Կիրակի 25, Յունուար 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅԱՅՏՆԻ ԵԼՄՏԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ ՇԱՆԹ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց յայտնի տնտեսագէտ եւ ելմտական վերլուծաբան Շանթ Մանուկեանը։ Գումգաբուի զրոյցի ընթացքին Շանթ Մանուկեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր աջակցութիւնը բերելու Պատիրարքական Աթոռի գործունէութեան։ Ջերմօրէն ողջունելով Շանթ Մանուկեանը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակաւոր վերլուծաբանի պատրաստակամութեան եւ Աթոռի նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց օրհնութիւնները Շանթ Մանուկեանին եւ յղեց յարատեւութեան մաղթանքներ։
Շաբաթ, Յունուար 24, 2026