Տ. ՆԱԹԱՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ. «ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ԽԱՓԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յայտարարեց. «Չեմ կրնար յստակ որեւէ բան ըսել, թէ կը կայանա՞յ Եպիսկոպոսական ժողովը կամ ոչ»։ Նորին Սրբազնութիւնը այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ տասն եպիսկոպոսներու պարագային Հայաստանէ դուրս գալու արգելք սահմանուած ըլլալուն բերումով։
Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը անհամեմատելի համեմատութիւններու հասած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն, որոնց մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր Եպիսկոպոսական ժողովի գումարման խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ամսուան մէջ, Աւստրիայէ ներս նախատեսուած է Եպիսկոպոսական ժողովի գումարուիլը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ։ Յամենայնդէպս, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եպիսկոպոսներու Հայաստանէ բացակայելու արգելքը Եպիսկոպոսական ժողովի գումարման հեռանկարներուն տեսակէտէ կասկածելի վիճակ մը ստեղծած է։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս բոլորի լոյսին տակ ըսաւ.
«Ամէն պարագայի մէջ, ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի այս ժողովը խափանուի ու չկայանայ։ Բնականաբար սա խոչընդոտ մըն է, եպիսկոպոսաց ժողովը պէտք է տեղի ունեցայ եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ»։
Բաց աստի, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան նշեց, որ հանրութեան շրջանակներէն ներս խօսակցութիւնները պարզապէս առաջարկներ են, իսկ քննարկում կ՚ըլլայ այն ժամանակ, երբ պաշտօնական մարմինները սկսին քննարկել։ Իր խօսքով՝ եթէ սկսին քննարկումներ, ապա գաղտնի չեն պահուիր եւ կը տեղեկացուին։
«Այստեղ օրէնքի որեւէ ուժ չկայ։ Որեւէ դատական եւ իրաւական մարմին օրէնքի ուժով ու որեւէ յօդուածով չի կրնար նման հակադրանք դնել Մայր Աթոռի վրայ, որովհետեւ առաջնորդը պաշտօնեայ աշխատող մը չէ, առաջնորդը կը ծառայէ ու կը նշանակուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ, կրնայ նաեւ ուրիշ պաշտօնի մը փոխուիլ՝ կրկին Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ», եզրափակեց Նորին Սրբազնութիւնը։