւետարանիչներու կողմէ գրուած յիշատակումները ո՛չ մէկ պատմական ճշմարտութիւն կը պարունակեն. օրինակ՝ Աւետարանին համաձայն, Հերովդէս երկու տարեկանէն վար գտնուող մանուկները ջարդել կու տայ. անոնք կը պնդեն, որ ո՛չ մէկ պատմաբան նման յիշատակութիւն մը ունի: Ներկայ ժամանակներու պատմութեան քննադատ Ռիչըրտ Քերիըր իր աշխատանքներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ո՛չ մէկ պատմական ապացոյց կայ, որ Յիսուս ծնած, ապրած կամ մահացած է՝ այնպէս ինչպէս կը նկարագրեն Աւետարանները. Անոր ծննդեան պատմութիւնը հիմնականին մէջ երեւակայածին է»:
Անշուշտ, եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւնները կու գան փաստելու, որ նման հակառակ կարծիքներ ո՛չ միայն այսօր, այլեւ քրիստոնէութեան առաջին իսկ օրերէն եղած են. օրինակի համար, Եփիանոս Կիպրացի կը գրէ. «Թող մարդ չկասկածի, որ Տէրը ծնած է Բեթղեհէմի մէջ՝ այնպէս ինչպէս կանխատեսած էին մարգարէները»։ Կիպրացի այս մէկը կը գրէր 350 թուականներուն եւ, բնականաբար, ապացոյց մըն է, որ այդ ժամանակներուն եւս քիչ չէին կասկածողներուն թիւը:
Այս բոլոր հակառակ կարծիքները պատճառ եղան, որ եկեղեցւոյ հայրերը որոշ ժողովներ գումարեն. ինչպէս՝ 325 թուականին Նիկիոյ ժողովը, որով Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը ընդունուեցաւ որպէս ճշմարիտ պատմական իրողութիւն:
Մինչեւ օրս որպէս ազդեցութիւն այդ հակառակութիւններուն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ եւս ամէն պատարագի կ՚ընդունինք, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը երեւակայածին չէ, այլ ճշմարիտ է. «Հաւատամքի» մէջ յստակ ձեւով կ՚ըսուի. «վասն մերոյ փրկութեան իջեալ յերկնից՝ մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն Հոգւովն Սրբով: Որով էառ զմարմին, զհոգի եւ զմիտ, եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ, ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք». այստեղ «ոչ կարծեօք» բառը շատ կարեւոր է, որովհետեւ շատեր կ՚ընդունէին, որ Յիսուս ծնած է՝ սակայն որպէս պատմութիւն ու առասպել:
Առասպել ու ճշմարիտ տարբերութիւնը յստակեցնելու համար այսպէս ըսենք. այսօր մեր մշակոյթին մաս կը կազմէ Սասունցի Դաւիթի պատմութիւնը. անոր ծնունդին ու քաջագործութիւններուն մասին գիտենք, սակայն, ինչքանո՞վ վստահ ենք, թէ ան առասպել ու երեւակայածին պատմութիւն է՝ թէ ոչ իրապէս եղած է Դաւիթ անունով անձ մը՝ որ գործած է նման քաջագործութիւններ: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենաք, որ հին ժամանակներու մարդիկ շատ աւելի մօտէն ծանօթ էին կրօնական առասպելներու, աւանդութիւններու եւ շատ աւելի նրբանկատ էին՝ քան այսօր:
Որպէս եզրակացութիւն, այս հարցը լուծելու կայ հիմնական մէկ ձեւ. երբ եկեղեցական էի կին մը հարցուց, թէ իրապէս ծնա՞ւ թէ ոչ. որպէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ կը հաւատանք, որ իրապէ՛ս ծնաւ. այդ մէկը «կարծիք» կամ երեւակայութիւն չէ. հաւատալիք է. սակայն խնդիրին լուծումը հետեւեալն է. Յիսուս Քրիստոսի ծնած ըլլալ չըլլալը, դժոխք կամ դրախտ գոյութիւն ունեցած ըլլալ կամ չըլլալը եւ նման բազմաթի՜ւ կրօնական նրբութիւնները մեր անմիջական կեանքին մէջ բան մը չի փոխեր։ Կարեւորը ո՛չ թէ ծնած ըլլալ կամ չըլլալը, այլ փոխանցած ուսուցումներն են. մաքուր ապրելու, բարոյապէս հարուստ ապրելու յորդորներն են, որոնք շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ են, քան կրօնական նուրբ այդ նիւթերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան