ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը շաբաթավերջին հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման դէպքերուն կապակցութեամբ: Հայաստանի իշխանութիւնները ակնյայտօրէն կը սաստկացնեն սիսթեմաթիք հալածանքները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին դէմ: Զգայացունց եւ գայթակղեցուցիչ դրսեւորումները կ՚ահագնանան այս կապակցութեամբ:
Վերջին օրերուն դարձեալ տեղի ունեցան ապշեցուցիչ իրադարձութիւններ: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Մասեացոտնի այժմ արդէն նախկին առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ազատ արձակուած էր իր պաշտօնէն: Հայրապետական տնօրինութեան դէմ ան դիմեց Հայաստանի դատական իշխանութիւններուն, որոնք զարմանալի եւ իսկապէս ուշագրաւ արագութեամբ քննարկեցին իր դիմումը: Արդիւնքին, ինչպէս ամիսներէ ի վեր հանրային կարծիքը վրդովմունքով ականատես կը դառնայ, եկեղեցւոյ թիրախաւորման ուղղեալ այս դիմումին կապակցութեամբ կայծակնային արագութեամբ վճիռ մը արձակուեցաւ: Հայաստանի դատական իշխանութիւնները, որոնք եկեղեցական նշանակումներու պարագային որեւէ իրաւասութիւն չեն կրնար ունենալ տրամաբանականօրէն, վճիռ արձակեցին, թէ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան պէտք է վերադառնայ Մասեացոտնի առաջնորդի պաշտօնին: Ընթացքին, պաշտօնազրկուած թեմակալ առաջնորդը հրապարակային բազում նախատիքներով հանդէս եկաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին դէմ: Ստեղծուած իրավիճակը արժեւորուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) վերջին նիստին: Ժողովականները Վեհափառ Հայրապետին յանձնարարեցին կարգալոյծ ընել Տ. Գէրոգ Եպսկ. Սարոյեանը: Նորին Սրբութիւնը նոյն օրը արդէն առաւ համապատասխան քայլը՝ կարգալոյծ հռչակելով Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանը, որ այժմ աշխարհականներու դասը վերադարձած է՝ աւազանի իր անունով՝ Արման Սարոյեան:
Այս բոլորէն վերջ, Հայաստանի դատական իշխանութիւնները հերթական զարմանալի քայլը առին: Այսպէս, քրէական վարոյթի մը նախաձեռնուեցաւ՝ դատավճռին չհնազանդելու եւ դատավճռի իրականացումը խոչընդոտելու արհեստական մեղադրանքով: Հարցաքննութեան հրաւիրուեցան եօթ հոգեւորականներ, որոնց պարագային խափանման միջոց սահմանուեցաւ՝ երկրէն չբացակայելու արգելքի սահմանումը: Այդ եօթ հոգեւորականներէն վեցը ԳՀԽ-ի վերջին ժողովին մասնակցած եպիսկոպոսներն էին: Ներկայ ամսուայ կէսին Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած Եպիսկոպսական ժողովին ընդառաջ այս սրբազաններուն դէմ երկրէն բացակայելու արգելքի սահմանումը արդէն կասկածի տեղ չի թողուր, թէ իշխանութիւնները կը ջանան խոչընդոտել ժողովի կազմակերպումը: Հայաստանի Քննչական կոմիտէ հարցաքննութեան հրաւիրուած հոգեւորականներն են Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան, Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան, Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Տ. Մակար Եպսկ. Յակոբեան, Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Սահակեան: Այս բոլոր մտահոգիչ եւ ամօթալի իրադարձութիւններու լոյսին տակ, շաբաթավերջին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ: Ստորեւ այս յայտարարութիւնը նոյնութեամբ կը ներկայացնենք՝ փոխադրելով արեւմտահայերէնի:
*
Մայր Աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու բացայայտ խախտումներով իշխանութիւններու հերթական միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Այսպէս, քրէական վարոյթ նախաձեռնուած եւ քրէական հետապնդում յարուցուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական անդամներուն դէմ՝ դատավճռի կատարումը խոչընդոտելու մեղադրանքով:
Յունուարի 31-ին, ԳՀԽ-ի հոգեւորական անդամներուն ծանուցագրեր յղուած են եւ պահանջուած՝ որպէս մեղադրեալ ներկայանալ Քննչական կոմիտէ, ինչ որ դարձեալ ակնյայտ վկայութիւն մըն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկուած արշաւի եւ հոգեւորականներուն դէմ բռնաճնշումներու:
Քրէական հետապնդման շրջանակներէն ներս արգիլուած է ԳՀԽ-ի եպիսկոպոս անդամներու ելքը երկրէն: Այս դատապարտելի գործընթացը մեր պետութեան օրէնքներով եւ միջազգային պայմանագրերով ամրագրուած մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում մըն է: Այստեղ նպատակն է խաթարել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնը՝ մասնաւորաբար յառաջիկային Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական ժողովի աշխատանքները:
Մայր Աթոռը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ իրաւապահ համակարգին՝ գործել բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջանակներէն ներս, արդարութեան եւ ճշմարտութեան բարձրագոյն սկզբունքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ եւ յագել Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան իրաւունքը: