Տ. ՅՈՒՍԻԿ ԱԲՂ. ՍՄԲԱՏԵԱՆ՝ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒՉ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ իր դիմումին համաձայն կարգալոյծ հռչակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։ Վեհափառ Հայրապետը կատարած է համապատասխան տնօրինութիւնը եւ այսպէսով կարգալոյծ հայր սուրբը այսուհետեւ կը դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Արտեոմ Անանեան աւազանի անունով։

Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան վերջին տասնամեակներուն Սուրբ Էջմիածնի միաբանութենէն հասած ամենաարժէքաւոր հոգեւորականներէն մին էր եւ վերջին շրջանին կը վարէր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը։

Վեհափառ Հայրապետի այլ տնօրինութեամբ՝ Տ. Յուսիկ Աբեղայ Սմբատեան նշանակուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի, Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի եւ Քահանայից պատրաստման լսարանի տեսուչ։

Շաբաթ, Յունուար 24, 2026