ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 1910 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ուալընս Ուաթլըս (Wallace D. Wattles) կը հրատարակէ իր «Հարստանալու գիտութիւն» (The Science of Getting Rich) գիրքը, որ վայելելով ընթերցողներու եւ հասարակութեան գնահատանքը թարգմանուած է մի քանի տասնեակ լեզուներու՝ ներառեալ արաբերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, յունարէն, իտալերէն, հնդկերէն եւ այլ լեզուներ: 

Մինչեւ օրս հրատարակուող այս գիրքը հակառակ ժամանակի տարողութեան, կը յաջողի մնալ ժամանակակից, որովհետեւ այս գիրքը մարդուն հարստանալու միջոցներու մասին չէ՛, որ կը խօսի, այլ կը բացատրէ հիմնականին մէջ լաւ ու բարօր կեանք մը ապրելու, ստեղծագործական միտքի զարգացման, ինչպէս նաեւ հետեւողական գործունէութեան լծուելու կարեւորութեան մասին, հաւատալով, որ աշխարհի վրայ բարեկեցիկ ապրիլն ու հարստանալը բախտ ըլլալէ աւելի գիտութիւն է՝ որ կը պահանջէ յատուկ մտածելակերպ ու կեանքի հանդէպ մասնաւոր դիրքորոշում: 

Նիւթականացած այս աշխարհին մէջ շատեր կը շարունակեն պնդել, որ հոգին, մտածելակերպն ու զարգանալու մարմաջը շատ աւելի կարեւոր է՝ քան նիւթական հարստութիւնը, սակայն, հեղինակը կու գայ բացատրելու, որ նիւթականը ո՛չ թէ կը հակասէ կամ արգելք կը հանդիսանայ անոնց յառաջդիմութեան ու բարգաւաճումին, այլ սատար կը հանդիսանայ զանոնք աւելի եւս զարգացնելու եւ բիւրեղացնելու: Գրողը կը հաւատայ, որ տաղանդը մշակելու, սեփական զարգացումը բարւոքելու համար անհրաժեշտ է միջոցը: Անշուշտ, հեղինակը հարստանալը որպէս նպատակ չի տեսներ, պարզապէս կը բացատրէ, որ թէ՛ մտաւոր, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ֆիզիքական զարգացման համար անհրաժեշտ է նիւթականը, որովհետեւ նիւթականը մարդուն առիթ կու տայ բացայայտել եւ իրականացնել շատ մը հնարաւորութիւններ. հետեւաբար, հարստանալու նպատակը ո՛չ թէ շատ գումար ունենալն է, այլ ցանկութիւնն է աւելի հանգիստ, աւելի լիարժէք ապրելու։ Մեր մարդկային կեանքը հիմնուած է նպատակներու եւ ցանկութիւններու վրայ եւ այդ բոլորը իրենց կատարեալ վիճակին հասցնելու համար կամայ-ակամայ մարդ արարած կը զգայ նիւթականի կարիքը. օրինակի համար, մարդ կ՚ուզէ այս կամ այն ճիւղին մէջ կատարեալ մասնագէտ դառնալ. նոյնիսկ այդ մէկը իրականացնելու համար կը պահանջուի ուսման ծախսեր, բազմաթիւ գիրքեր եւ այդ բոլորը նոյնպէս նիւթական կը պահանջեն՝ առանց նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ այդ բոլորը կատարելու ժամանակ եւս կեանքը նիւթական կը պահանջէ՝ պահպանելու համար գոյութիւնը թէ՛ սնունդով, թէ՛ հագուստով եւ թէ միւս մարդկային պէտքերով: Հետեւաբար, նիւթական ապահովութիւնը այս պարագային ո՛չ թէ ճոխութիւն, այլ անհրաժեշտութիւն է: 

