ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ (1120-1200)

Մխիթար Հերացին միջնադարեան հայ բժշկութեան ամենաականաւոր ներկայացուցիչն է. հայկական դասական բժշկութեան եւ բժշկական դպրոցի հիմնադիրը։ Ան եղած է նաեւ բնագէտ, փիլիսոփայ, գիտնական եւ բնաւորութեամբ մանաւանդ մեծ մարդասէր։ Անոր տան դուռը միշտ բա՛ց էր հիւանդին եւ կարօտեալին առջեւ, անոր լոյսը մինչեւ առաւօտ անմար կը մնար սեղանին վրայ։

Մխիթար Հերացի ապրած եւ գործած է ԺԲ. դարուն՝ լուսաւոր դէմք մը հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթը ստեղծողներու երկնակամարին վրայ եւ հայ աստղերուն մէջ պատուաւոր տեղ մը գրաւող։ Ան հայկական բժշկագիտութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած է։

Յարմար է հոս յիշել Մխիթար Հերացիին եւ տակառագործի մը հետաքրքրական խօսակցութիւնը։

Գիշեր մը, երբ մեծ բժշկապետը իր սենեակին առանձնութեան մէջ ինքնամոռացութեամբ կ՚ուսումնասիրէր զանազան բոյսեր, որոնց օգտագործումը բժշկութեան մէջ կենսական կը համարուէր, յանկարծ դուռը ծեծեցին՝ թակեցին։ Հերացին անմիջապէս առաւ կանթեղը եւ բացաւ դուռը։

Դրան սեմին կեցած էր օտարական մը, որ ըսաւ. «Ներէ՛, բժի՛շկ, որ այսպիսի անպատեհ ժամու մը քեզ կ՚անհանգստացնեմ։ Հեռուներէն կու գամ եւ քու բարի խորհուրդիդ պէտք ունիմ»։

Հերացին կը կարծէ, թէ եկողը սովորական հիւանդ մըն է, եւ ներս կը հրամցնէ զայն։ Եւ երբ օտարականը կը նստի, Հերացին կը սկսի հարց ու փորձ կատարել անոր առողջութեան մասին։

«Ես հիւանդ չեմ, բժի՛շկ, ես մօտդ եկած եմ քեզի երեք հարցում ուղղելու համար։ Եթէ թոյլ տաս կ՚ըսեմ»։

«Պատրաստ եմ լսելու», կը պատասխանէ մեծ բժշկապետը եւ կը շարունակէ. «խօսէ՛»։

1.- «Ըսէ՛ ինծի, բժի՛շկ, ինչի՞ մէջ կը կայանայ քու բժշկութեանդ գաղտնիքը»։

«Իմ բժշկութիւնս ոչ մէկ գաղտնիք ունի», կը պատասխանէ Հերացին. «Իմ բժշկութիւնս սէ՛ր է. սէր՝ մարդոց հանդէպ անխտիր»։

2.- «Ըսէ՛ ինծի, դժուա՞ր է բժիշկի մը պարտականութիւնը»։

«Բժիշկներուն աշխատանքը դժուա՛ր է, երբեմն չափազանց դժուար։ Բայց բժշկութիւնը պարտականութիւն չէ, զաւա՛կս, բժշկութիւնը ամենէն առաջ կոչում է եւ խի՛ղճ»։

3.- «Վերջին հարցում մըն ալ, բժի՛շկ», ըսաւ օտարականը։ «Զիս քովդ չե՞ս առներ, որպէս աշակերտ»։

«Քու երրորդ հարցումիդ ես չեմ կրնար պատասխանել, մինչեւ որ դուն չպատասխանես իմ սա հարցումիս։ Ըսէ ինծի, հիւանդի մը համար դուն կրնա՞ս ամէն ինչէ զրկել ինքզինքդ։ Կրնա՞ս հանապազօրեայ հացի փոխարէն հիւանդի մը համար դեղ գնել, կրնա՞ս անքուն գիշերներ անցընել անոր անկողնին քով՝ մոռնալով քու մերձաւորդ։ Եւ վերջապէս, դուն կրնա՞ս միանգամընդմիշտ ընդունիլ, որ բժիշկի մը աշխատանքը միայն պարտականութիւն չէ՛, այլ անհո՜ւն սէր մարդոց հանդէպ, համակ նուիրում եւ սրբազան գործ։ Եթէ ազնիւ մարդ ես, ըսէ՛ ինծի ճշմարտութիւնը»։

Օտարականը շփոթեցաւ։ «Ես… ես ազնիւ մարդ եմ, բժիշկ», ըսաւ ան. «ես քեզ խաբել չեմ կրնար։ Աւելի լա՛ւ է, որ ես շարունակեմ զբաղիլ իմ արհեստովս՝ տակառագործութեամբ»։

Մխիթար Հերացին մօտեցաւ եւ գրկեց օտարականը եւ ըսաւ. «Ապրի՛ս, զաւա՛կս, դուն այս վայրկեանիս ապացուցիր, որ խղճամիտ մարդ ես, հրաժարեցար ապագային յանցագործ դառնալէ»։

Օտարականը ներողութիւն խնդրեց եւ մեկնեցաւ, իսկ Մխիթար Հերացին՝ որ իրապէ՛ս ամբողջ նուիրում եւ սէր էր մարդոց նկատմամբ, նորէն խորասուզուեցաւ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ։

Մխիթար Հերացին իրեն ներկայացող տակառագործին կը հարցնէ կարգ մը հարցումներ, որոնք համազօր են պայմանի։ Եթէ բժշկութիւնը այդքան նուիրումի կը կարօտի, որ լոկ մարդուս մարմինը ցաւէ եւ հիւանդութենէ փրկել կը ջանայ՝ հապա որքա՞ն աւելի նուիրում եւ անձնուրացութիւն կը պահանջէ Աւետարանի ծառայութեան նուիրուող մէկէ մը։

Կը պատմուի, թէ հոգեւորական ըլլալու պատրաստուող աստուածաբանակ ուսանողի մը ուսուցիչը կը հարցնէ. «Ուրախ եմ, որ Աստուծոյ ծառայութիւնը որպէս դաշտ եւ ասպարէզ ընտրած ես դուն քեզի։ Կրնա՞ս ինծի ըսել, թէ զայն ինչո՞ւ ընտրեցիր»։

Եւ ուսանողը կը պատասխանէ. «Զայն ընտրեցի, որպէսզի մուճակագործ չդառնամ»։

Մխիթար Հերացիին այցելող տակառագործը շատ աւելի ազնիւ մարդ է եղեր, քան այս ուսանողը։

Ուստի, հոգեւորականութիւնը կոչո՛ւմ է, ո՛չ թէ իր սեղմ իմաստով ասպարէզ մը, ապրուստի միջոց եւ ո՛չ ալ կազմակերպութեան մը վարչական կազմին «ստրուկ»ը ըլլալ է։ Սիրել, եւ միայն սիրել մարդոց հոգիները եւ ծառայել անոնց հոգեպէս փրկութեան ի խնդիր՝ շատ աւելի՛ վեհ գաղափար է, քան բժշկել մարդուն մարմինը։

Յիսուս Իր ծառայէն կ՚ակնկալէ, առաջին տեղը Իրեն տրուիլը՝ այդ կերպով ծառայել մարդոց անմահ հոգիին, քանի որ Ինք չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ…

Աստուծոյ կատարելութիւնը Իր անսակարկ սիրոյ մէջ է, եւ մարդուն կատարելութիւնն ալ նոյն այդ սիրոյն մէջ կը կայանայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 29, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 30, 2026