ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

Անցեալին թերթերը ունեցած են տարբեր հետաքրքրութիւն մը եւ հանրութեան կողմէ տարբեր մօտեցումով ընկալուած են, նայած ժամանակի պահանջներուն եւ իրադրութիւններուն: Ներքոնշեալ մի քանի գրութիւնները վկայութիւնն են ժամանակի այդ պահանջներու մէկ երեսակին.

•ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ՍԱՓՐՉ ՎԱՐՍԱՅԱՐԴԱՐ ՄԸ, որ արհեստին ամէն նրբութիւններուն տեղեակ է ու գիտէ խիստ ճարտարօրէն մազ ու մօրուք ներկել բնականին յար եւ նման գոյնով. կը փափաքի ընկեր ըլլալ պարկեշտ անձի մը հետ, որ բանուկ խանութ մը բռնելու համար հարիւր ոսկի դրամագլուխ դնել յօժարի. դիմել խմբագրատունս։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 18, Նոյեմ. 4-17 - 1908, էջ 3):

•ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒԺ ԵՒ ԿՈՐՈՎ

Երիտասարդական ուժ ու կորով ստանալու եւ մարմնոյն առողջութիւնը ապահովելու համար անհը-րաժեշտ է ջիղերը զօրացնել, արիւնը մաքրել եւ ուժովցնել: Բժշկական մասնախումբ մը, որ տարիներէ ի վեր ասանկ դեղ մը գտնելու կը հետամտէր, երկար փորձերէ ետք վերջապէս յաջողեցաւ պատրաստել «ՆԷՕԺԷՆ» անուն դեղը, որ ջիջերը կը զօրացնէ, արիւնը կը մաքրէ եւ երիտասարդական ուժ ու կորով կը պարգեւէ ամենէն տկարակազմներուն, ուժաթափներուն, անկարողներուն, իրենց առողջութենէն ու կորովէն յուսահատածներուն: Անոնք, որոնք կը փափաքին յարատեւ առողջութիւն մը վայելել եւ մանաւանդ անոնք, որոնք կը տառապին ամէն կարգի ջղային հիւանդութիւններէ, անարիւնութենէ, տժգունութենէ եւ ուժաթափութենէ, պէտք է անմիջապէս առնեն հանրահռչակ «ՆԷՕԺԷՆ»ը, որուն կեդրոնատեղին է Պահչէ-Գաբու, Աւստրիական նամակատան կից Յ. Մինասեան դեղարանը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 18, Նոյեմ. 4-17 - 1908, էջ 4):

•ԿԱՇԱՌՔԻՆ ՀԱՇԻՒԸ

Ըսէք, կ՚աղաչեմ, տարեկան ո՞րչափ կաշառք կու տայիք խաֆիէներուն ու ոստիկաններուն, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ո՞րչափ սրտադող կը քաշէր այդ մարդոց երեսէն եւ անոնց մատնութեան չենթարկուելու համար ի՞նչ մեծ զոհողութիւններու կը յօժարէր ամէն ոք:

Իբրեւ վաղեմի հրապարակագիր, չենք կարծեր, որ հա՛յ մը իսկ գերծ մնացած ըլլայ այդ անխուսափելի ու բռնադատիչ հարկէն. վաճառականներ, սեղանաւորներ, խանութպաններ եւ նոյնիսկ կօշիկ ներկողներ կանոնաւոր հարկատուներ դարձած էին հին ռէժիմի բռնապետներուն եւ անոնց չար հրեշտակներուն: Մարդ կար, որ ճամբորդութիւն մը ընել կարենալու համար 5-6 անգամ կը կողոպտուէր 2-4-ական ոսկի վճարելով ան ու աս միջնորդին ու դարձեալ անցագիր մը ձեռք անցընել չէր յաջողեր։ Ուրիշներ, խանութպաններ ստիպուած էին ամսական 2-3 մէճիտիէ վճարել թաղին ոստիկանին, որպէսզի կարող ըլլային գոնէ նուազ արգելքով կատարելու իրենց առեւտուրը:

Վերջապէս միջին հաշուով ամէն հայ իր շահուն կամ դրամագլուխին մէկ կարեւոր մասը կաշառքի կը յատկացնէր եւ եթէ անգամ մը բանտ տարուելու դժբախտութեան ենթարկուէր, այն ատեն կործանումը անխուսափելի կը դառնար այլեւս:

Ինչո՞ւ կ՚անդրադառնանք այս տխուր եղելութիւններուն եւ ինչո՞ւ անգամ մըն ալ կը խառնենք այս վէրքերը, որոնք գուցէ սպիացած ալ չեն բոլորովին: Անո՛ր համար այս դառն վերյիշումները, որպէսզի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն երես ունենանք ըսելու, թէ ինչ որ կեղեքիչներուն, բռնապետներուն ու խաֆիէներուն հին ռէժիմին օրով արիւն արցունքներ լալով ու անիծելով կու տային, ազատագրութեան այս յուսալից զարթնումին ալ, գոնէ այն գումարին կէսը կամ քառորդը թող փութան վճարել ի նպաստ ազգային կարօտեալներուն:

Գաղթականութիւն, սով, աղքատութիւն. ահաւասի՛կ երեք ճիւաղային ձեռքեր, որոնք այս պահուս կը հարուածեն սահմանադրական նորածին հայութիւնը: Գաղթականները մեր աչքին առջեւ են, մօտէն կը տեսնենք ամէն օր անոնց թշուառ, արգահատելի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնցմէ բարոյապէս ինկածներուն ալ խաչագողութիւնը: Հեռաւոր գաւառներու, աչքէ հեռու անկիւններու մէջ աւելի մեծ է թշուառ կացութիւնը: Զէյթուն սովամահ, Հաճըն հացակարօտ, Կիւրին անօթի եւ Պօղօխի գիւղախումբը, որ ամբողջ Անատոլուի շտեմարանը կը յորջորջուի իր հացաշատ հանգամանքին համար, այսօր կը տուայտի անսուաղ…: Հաց աղաղակող այս քաղաքները բաղդատութեան մի դնէք միւս կեդրոններուն հետ: Այսչափ ատեն է լրագիր կը կարդաք, երբեք լսա՞ծ էիք, որ Կիլիկեան քաղաքներէն հացի կամ օգնութեան խնդրանք մը ըլլար, ընդհակառակը այսօրուան սովատանջ երկիրներու այս ժողովուրդը միշտ ինքն իրեն բաւած եւ ի հարկին օգնութեան հասած է դրացի կարօտութիւններու:

Զէյթուն, Հաճըն զուտ հայաբնակ կեդրոններ են: Կիւրին վաճառաշահ քաղաք է, ուր հարիւրաւոր գործարաններ կան եւ գրեթէ բնակչութեանց ամէնքն ալ զբաղումի մէջ են. իսկ Պօղօխ ստուար կուտակում մըն է զուտ հայաբնակ գիւղախումբերու, ուր այցելող ազգային մը հոգեկան անուշ մխիթարութիւն մը կը զգայ ինքզինքը շրջապատուած տեսնելով շինական պարզուկ տէր պապայէն, զարմացկոտ ու հետաքրքիր գիւղական համայնքէն, որոնք այցելուն ձեռքէ ձեռք կը խլեն իրենց խոնարհ երդիքին տակ, հիւրը պատուասիրելու զգացումովն առլցուն: Ու ասոնք են, այս աշխատասէր ու խաղաղաբարոյ ժողովուրդներն են, որ «հա՛ց» կ՚աղաղակեն:

