ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է

Յիսուսի գոյութիւնը հարցականի տակ դնող Փիէռ Պէյլի յաջորդ հարցադրումը հետեւեալն է. «Աւետարանները կը յիշեն, որ Յիսուս Քրիստոսի համբաւը տարածուեցաւ.- նոյնիսկ հազարաւոր մարդիկ իրեն հետեւեցան. Յիսուս հինգ հազարէն աւելի մարդոց կերակրեց եւ անոնց դիմաց հրաշագործութիւններ ըրաւ. մեռելները կենդանացուց, պալատականներու հետ գործ ունեցաւ.- այս բոլորը նկատի ունենալով ինչո՞ւ համար ժամանակակից պատմիչներ իրենց աշխատութիւններուն մէջ չյիշեցին Քրիստոսը: Անոր քարոզութիւններն ու հրաշագործութիւնները մեզի հասած են Աւետարաններու ճամբով. եթէ Անոր համբաւը իրապէս տարածուած էր եւ նման հրաշագործութիւններ կ՚ընէր, պատմիչ մը պիտի չյիշէ՞ր Անոր անունն ու գործերը»: 

Եթէ պատմիչներու «լռութիւն»ը փաստ է անձի մը գոյութիւնը հերքելու, ապա պէտք է ըսենք, որ գոյութիւն չունի պայման մը, որ կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր «յայտնի» անձ պէտք է յիշուած ըլլայ ժամանակակից պատմիչներու կողմէ։ Աշխարհի պատմութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ անուններ, որոնք պատմիչներու կողմէ յիշուած չըլլալով հանդերձ իրապէս գոյութիւն ունեցած, գրած խօսած ու ստեղծագործած են: Այդ ժամանակուան պատմագրութիւնը կեդրոնացած էր քաղաքականութեան, թագաւորական եւ պալատական կեանքին վրայ. պատմագիրները իրենց աշխատութիւններուն մէջ առաւելաբար կը ներկայացնէին պատերազմները, ապստամբութիւններն ու կայսերական որոշումները։ Յիսուս Քրիստոս Գալիլիայէն դուրս եկած «պարզ» «քարոզիչ» մըն էր՝ հեռու քաղաքականութենէն եւ հետեւաբար պատմիչներու ուշադրութիւնը Անոր վրայ կեդրոնացած չէր կրնար ըլլալ: 

Այս բոլորին վրայ պէտք է նկատի ունենալ, որ Յիսուս Քրիստոսի գործունէութիւնը երկար ժամանակաշրջան մը չընդգրկեց։ Ըստ Աւետարանի՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածային գործունէութիւնը ընդամէնը երեք տարի էր՝ 30-էն 33 տարեկան: Յիսուս Քրիստոսի քարոզչութիւնը մեծ ապստամբութեան մը սկիզբը չէր, անոր քարոզչութիւնը թագաւորներուն համար սպառնալիք մը չէր. այլ խօսքով՝ պատմիչներու համար Յիսուս Քրիստոսի կատարածները քաղաքական բնոյթ չունենալով պատմիչներու ուշադրութենէն հեռու պիտի ըլլար: Բացատրենք այսպէս. աշխարհի պատմութեան ընթացքին շա՜տ շատեր կախարդութիւններով, իսկ ուրիշներ իրապէս հաւատքով բժշկութիւններ կատարած են, սակայն, պատմիչները անոնց անունները չեն յիշած՝ պարզապէս որովհետեւ նման հրաշագործ անձեր պատմութեան ընթացքին միշտ եղած են եւ պիտի շարունակեն ըլլալ. անոնք չէին կրնար տարբերել Քրիստոսը միւս կախարդներէն՝ որոնք կը բարձրաձայնէին, թէ իրենք են մարդու որդին: 

Ի դէպ, պատմիչներու կողմէ «չյիշատակուիլ»ը եւս կրնայ իրականութեան համապատասխան չըլլալ. օրինակի համար, Ա. դարու պատմիչ Ֆլաւիուս Ժոզեֆուս իր աշխատութեան մէջ կը յիշէ իմաստուն մարդ մը եւ անոր մահապատիժին մասին կը գրէ: Պատմութիւնը առանց անուն տալու կը յիշէ բազմաթի՜ւ անձեր եւ արժէքներ, որոնց աանուան բացակայութիւնը, սակայն, կասկածի տակ չի կրնար դնել անոնց գոյութիւնը: 

