«ՄՈՒՖԼՈՆ»Ը ՀԶՕՐ ԱՄՐՈՑ
Ինչպէս ինք կը ժպտար, այդպէս ալ մենք պիտի ժպտանք անոր բարի յիշատակին համար եւ այն հողին առջեւ, որ զինք բաց սրտով ներս կանչեց։
Չեմ գիտեր, այդ օր քանի հոգի ներկայ եղաւ սիրելի Հռութի վերջին ցտեսութիւն ըսելու արարողութեան։ Վախճանի մը մասին կը գրեմ, որ անտեսուածներու եւ մոռցուածներու վախճանն է։ Այդպիսով, վրէժս կ՚ուզեմ լուծել յանուն մեր աշխարհի բոլոր անտեսուածներուն, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կ՚աւելնան՝ ո՛չ միայն իրենց կորուստի պահերուն դառնալով հասցէ մը, գոյութիւն մը, ապահով ու զով տեղ մը մեր այս վայրենացած աշխարհին մէջ, այլեւ մեր ամէնօրեայ անիմաստութեան մէջ որպէս ափ մը սիրոյ, գուրգուրանքի եւ զոհողութեան։
Հռութ Քէշիշեանը անոնցմէ մին էր։ Անոր հետ ծանօթութիւնս կը հասնի մինչեւ այն տարիները, երբ Մելգոնեանի սեւ ու մեծղի դարպասներէն վար սահելով Յ. Մկրտիչեանի հետ միասին կը հասնէինք Նիկոսիոյ սրտին մօտիկ թաղամասի անկիւնը։ Այդ անկիւնը իրարու յարած հին ու նոր շինութիւններով, նեղ ու ծուռ փողոցներով, լուսաւոր պատուհաններով ու փոքրիկ պատշգամներով փաթթուած էր այն յուշերով, որոնք Հռութին համար սրտի ու մտքի հանգստավայր էին դարձած։
Քալելու պահուն, ամէն մէկ քարը, պատուհանի ճաղավանդակները կամ լուսամուտերէն ներս ինկած արեւու ճառագայթները կարծես պատմութիւն կը շնչէին. պատմութիւն, որ անընդհատ կը շաղկապէր անցեալը ներկային հետ եւ Հռութը ցոյց կու տար՝ ինչպէս կարելի է այդ պատմութիւնը պահել, սիրել ու փոխանցել։
Գիրքերու աշխարհի «տիրակալ»ն էր Հռութը, ժամանակի մը մէջ, որ մեզի համար դարձաւ փրկութեան ովասիս։ Կիպրոս կղզիի մեծ ամայութեան եւ անիմաստութեան մէջ, անոր հետ, հայերէն բառ մը սորվեցնելու մեր մուրազին մէջ, վայելեցինք տեսակ մը «փրկութիւն»։ Նիկոսիոյ փողոցներով անցնելու պահուն, երբ նեղ ու ծուռ անկիւնները կը համընկնէին անընդհատ փոխուող լոյսին հետ, Հռութը մեզ կ՚առաջնորդէր ո՛չ միայն գրքի աշխարհին, այլեւ կեանքի աննկատ մանրամասներու մէջէն, ուր ամէն բան՝ ամէն բառ, ամէն յուշ ու ամէն ժպիտ կեանքի նոր շերտ կը ստեղծէր։
Առաջին անգամ, երբ ոտքերս Նիկոսիա դրի, չէի մտածեր, որ այդքան մեծ ամայութիւն պիտի զգայի։ Ոսկորներս պիտի դողան, նստած պիտի մտածեմ ջուրերու ետին պահուտած Պէյրութին, ամսուայ աւարտին ստանալիք 249,5 բաունտին, երրորդ յարկի ծայրը կուտակուած անլուայ սպասքիս ու երազներու մասին, որոնք կամաց-կամաց ու մէկ-մէկ անձնասպան կը դառնային։ Այդ ամայութիւնը միաժամանակ խոր ու սարսափելի էր, իսկ Հռութի ներկայութիւնը՝ լոյս ու յոյս ներշնչող։ Ան մեզի սորվեցուց տեսնել, որ գրականութիւնը եւ մշակոյթը միայն բառեր չեն, այլ հոգիի եւ մտքի խորութեան արտացոլումն են, ուր իւրաքանչիւր ընթերցող կրնայ գտնել ինքզինք ու իր կորսուած երազները։