Նամակով չեն բաւականանար, անօթութիւնը բօսթային չի սպասեր, հեռագրով հա՛ց կ՚ուզեն: Եւ մենք, որ առաջին անգամ մեր սեմէն ներս կոխող խաֆիէին ուզածը տալու դատապարտուած էինք նախորդ ռէժիմին օրով, այսօր ամրապէս կը կղպենք մեր դրամարկղերը եւ գանգատ գանգատի վրայ կը բարդենք, երբ ամենադոյզն բան մը վճարած ըլլանք. կամ գումար մը պահանջուի մեզմէ մեր կարօտ եղբայրներուն յատկացուելու եւ կամ ազատութիւնը ամրապնդելու նպատակով որեւէ պէտքի մը համար:

Ասիկա լաւ նիշ մը չէ մեր սիրտին համար: Ըսել է մենք բռնութեան ու վախի ստիպումով միայն կրնայինք դրամ ցնծալ, անկէ անդին զգացումն ու պարտականութիւնը չեն յուզեր մեր հոգին:

Չէ՛. հեռո՛ւ մեզմէ այս յոռի նիշը, մենք ամէնքս ալ եթէ պարտականութեան ձայնին չենք անսար, գոնէ վերյիշենք մեր նախկին խաֆիէներուն տուած կաշառքը եւ իբր ազատութեան փրկանք, գոնէ այն գումարներուն կէսը վճարենք մեր սովալլուկ եղբայրները փրկելու նպատակով։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 2):

•ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՊԱԼԱՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս կիրակի օրուընէ կը ծանուցանէինք, Դատական նախարարութեան պաշտօնական մէկ հրաւիրագիրովը Սրբազան Պատրիարքը հրաւիրուած էր իր անդրանիկ այցը տալու Վեհ. Կայսեր: Այս առթիւ հրաւիրագիրներ ուղղուած էին բոլոր Ազգային պաշտօնական մարմիններուն եւ ամէն պատրաստութիւն սարքուած էր կատարելապէս։ Կայսերական ախոռներէն մասնաւորապէս ղրկուած չքեղ լանտօ մը կը սպասէր Պատրիարքարանի առջեւ, ուր բազմաթիւ հետեւորդ կառքեր շարուած էին, թափօրին ընկերանալիք վարդապետները, քահանաները, բարապանները եւ զինուորները ձիու վրայ նստած կազմ ու պատրաստ էին առաջին հրամանին մեկնելու, երբ յանկարծ նախարարապետը հեռագիր մը տուաւ Կայսերական Պալատէն ծանուցանող, թէ Սրբազան Պատրիարքը յառաջիկայ ուրբաթ օր, ժամը 8-ին, պիտի ընդունուի Կայսեր ունկնդրութեան: Այս անակնկալը, անշուշտ, հաճելի տպաւորութիւն մը չգործեց Պատրիարքարանի մէջ, ինչպէս նաեւ անկէ դուրս ալ, ուր հազարաւոր հայեր թափօրին անցքին վրայ շարուած կը սպասէին ողջունելու Իզմիրլեան Սրբազան Պատրիարքը, անոր Կայսերական պալատ երթալու պահուն: Հանրութիւնը որ չէր գիտեր այս յետաձգումին իսկական պատճառը՝ զարմանալով կը հարցնէր, թէ այսչափ պատրաստութիւններէն ու պաշտօնական հրաւէրներէն ետք ինչո՞ւ արդեօք ուրբաթ օրուան յետաձգուեցաւ ընդունելութիւնը, երբ այն օր Բ. Դուռը գոց կ՚ըլլայ ըստ սովորութեան եւ հանդիսական թափօրը շատ բան կը կորսնցնէ իր պերճաշուք փայլէն:

Ահաւասի՛կ, այս առթիւ խմբագրութեանս ուղղուած Պատրիարքարանի զեկոյցը.