Այս բոլորը բացատրելէ ետք հեղինակը կը խօսի այն մասին, որ հարստանալը բախտէ աւելի յստակ օրէնքներով ղեկավարուած գիտութիւն մըն է եւ այդ օրէնքներու ճիշդ գործադրմամբ ամէն մարդ՝ անկախ կարողութիւններէն, միջավայրէն ու աշխարհագրական պայմաններէն, կրնայ հարստութեան տէր դառնալ՝ եթէ սորվի այդ գիտութեան օրէնքները ու համոզուած եւ առանց յուսահատելու առաջնորդուի այդ օրէնքներով, որոնց մէջ ամենէն կարեւորը սկզբունքն է՝ առանց շեղելու այդ օրէնքներու կարողութենէն, ինչ որ այդքան ալ դիւրին չէ մարդկային մեր կեանքին համար։ Հեղինակին համաձայն՝ «հարստութիւնը հասանելի է բոլոր անոնց, որոնք կը հասկնան եւ կը գործեն ընդհանուր օրէնքներուն համաձայն»: Ան հարստութիւնը կը նմանցնէ թուաբանական խնդիրի մը. ամենէն դժուար թուաբանական խնդիրը անգամ ճիշդ հաշուարկով ու մօտեցումով կը ստանայ իր համապատասխան եւ լիարժէք պատասխանը։ Մարդկային կեանքին յաջողութիւնը եւս այդ թուաբանական լուծումի պատասխանն է, որ կը պահանջէ որոշ օրէնքներ ու տրամաբանութիւն. հետեւաբար, անձի մը նիւթական կարողութիւնը շրջապատը եւ կամ բախը չէ՛, որ կ՚որոշէ: 

Որպէսզի հարստանալը անհնարին ու անհասանելի մակարդակ մը չդիտուի, գրողը կ՚ըսէ. «Եթէ քու ապրած քաղաքիդ մէջ կան մարդիկ, որոնք կը յաջողին հարստանալ, ապա դուն եւս ունիս հնարաւորութիւնը»: Այսինքն, եթէ անձի մը համար կայ հնարաւորութիւն, կը նշանակէ այդ նոյն հնարաւորութիւնը ճիշդ ձեւերով, օրէնքներով ու սկզբունքային գործընթացով որպէս հնարաւորութիւն դրուած է իւրաքանչիւրի դիմաց։ Պարզապէս պէտք է ուսումնասիրել, թէ այդ յաջողակները ինչպէ՛ս գործած են, ի՛նչ ըրած են եւ ինչպէս յաջողած են հնարաւորութիւնները ի շահ իրենց ծառայեցնել։ Հնարաւորութիւնները սեփական շահին ծառայեցնելու համար պէտք է համոզուած ըլլալ, պէտք է սկզբունքայնօրէն աշխատիլ։ Գիտութեան մէջ հետեւանքները ծնունդ են պատճառներու եւ կեանքին մէջ եւս պէտք է ձեռք բերել այս պատճառները՝ որոնք որպէս հետեւանք մարդը կ՚առաջնորդեն բարեկեցիկ կեանքի: 

Շատեր կը հաւատան, որ հարստանալը եւ յաջողութիւն ձեռք բերելը իմաստութիւն կը պահանջէ. այս համոզումը հերքելու համար բաւարար է աչքէ անցընել աշխարհի մէջ որպէս իմաստուն ճանչցուած բազմաթի՜ւ մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը ապրած են աղքատութեան ու թշուառութեան մէջ։ Մինչեւ օրս մեր շուրջ կան բազմաթի՜ւ իմաստուն մարդիկ, որոնք հեռու են հարստութիւն ունենալէ, իսկ անդին կան մարդիկ՝ որոնք իմաստութիւն չունենալով հանդերձ հարստութեան տէր են. պատճառը պարզ է. յաջողութիւնն ու հարստութիւնը իմաստութենէն աւելի սկզբունք եւ կամք կը պահանջէ. յաջողութիւնը իմաստութենէն աւելի կու գայ գործողութիւններէն ու որոշումներէն։ Եթէ իմաստութիւնը կայ որոշումներ կայացնելու, սակայն, գործելու սկզբունքը կը բացակայի՝ յաջողութիւնը հեռու կը մնայ մարդէն:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեր նախնիները մեզ եւ աշխարհին փոքր ժառանգութիւն չէ որ կտակած են։ Բայց մենք պիտի հասկնանք եւ հասկնալով չմոռնանք երբեք, որ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է։ Գալով անյիշելի ժամանակներից, անցնելով բազում դարերի միջով, շփուելով բազում ազգերի լեզուներին՝ հայոց լեզուն իւրատեսակ հանրագիտարան է անյիշելի ժամանակների, բազում դարերի եւ բազմաթիւ այլ ազգերի։ Այսպէս դատելով՝ մեր լեզուն միայն մեզ չի պատկանում, այլ՝ աշխարհին. նա նաեւ միայն մե՛ր սրբութիւնը չէ, այլ՝ մասունքը հանուր մարդկութեան… համայն մարդկութեան այդ լեզուի խնամքը, նրա անաղարտութիւնը, պաշտպանութիւնը դրուած է մեզ վրայ։

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 22, 2026