Հռութը՝ լոյսի հաւատացող կիպրահայուհին հիմնեց իր «գիրքի արքայութիւն»ը, որ կ՚առանձնանար համակիպրական մեծ պատկերին մէջ։ Կիպրոսը իրեն համար դեղին գուլպայ մը կրելու մասին չէր, ոչ ալ հեծանիւով մինչեւ Լիտրա հասնիլը։ Հայ վարժապետի աքսորանքն էր ու սպասումներու կոտրուիլը, եսի մը կորուստը, ջիղերու սպառումը եւ յիմար որոնումներու անվերջ սպասումը։ Անոր առօրեան լի էր փոքրիկ, բայց խորունկ ճակատագրային պահերով, ուր կեանքը եւ գիրքը անհատական ու միասնական էին։
Հռութի գոյութիւնը «փրկութիւն» մըն էր, նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը փնտռէին կայունութիւն եւ ինքնութիւն։ Անոր մատներու ճամբով փեղկերուն շարուող, ապա դուրս բերուող գիրքերու մթնոլորտը, իւրաքանչիւր ընթերցողի հետ խօսակցութիւնը, իւրաքանչիւր ծանօթութիւն նոր գիտելիքի եւ նոր մտքի հարթակ էին, որոնք երկար տարիներու ընթացքին կերտեցին համայնքի ոգին։
Անցնելով Նիկոսիոյ նեղ ու ծուռ փողոցներով, Հռութը միշտ ուշադրութեամբ կը նայէր պատերուն վրայ յայտնուած գրութիւններուն, հին գրատուներու ցուցանակներուն, փողոցային փոքրիկ ծաղկամաններուն մէջ «պահուած» պատմութիւններուն։ Ան յաճախ կանգ կ՚առնէր պատուհաններու մօտ, կը լսէր քաղաքի զրնգոցները, երեխաներու խաղը, թռչուններու կանչը ու այդ ամէնը «կը պահպանէր» իր մտքին մէջ՝ որպէս երեխայ, որպէս մշակութային լիարժէք «դիտարան», եւ այդ բոլորը յետագային պիտի փոխանցէր իր ընթերցողներուն եւ այցելուներուն։
Քսանհինգ-երեսուն տարի անց, վերադարձի ամէն յոյս նօսրացած է, սակայն, Կիպրոսը կը շարունակէ մնալ իր տարանցիկ վիճակներուն մէջ։
Նիկոսիոյ հին թաղամասերը անոր կարօտներուն հետ դարձան փրկօղակ՝ արաբերէն լեզուով։ Սակայն, Հռութ արաբերէն չէր խօսեր, մի քանի բառ հայերէն ու սահուն անգլերէն մը. այդ անգլերէնը իր մէջ հասունցած էր Լոնտոնի վաղ երիտասարդութեան օրերուն։
Նոր վերադարձը Նիկոսիա, «Մուֆլոն»1 գրատունը հիմնելը՝ հայ-կիպրական մշակութային կապերու սպասումով, երազի ու հաւատքի վկայութիւն մըն էր։ Ան երկար սպասեց, հաւատքը չտկարացաւ եւ մեծ յոյս ապրեցուց՝ գաղութին աւելի լաւ օր մը ապահովելու համար։ Այդ գրատունը դարձաւ ո՛չ միայն գիրքերու տարածք, այլեւ հանգրուան հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ երիտասարդներու համար, որոնք կը փնտռէին իրենց մշակութային արմատները, կրթական ուղին եւ ազգային ինքնութիւնը։
Մարդիկ կու գան, կը գործեն, կը մեծնան, անգամ կը մեռնին, բայց գաղութները չեն փոխուիր՝ իրենց գիտակցութամբ, սահմանումներով ու ներքին պայքարներով։ Հռութը, իր մէջ բնակած «հին երազը» ապրեցուց ու կիսեց այն բոլորով, որոնք զինք պատրաստեցին «Սիրոյ մեծ սեղան»ին։ Անոր առաքելութիւնը չէր սահմանափակուեր գիրքերու վաճառքով կամ մշակութային միջոցառումներով. ան այդ սերունդին համար ստեղծեց ուղի մը, ուր գիտելիքը, յարգանքը եւ ինքնութիւնը կը կերտուէին ամէնօրեայ կերպով։
