ՆՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻ ՅՈՅՍԵՐՈՎ

Համայնքային կեանքի օրակարգը արդէն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել սկսած է՝ Թաքսիմ մարզակումբի մօտալուտ համագումարը։ Յառաջիկայ մարտին նախատեսուած է ընդհանուր ժողովը, որու ընդառաջ մարզակումբի վարչութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է մեր համայնքի երիտասարդ առաջնորդներէն Ալէն Պաղ։ Թաքսիմ մարզակումբը երկար տարիներէ ի վեր անարդիւնաւէտութեան ճիրաններու մէջ կը տառապի եւ համայնքային շրջանակները մտահոգութեամբ ու տխրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Այժմ, երբ հերթական համագումարի պահը կը մօտենայ, բոլորին տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մը դարձած է՝ Ալէն Պաղի կողմէ ցուցաբերուած պատրաստակամութիւնը։ Արդարեւ, Ալէն Պաղ եւ իր ընկերները շարժման անցած են, որպէսզի Թաքսիմ մարզակումբը կարենայ ունենալ նոր ապագայ մը՝ իր ձգողականութիւնը ծառայեցնելով համայնքի երիտասարդութեան։

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ալէն Պաղի կողմէ գլխաւորուած շարժման պաշտօնական ծանօթացման հաւաքոյթը։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին։ Սրահը իսկապէս լեփլեցուն էր՝ մինչ Ալէն Պաղ բոլորին բացատրեց Թաքսիմ մարզակումբի ապագային վերաբերեալ իր տեսլականը։ Ներկայ էր նաեւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։ 

Ալէն Պաղի կողմէ ստեղծուած խումբի ծրագիրներու ծանօթացման առընթեր, այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Թաքսիմի զանազան սերունդներէ մարզիկները երախտագիտութեան եւ յարգանքի առարկայ դառնան։ Ալէն Պաղ եւ գործակից ընկերները բոլորին նուիրեցին խորհրդանշական մարզաշապիկներ եւ շեշտեցին անոնց անփոխարինելի ներդրումը՝ ակումբի բոլորած ճանապարհին վրայ։ 

Հուսկ, բոլոր ներկաները խրախուսական արտայայտութիւններով ապագայ յաջողութիւններ մաղթեցին Ալէն Պաղին եւ գործակից ընկերներուն, որոնք պիտի ջանան յառաջիկայ մարտին ակումբի վարչութեան թարմ շունչ մը բերել։

     

Հինգշաբթի, Յունուար 15, 2026