ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՌՕՏՈՒԹԻՒՆԸ

Քվինտոս Սեպտիմոս Ֆլորենս Տերտուղիանոս (160-240 թթ.), վաղքրիստոնէական հռչակաւոր աստուածաբանը կ՚ըսէ, թէ՝ Տէրունական աղօթքը իսկապէս ամբողջ Աւետարանին համառօտութիւնն է։ Տէրը աղօթքին այս բանաձեւը մեզի կտակելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի առնէք». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։ Ամէն մարդ կրնայ ըստ իր կարիքներուն դէպի երկինք զանազան աղօթքներ ուղղել, բայց միշտ սկսելով Տիրոջ աղօթքով, որ կը մնայ հիմնական աղօթքը. (Տերտուղիանոս)։

Ցոյց տալէ ետք, թէ ի՛նչպէս Սաղմոսները գլխաւոր սնունդն են քրիստոնեայ աղօթքին եւ ինչպէս կը համալրուին «Հայր մեր»ին խնդրանքներուն հետ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚եզրակացնէ. «Աչքէ անցուցէ՛ք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող բոլոր աղօթքները եւ ես չեմ կարծեր, թէ դուք հոն գտնէք բան մը, որ բովանդակուած չըլլայ Տէրունական աղօթքին մէջ»։

Ամբողջ Աստուածաշունչը՝ Օրէնք, Մարգարէներ, Սաղմոսներ, իր կատարումը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 44)։ Աւետարանը այս «Բարի Լուրը»՝ Աւետիսն է։ Անոր առաջին հռչակումը համառօտուած է Մատթէոս աւետարանիչէն Լերան քարոզին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ե-Է)։ «Հայր մեր» աղօթքը այս հռչակումին կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Այս պարունակին մէջ է, որ կը յստականայ Տիրոջ կողմէ կտակուած աղօթքին իւրաքանչիւր խնդրանքը։

Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Տէրունական աղօթքը՝ աղօթքներուն ամենակատարեալն է. Անոր մէջ մենք կը խնդրենք ո՛չ միայն ինչ որ կրնանք ուղիղ կերպով բաղձալ, այլ բաղձալ ըստ պատշաճ կարգին։ Այնպէս որ այս աղօթքը ո՛չ միայն կը սորվեցնէ մեզի խնդրել, այլ նաեւ կը կազմաւորէ մեր մէջ մեր ամբողջ զգայնութիւնը»։

Լերան քարոզը կեանքի վարդապետութի՛ւնն է, իսկ Տէրունական աղօթքը եւս «աղօթք» է, բայց երկուքին մէջ Տիրոջ Հոգին նոր ձեւաւորում կու տայ մեր բաղձանքներուն, մեր կեանքը ոգեւորող մեր ներքին մղումներուն։ Յիսուս Իր խօսքերով այս նոր կեանքը մեզի կ՚ուսուցանէ եւ զայն աղօթքով խնդրել կը սորվեցնէ։ Մեր աղօթքին ուղիղութենէն կախում պիտի ունենայ մեր կեանքին ուղիղութիւնը Անոր մէջ։

«Տէրունական աղօթքը», այսինքն Տիրոջ աղօթքը կը նշանակէ, թէ «Հայր մեր» աղօթքը մեզի Տէր Յիսուսի կողմէ ուսուցուած եւ տրուած է։ Մեզի Յիսուսէն եկող այս աղօթքը իսկապէս մէկ հատիկ է. ան «Տիրոջն է»։ Մէկ կողմէն, այս աղօթքին խօսքերով Միածին Որդին Իր Հօրը տուած խօսքերը մեզի կու տայ. (ՅՈՎՀ. ԺԷ 7)։

Ան մեր աղօթքին վարդապե՛տն է։ Միւս կողմէն, Ան իբր մարդացեալ Բան, Իր մարդկային սրտով կը գիտակցի Իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մարդկային կարիքներուն եւ զանոնք մեզի կը յայտնէ. Ան մեր աղօթքին տիպա՛րն է։

Բայց Յիսուս մեքենաբար կրկնելիք աղօթքի մը բանաձեւը չի յանձներ մեզի. (ՄԱՏԹ. Զ 7), (Ա ԹԱԳ. ԺԸ 26-29)։ Ինչպէս ամէն ձայնիւ կատարուող աղօթքի պարագային, Սուրբ Հոգին Աստուծոյ զաւակներուն իրենց Հօր աղօթել կը սորվեցնէ։ Յիսուս մեր որդիական աղօթքին ո՛չ միայն խօսքերը կու տայ մեզի, այլ նաեւ կու տայ Հոգին, որուն միջոցով՝ այս խօսքերը մեր մէջ կը դառնան «հոգի եւ կեանք». (ՅՈՎՀ. Զ 63)։ Դեռ աւելի. մեր որդիական աղօթքին փաստը եւ կարելիութիւնը այն է, որ Հայրը առաքեց մեր սրտերուն մէջ Իր Որդիին Հոգին՝ որ կ՚աղաղակէ. «Աբբա՛, Հայր». (ԳԱՂ. Դ 6)։ Քանի որ մեր աղօթքը մեր բաղձանքներու մեկնաբանն է, դարձեալ «սրտերը քննող» Հայրն է, որ «գիտէ Հոգիին խորհուրդները, որ կը բարեխօսէ սուրբերուն համար՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն». (ՀՌՈՎ. Ը 27)։

«Հայր մեր» աղօթքը կը կցուի Որդիին եւ Հոգիին խորհրդաւոր առաքելութեան։

Տիրոջ եւ Սուրբ Հոգիին խօսքերուն այս անանջատելի պարգեւը՝ որ զանոնք կենսունակ կը դարձնէ հաւատացեալներուն սրտին մէջ, սկիզբէն իսկ ընդունուեցաւ եւ ապրուեցաւ Եկեղեցիին կողմէ։ Առաջին հասարակութիւնները Տիրոջ աղօթքը «օրը երեք անգամ» կ՚աղօթեն, փոխարէն «տասնութ օրհնաբանութիւններուն», որոնք կիրարկուած էին հրէական բարեպաշտութեան մէջ։

Ըստ առաքելական աւանդութեան, Տիրոջ աղօթքը ըստ էութեան արմատացած է «ծիսական աղօթք»ին մէջ։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Տէրը կը սորվեցնէ մեզի մեր աղօթքները մեր բոլոր եղբայրներուն համար հաւաքաբար կատարել։ Արդարեւ Ան չ՚ըսեր ՀԱՅՐ ԻՄ, որ երկինքս ես, այլ՝ ՀԱՅՐ ՄԵՐ, որպէսզի մեր աղօթքը մէկ հոգիով կատարուի Եկեղեցւոյ ամբողջ Մարմինին համար»։

Ծիսական բոլոր աւանդութիւններու մօտ՝ Տիրոջ աղօթքը լրացուցիչ մէկ մասն է Ժամասացութեան մեծ ժամերուն։

«Հայր մեր»ը Աւետարանին համառօտութի՛ւնն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 28, 2026