Անգլիախօս կիպրացիներու ներկայութիւնը տեւականութիւն ապահովեց «Մուֆլոն»ին, սակայն, երազը չապրեցաւ ամբողջութեամբ։ Հռութ փակուեցաւ իր իսկ պատրաստած «տուփ»ին մէջ, փոքր, բայց խօսող մեծ տիեզերքի բառերով, հզօր փիլիսոփաներու խօսքերով, Միջերկրականի կապոյտ ջուրերը հասած հին նաւերու քաղաքակրթութեամբ։ Անոր գրախանութը խտացուած պատմութիւն էր, մշակոյթի, անցեալի յուշերու եւ ապագայի յոյս՝ ամբողջական թուացող մոլորակի մը նման, որ կ՚ապրէր իւրաքանչիւր ընթերցողի մտքին ու հոգիին մէջ։
Հռութի առօրեան լի էր մանրամասնութիւններով. ան սիրով կը կարգաւորէր գիրքերը, կը համոզէր իւրաքանչիւր ընթերցողին գտնել լաւագոյն հատորը։ Այս բոլորի կողքին պահպանելով մաքրութիւն ու կարգ ու կանոն գրախանութին մէջ, անընդհատ եւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէր լուսաւորութեան, օդափոխութեան, ծաղկամաններու մաքրութեան, փոքրիկ սեղաններու ու նստարաններու յարմարաւէտութեան, որպէսզի այցելուները զգան ո՛չ միայն մտաւոր, այլեւ՝ հոգեւոր հանգստութիւն։
Սիրեց իր արմատները, ժպտաց բոլոր անցորդներուն, խօսեցաւ միաբաններուն հետ, հպարտացաւ Հայաստանէն եկած լուրերով ու մեր անկումներուն հետ հեռացաւ մեծ տեսադաշտէն՝ երկար ժամեր՝ լռելով։ Հռութը, իր անհատականութեան մէջ, միշտ կը փնտռէր լոյսը՝ թէ՛ գիրքերուն, թէ՛ մարդոց մտքերուն մէջ։ Ան գիտէր, որ իրական արժէքը ո՛չ միայն էջերուն մէջ է, այլ այն կեանքին մէջ, զոր մենք կ՚ապրինք, երբ մտքերն ու երազները կը փոխանակուին, երբ սիրտը բաց է ու պատրաստ ընդունելու նոր գաղափարներ եւ նոր մարդոց ներկայութիւն։
Թաղման օրը, որոշ բարեկամներ Հռութի դագաղին մէջ մի քանի հատորներ դրին, որպէսզի խառնուին իր հետ՝ հողին հետ։ Այդ «գործողութիւն»ը, սուրբ ու խորհրդանշական, կը խորհրդանշէր անոր ամբողջ կեանքի ճանապարհը՝ գիրքերու, երազներու, սիրոյ ու պայքարի մէջէն անցած։
Ինչպէս ինք կը ժպտար, մենք պիտի ժպտանք անոր յիշատակին եւ հողին առջեւ, որ բաց սիրտով զինք ընդունեց։ Այդ ժպիտը եւ յիշողութիւնը պիտի շարունակեն փայլիլ մեր սրտերուն մէջ, միշտ յիշեցնելով, որ լոյսը եւ գիտելիքը կրնան յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները։ Հռութի կեանքը օրինակ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փնտռեն իրենց տեղը աշխարհին մէջ՝ փորձելով որոնել անցեալը եւ զայն կապել ներկային եւ ապագային հետ… Եւ այդպիսով ալ ստեղծելով ամբողջական, իմաստալից եւ լուսաւոր աշխարհ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
1 «Մուֆլոն»ը Նիկոսիա քաղաքի սրտին վրայ գտնուող այն գրախանութն է, որ հիմնուած էր Հռութի ճիգերով ու դարձած անոր «կեանքի ընկեր»ը։ Ան կը գործէ իր մահէն ետք ալ։