ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Սէրը այնպիսի ուժ մըն է, որ կրնայ պարտութեան մատնել նոյնիսկ ամենէն հզօրները. օրինակի համար, Ատոլֆ Հիթլեր՝ որմէ կը սարսափէր ամբողջ աշխարհը, իր սիրոյն՝ Էվա Պրաունի հանդէպ տկարութիւն ունէր. Եւրոպան ցնցած Նափոլէոնը՝ Ժոզեֆինային հանդէպ. Հռոմի ամենէն յայտնի քաղաքական գործիչներէն Մարք Անտոնիոսը իր սիրոյն համար իր քաղաքական կեանքն ու ապագան զոհեց ու այսպէս շարքը կարելի է երկարել… Հիթլերի քոյրը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր, որ եթէ Հիթլեր պսակուէր իր սիրած աղջկան հետ, ապա կրնար այնքան դաժան չըլլալ:
Կան մարդիկ, որոնք ամէն տեսակի դժուարութեան կը դիմանան՝ բացի սիրոյ պատճառած ցաւէն. օրինակի համար, անոնցմէ մէկն է 1837 թուականին Ֆրանսայի մէջ յայտնի նախարար ու զինուորական Ժորժ Պուլանիէ, որ իր քաջագործութեանց ու անվախութեան համար ունէր մեծ հռչակ, սակայն չդիմանալով՝ իր կնոջ մահէն ընդամէնը երկու ամիս ետք հետեւեալ երկտողը գրելէ ետք ինքնասպան եղաւ. «Վաղը՝ չկարենալով տանիլ կեանքի գոյութիւնը առանց այն կնոջ, որ եղած է իմ միակ ուրախութիւնս, միակ երջանկութիւնս, վերջ կու տամ կեանքիս. վերջին ամիսներու ընթացքին պայքարած եմ եւ այսօր հասած եմ այստեղ. յոյս չունիմ զինք դարձեալ տեսնելու, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզեմ սուզուիլ դատարկութեան մէջ, ուր այլեւս տառապանք չկայ: Իմ ցանկութիւնս է, որ զիս թաղէք Մարկրիթին գերեզմանին մէջ: Կը խնդրեմ, որ անոր դիմանկարը եւ անոր մազերէն փունջ մը՝ որ մահուան պահին մօտս կ՚ըլլայ, դնեն իմ դագաղի մէջ. գերեզմանաքարիս վրայ թող գրեն.- արդեօք ես կրնայի՞ ապրիլ երկու ամիս առանց քեզ…»: Ժորժ կրնար Ֆրանսայի ղեկավարը դառնալ. ունէր հեղինակութիւն եւ ուժ, սակայն հզօր մարդը չդիմացաւ կնոջ կորուստին. զինուորականը ինքնասպան եղած էր ձեռքին ունենալով իր կնոջ՝ Մարկրիթին դիմանկարը:
***
Ինքնասպանութեան դրդապատճառներէն մէկն ալ սիրոյ միւս երեսակն է՝ ատելութիւնը. մարդկային սէրը երբ վիրաւորանք ու նուաստացում ստանայ իր սուրբ ու բարի վիճակէն դուրս գալով՝ կրնայ վերածուիլ զայրոյթի եւ ատելութեան. շատեր կը կարծեն ու կը հաւատան, որ ինքնասպանութեամբ ո՛չ թէ իրենք կը կորսնցնեն կեանքը, այլ դիմացինը՝ որովհետեւ ինքնասպանութեամբ անոնք վերջ կու տան իրենց կեանքին, մինչ կենդանի մնացողի խիղճը կրնայ ամբողջ կեանք մը տառապիլ։ Շատեր այս մտածումով կը դիմեն ինքնասպանութեան՝ որպէսզի դիմացինը տանջուի. մտաւորական մը կ՚ըսէ. «Ոչ ոք ինքնասպան կ՚ըլլայ, բացի այն պարագայէն՝ երբ ուրիշին մահ կը ցանկայ»։ Այս խորիմաստ խօսքի բացատրութիւնը ատելութեան այս բաժնին կը պատկանի, որովհետեւ անձը ինքնասպան կ՚ըլլայ, որպէսզի ուրիշը մահանայ, ուրիշը չարչարուի։ Այս լոյսին տակ գոյութիւն ունին ինքնասպանութեան