Հեղինակին երրորդ «փաստարկ»ներէն մին հետեւեալն է. Յիսուս Քրիստոս երբ յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ, ժողովուրդը որպէս «թագաւոր» մեծ ընդունելութիւն ըրաւ եւ զինք դիմաւորեց. այդ դրուագին մէջ կը տեսնենք, որ Յիսուս Քրիստոս արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ: Սակայն խաչելութեան ժամանակ ինչպէ՞ս որպէս «թագաւոր» ընդունելութիւն գտած մարդ մը ժողովուրդի կողմէ պաշտպանութեան չարժանացաւ. ինչպէ՞ս ժողովուրդը իր «թագաւոր»ը պաշտպանելու չեկաւ:

Նախ պէտք է հասկնալ, որ խաչելութեան ժամանակ եւ կամ Պիղատոսի դիմաց տարուած ժամանակ հաւաքուած ժողովուրդն ու Երուսաղէմ Յիսուս Քրիստոսը դիմաւորելու եկած ժողովուրդը նո՞յնն է՝ թէ տարբեր: Այդ ժամանակ երբ Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմի մէջ Քրիստոսը դիմաւորելու եկածները իր հետեւորդներն էին, աւետարաններէն կը տեսնենք, թէ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներուն մեծ մասը գալիլիացիներ էին. անոնք այդ ժամանակ որպէս ուխտ եկած էին Երուսաղէմ։ Յիսուսի խաչելութիւնը ուխտի օրէն հեռու էր արդէն. անոնք այլեւս Երուսաղէմ չէին, այլ վերադարձած էին իրենց տուները, մինչ Յիսուսի խաչելութիւնը կազմակերպուեցաւ քահանայական վերնախաւին կողմէ եւ անոնց հսկողութեամբ։ Հաւաքուած ամբոխը այդ քահանաներուն մոլեռանդ հետեւորդներն էին։ Յիշենք Պետրոսի պարագան. նոյնիսկ անոր անմիջական աշակերտները վախի մէջ էին եւ իրենց Տէրը կ՚ուրանային. ինչպէ՞ս սպասել, որ հասարակ ժողովուրդը քաջութիւն ունենար քահանաներուն դէմ դուրս գալու՝ մա՛նաւանդ գիտենք, որ քահանաները պետութեան մօտ նոյնիսկ մեծ համարում եւ յարգանք կը վայլէին։ Ժողովրդավարական երկիր մը չէր Երուսաղէմ այդ ժամանակ, որպէսզի հասարակ ժողովուրդը իր բողոքի ձայնը բարձրացնէր. թագաւորական հրամանը անքննելի «օրէնք» մըն էր, որուն դէմ կարելի չէր արտայայտուիլ: 

Յիսուս Քրիստոսը դիմաւորելու եկած ժողովուրդը զինք որպէս «թագաւոր» ընդունեցին, մինչ խաչելութեան պարագային կը տեսնենք, որ հաւաքուածները քահանաներու հետեւորդներէն էին, որոնք բարձրաձայն «խաչը բարձրացուր» կը պոռային։ Այս մէկը ցոյց կու տայ երկու տարբեր խաւերու, երկու տարբեր ամբոխներու գոյութիւնը:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մարդիկ զիրենք խռովեցնող բաները կը հալածեն, ու եթէ այսօր մեր աշխարհին մէջ կը հալածուի Մայիս 28-ը, փաստ է, որ այդ թուականը շօշափելի արժէք է, մնայուն ազդակ եւ ներշնչարան այնտեղ ապրող զանգուածին: Եւ ո՞վ է զայն հալածողը… Ժողովո՞ւրդը թէ տիրողները: Ու մենք գիտենք, որ տիրողները կ՚անհետանան, իսկ ժողովուրդը կը մնայ:

ՄԻՍԱՔ ՄԻՐԶԷ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 2, 2026