ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Միացեալ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան պատգամը տուաւ Տէրունական աղօթքէն առաջ։ «Մեր նպատակին, այսինքն մեր կեանքին մէջ Յիսուսը պէտք է ըլլայ», ըսաւ ան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ատենապետ Պերճ Զընկըքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ բոլոր ներկաները։ Սիրոյ սեղաններուն շուրջ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յունուար 26, 2026