Պատ. Խմբագրութիւն ԺԱՄԱՆԱԿ լրագրի

Կայսերական Պալատէն Մեծ Եպարքոսին կողմէ ի Պատրիարքարան հասած հեռագիր մը կը ծանուցանէ թէ՝ Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր Կայսերական Պալատ երթալու արարողութիւնը Կայսերական Իրատէով յետաձգուած է յառաջիկայ ուրբաթ օրուան:

Մնամ աղօթարար՝

Պատրիարքական Փոխանորդ

Ղեւոնդ Վ. Դուրեան 

(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 2):

•ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ

ԻՆՉՈ՞Ւ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՊԱԼԱՏ ԵՐԹԱԼԸ

Վերջին պահուն տեղեկացանք, թէ Սրբազան Պատրիարքին ընդունելութիւնը յետաձգուած է հետեւեալ պատճառով: Կայսերական պալատան մէջ զինուորական պիտոյքներու յատուկ սնտուկ մը կար Ղազի Օսման փաշայի վարչութեան տակ: Օսման փաշա պիտոյքներու գնումէն խնայած գումարները այս մասնաւոր դրամարկղին մէջ կը պահէր եւ չէր թոյլատրեր, որ ոչ ոք բանայ զայն: Իր մահէն ետք ալ անձեռնմխելի մնաց այդ դրամարկղը մինչեւ երէկ առտու, երբ նախարարապետը եւ ուրիշ մէկ քանի նախարարներ Պալատ հրաւիրուեցան եւ այդ խորհրդաւոր դրամարկղը բանալով անոր հաշիւներով զբաղեցան առտուընէ մինչեւ իրիկուն: Վաթսուն հազար ոսկի ելաւ այդ դրամարկղէն եւ անմիջապէս Մալիյէ ղրկուեցաւ: Հետեւաբար Սրբազան Պատրիարքին ընդունելութեան յետաձգումը այս պատճառով էր միայն (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 3):

•ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ այս կիրակի գիշեր Գումգաբու Վէրտիվէնլի քիլիսէի վարժարանին թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Տիկ. Զապէլ Հեքիմեանի, պիտի ներկայացնէ ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ կամ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱՐԱՐԸ ողբերգութիւնը՝ արժանի ամէն հայու վայելքին. գին սովորական. կանանց զեղչ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 2):

•ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ազատական երգիչ խումբը, որ կը գտնուէր Գաֆէ Արմէնիայի վերնայարկը, փոխադրուած է Տէմիրեան վարժարան: 

ԵՐԷԿ Էլմոն Խէրպէկեան անուն աղջիկ մը, Յունաց Պատրիարքանը երթալով ընդունեց յունական կրօնքը: Հայոց Պատրիարքարանը քննելով յիշեալին թուղթերը, ապօրինի ըլլալը հաստատեց եւ իր ինքնութիւնը հաստատող կարեւոր վաւերաթուղթեր պահանջեց։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 2):

•ՔՐԻՍՏԻՆԷ մայրապետ, յատուկ ուղերձով մը ներկայացաւ Կայսերական Պալատան Ա. քարտուղար Ճէվատ պէյի եւ խնդրեց, որ եթէ կարելի է, յանուն որբուհիներուն իր ուղերձը մատուցուի Սուլթանին: Ճէվատ պէյ ուղերձը ցոյց տուաւ նոյն միջոցին հոն գտնը-ւող Մեծ Եպարքոսին, ուրկէ վերջ պիտի մատուցուի կայսեր եւ պատասխանը պիտի ծանուցուի։ (ԺԱ-ՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 2):

•ՏՊԱՐԱՆ, ՎԻՄԱԳՐԱՏՈՒՆ, ԿԱԶՄԱՏՈՒՆ ԵՒ ԳՐԱՏՈՒՆ Գ. ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ

ՆՈՐ ՈՃՈՎ ՎԱՃԱՌՈՒՄ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ

100 գիրք առնողին 60 գիրք նուէր

50 գիրք առնողին 25 գիրք նուէր

25 գիրք առնողին 8 գիրք նուէր

Առաջնորդ Գաղղ. լեզուի.- Ա. Ոսկեան, Եզական գործ երեք մասի բաժնուած, երես 100

Մասն Ա. (Տարր. ընթացք) գին 2 ղրշ.:

Մասն Բ. (Միջին ընթացք) գին 4 ղրշ.:

Մասն Գ. (Բարձր. ընթացք) 6 ղրշ.:

Երեք մասն ի միասին կազմեալ 12 ղրշ.:

Քերականութիւն աշխարհ.- Ս. Դաւթեան. Լաւագոյնը իր տեսակին մէջ. երես 206. գին 4 ղրշ.:

Իրագիտութիւն.- Ե. Գէորգեան.- 300 բոլորովին նոր պատկերներով. երես 100, գին 4 ղրշ.:

Հատընտիրք Արդի Տոհմք Գրականութենէ.- Ալ. Վ. Սիրունեան. երես 206, գին 6 ղրշ.:

Կրօնի Ուսումն.- Յ. Էսկիեան.- Բ. տպագրութիւն. երես 100, գին 3 ղրշ.:

Հաւաքածոյ Ա.- Ս. Գաբամաճեան.- Ե. տպագրութիւն. երես 190, գին 5 ղրշ.:

Գեղեցիկ Վարժութիւն.- Յ. Էսկիեան.- Բ. տարի. երես 141, գին 5 ղրշ.:

Աշխարհագրութիւն.- Յ. Փալագաշեան.- մեծադիր պատկերազարդ. երես 200, գին 7 ղրշ.:

Սիրտ.- Ամէն դպրոցականի համար. թարգմ. Ե. Օտեան. երես 328, գին 6 ղրշ.:

Գիտելիք եւ Պարտիք.- Մ. Մամուրեան, Զ. տպգրութիւն, պատկերազարդ, երես 224, գին 5 ղրշ.:

Քաղ. Տնտեսութիւն.- Կ. Ս. Իւթիւճեան, երես 144, գին 4 ղրշ.:

Առտնին Տնտեսութիւն.- Կ. Ս. Իւթիւճեան, երես 144, գին 4 ղրշ.:

Վարդենիք.- (Կիշլշէն) Ա. տարի, երես 72, գին 1 ու կէս ղրշ.:

Նմոյշ Օսմ. Գրականութենէ (Էնմուզէճ).- Մ. Գաբրիէլեան, երես 91, գին 2 ղրշ.:

Համառօտ Բնագիտութիւն.- Ասլանեան, պատկերազարդ, երես 310, գին 12 ղրշ.:

Պատմութիւն Հայոց Համառօտ.- Մինաս Գաբամաճեան, երես 150, գին 2 ու կէս ղրշ.:

•Ուզուած գրքէն իբր նմոյշ օրինակ մը կը ղրկուի դպրոցական վարչութեանց 2 ղրշ. բօսթայի ծախքի փոխարէն:

(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 19, Նոյեմ. 5-18 - 1908, էջ 4):

•Ռուբէն Զարդարեան «Կեդրոնական կառավարութիւն» վերանգիրը կրող յօդուածին մէջ կը գրէ այդ դրութեան մասին, բացատրելով անոր դրական կողմերը: Նախքան այդ, Զարդարեան կը մատնանշէ տիրող վիճակը, անոր յոռի կողմերը: Ան իր յօդուածը կ՚աւարտէ այսպէս.

«Եթէ պետական անձնաւորութիւնները անձնապէս քաջութիւնը չեն զգար իրենց մէջ՝ խոստովանելու, թէ անկարող են պահելու պետական հսկայ բեռ մը եւ իրենց պարտականութիւնները անթերի կատարելու, ժողովուրդին նկատմամբ, որուն քրտինքովը, որուն աշխատանքովն ու բարօրութեամբը միայն կրնայ կանգուն մնալ ու ապրիլ այս երկիրը, գոնէ աչքն ունենան տեսնելու ժողովրդական իրաւունքի կողմնակիցները, գոնէ պայծառ իմացականութիւնն ունենան պահելու երկրին պաշտպան անունով հրապարակ եկած անձերն ու կազմակերպութիւնները:

Եւ եթէ առաջինները շահ ունին լռելու եւ երկրորդները ոչ այն կարողութիւնն ու ընդունակութիւնը՝ իրենց վրայ դրուած յոյսերն արդարացնելու, թող գիտնայ ուրեմն ժողովուրդը կանգնելու իր իրաւունքին վրայ եւ պաշտպանելու զայն՝ քաղաքացիի վայել արիութեամբ: 

Թող ժողովուրդը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի՝ պահանջէ կեդրոնացեալ դրութեան հիմնական բարփոխութիւնը: 

Չարիքը պէտք է չորցնել իր աղբիւրին մէջ։ (ԺԱ-ՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 20, Նոյեմ. 6-19 - 1908, էջ 1):

•ՍՈՎԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Մաննիկ Ռ. Յ. Պէրպէրեանի վերոնշեալ վերնագրով գրութեան սկիզբը կը կարդանք հետեւեալ բացատրականը խմբագրութեան կողմէ: 

Մեր ամէն կարգի ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հետեւեալ գողտրիկ ու սրտաշարժ տողերուն վրայ, զոր խմբագրումթեանս ղրկած է ողբացնալ Ռ. Յ. Պէրպէրեան էֆ.ի հայրամոյն զաւակը, նոյնչափ զգայուն բանաստեղծուհի Օր. Մաննիկ Պէրպէրեան: Կը յուսանք, թէ փափուկ մատուըներէ ու գորովալից սրտէ մը բղխած այս տողերը կ՚արձագանգեն ամէն հայ սրտերու մէջ եւ մեր հազարաւոր սովեալները նիւթական մխիթարութիւն կը գտնեն Օրիորդի մը զգայացունց տողերուն շնորհիւ:

Ցաւատանջ վայրկեանի մը մէջ կը գրեմ: 

Դուրսը հով կայ սաստիկ ու կը ձիւնէ արդէն, կրակը կը վառի ճարճատիւնով, ու սենեակս տաքուկ է: Ծաղիկներ կան շուրջս. գարուն է կարծես հոս:

Բայց հովը կը սուլէ, Աստուած իմ ի՜նչ ցուրտ ըլլալու է դուրսը… 

Ու հոգիս կը ցաւի. կը ցաւի՜, եւ կ՚ատեմ բոլոր այս աղուոր բաները շուրջիս, սենեակս, իր տաքուկ մտերմութիւնը, սա կրակն ալ կարմիր, որ կը վառի, կը ճարճատի մօտս. կ՚ատեմ հանգիստս, ու հոգիս կու լա՜յ, երբ կը խորհիմ հայ սովեալներուն:

Սա վայրկեանիս երբ ես կ՚ապրի՛մ, եւ չեմ մսիր, ոչ ալ ահռելի քաղցէն կը տառապիմ, ուրեմն անոնք, գաւառի քոյրերը ու եղբայրները կը մեռնի՛ն՝ հովէն, ցուրտէն, ձիւնէն ու անօթութենէն:

Ուրեմն, կը մեռնի՛ն սրտոտ կիները, յոյսով լեցուն տղաքները, աղուոր հարսերը, պաշտելի ծերերը, վարդ աղջիկները, կտրիճներն ալ քաջարի… Կը մեռնին անոնք, սա կրակիս է՛ն ոչինչ մէկ մասին երազելով, եւ սեղանիս յետին փշրանքին ա՜խը քաշելով… հոգիս կը ցաւի՜: 

Եւ ներքին բուռն զգացումով մըն է, որ կ՚աղերսեմ օգնութի՛ւն հայ սովեալներուն: 

Հայե՛ր, հայե՛ր, յանուն բոլոր ձեր սիրելի բաներուն, յանուն ձեր բոլոր յոյսերուն, յանուն հայրենիքի զգացումներուն, հայե՛ր, հայե՛ր, սա խեղճ ու սիրելի սովեալ հայրենակիցներուն տուէք բան մը ձեր հագուստէն, բան մը ձեր լումայէն, ու անոր մէջ դրէք նաեւ բան մը ձեր սրտէն։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 20, Նոյեմ. 6-19 - 1908, էջ 1):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 31, 2026