բազմաթիւ նամակներ. օրինակի համար, ինքնասպան մը իր մահէն վայրկեաններ առաջ թուղթի վրայ կը գրէ. «Սիրելի Պեթի, ես քեզ կ՚ատեմ» ու այսպիսով վերջ կու տայ իր կեանքին։ Պեթի անուան յիշատակումը ուղղակի գիտակցուած արարք մըն է, որպէսզի Պեթին գիտնայ, թէ ինք ինքնասպան կ՚ըլլայ ի՛ր պատճառով։ Այս մէկը ձեւ մըն է յաւիտեան կենդանի մնալու, որովհետեւ ինքնասպանը թէեւ կը մահանայ, սակայն կ՚ուզէ, որ մի՛շտ կենդանի մնայ Պեթիի միտքին, խիղճին ու հոգիին մէջ։ Պեթին չկարենայ անոր անունն ու յիշատակը մոռնալ, որովհետեւ Աստուծոյ տուած կեանքէն զինք հեռացնողը եւ ինքնասպանութեան առաջնորդողը Պեթին է եւ հետեւաբար պարտի տառապիլ:
Այլ ինքնասպան մը դարձեալ իր սիրած աղջկան ուղղելով իր խօսքը կը գրէ. «Մի՛շտ յիշէ, որ ժամանակ մը քեզ սիրեցի, սակայն կը մահանամ քեզ ատելով»: Այս երկտողը գրուած էր կնոջ մը լուսանկարին ետին:
Այլ ինքնասպան մը կը գրէր. «Դուն պիտի ստիպուիս այս բեռով ապրիլ մինչեւ մահ»: Ընդհանրապէս այս միջոցին կը դիմեն անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց պայքարը կեանքի իրականութենէն բան մը պիտի չկարենայ փոխել։ Մենք կը հաւատանք, որ ժամանակը ամէն բան կը բուժէ, սակայն, շատեր կեանքին այդ ժամանակը չեն ընծայեր եւ առանց բուժումը տեսնելու կը նախընտրեն հեռանալ։ Ինքնասպան եղողներէն շա՜տ շատեր եթէ քիչ մը այդ տառապանքին ու ցաւին դիմանային, գուցէ այսօր կը շարունակէին իրենց երկրաւոր գոյութիւնը. գուցէ շատ աւելի ուրախ ալ կրնային ըլլալ՝ քան առաջ։ Մարդ իր ցաւի սկզբնական շրջանին իր ցաւը անտանելի ու անկրկնելի կը կարծէ. կ՚ուզէ ամէ՛ն կերպով դուրս գալ այդ իրավիճակէն, սակայն, հիմնական դժուարութիւնը սկիզբն է. ժամանակի ընթացքին մարդ կը սկսի աւելի խոր ու ընդհանուր ձեւով մտածել եւ այսպէս կամ այնպէս մեղմել ցաւը:
Սիրոյ այս առեղծուածն է, որ մինչեւ օրս հարցականի տակ կը պահէ անոր ինչութիւնը. մին սիրոյ ճամբով իր կեանքի ամենէն երջանիկ օրերը կ՚ապրի, իսկ ուրիշ մը նոյն սիրոյ ճամբով իր կեանքի գերեզմանը կը փորէ։ Մին սիրոյ կեանքի գեղեցկութիւնը կ՚ապրի, իսկ ուրիշ մը ինքզինք խաւարի մէջ կը գտնէ։ Մին փառք կու տայ, որ ունի սէրը, իսկ ուրիշ մը կ՚անիծէ զայն։ Այս քաոսին մէջ դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ է սէրը, սակայն պարզ է՝ որ ունի զօրութիւնը մարդու կեանքը յեղաշրջելու թէ՛ դրական եւ թէ բացասական ուղղութիւններով:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Զքեզ ողբամ թշուառ ազգ. օտար սուրը մէկ կողմանէ կ՚ուտէ զքեզ, մէկալ կողմանէ ազգուրաց մատնիչներու ձեռք մատնուած հայութեան նախատինք, սիրտդ կը կրծեն ու կը լափեն, ու խստասիրտ բռնաւոր մը օձու պէս սրտէդ բուսեր ամէն կողմ կը սողայ ու կը սուլէ, ո՜հ թշուա՜ռ ժամանակ, թշուա՜ռ ազգ:
ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան