ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է
Աւետարանները կը խօսին Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան ժամանակ պատահած որոշ դէպքերու մասին. օրինակի համար, երեք ժամ երկիրը կը խաւարի եւ բոլորը ականատես կ՚ըլլան այդ իրողութեան։ Սակայն, Փիէռ Պէյլի հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ժամանակակից պատմիչներէն մէկը երբեւէ անդրադարձ չէ ունեցա՝ մա՛նաւանդ, որ երկու մեծ երկրաշարժ տեղի ունեցած է. ասոնք տեղեկութիւններ են, զորս պատմիչներ կը յիշեն: Պէտք է ընդունիլ, որ այնպէս ինչպէս Պասեքի պարագային, նոյնն ալ խաչելութեան դրուագին մէջ տեղ գրած են որոշ խորհրդանշական երեւոյթներ, որոնցմէ մէկը երկրաշարժն է։ Ամենէն արդար պատմիչները անգամ շատ անգամ անձը որպէս հերոս ցոյց տալու համար կը դիմեն նման նրբութիւններու՝ ինչպէս նոյնը կը տեսնենք հայ պատմիչներու պարագային. օրինակի համար, Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքները՝ որոնք անմարդկային են, իրականութեան մէջ անոր զօրութիւնը ցոյց տալու համար աւելցուած երեւոյթներ են. նոյնն է պարագան Յիսուսի խաչելութեան դրուագին։ Եթէ լաւապէս սերտենք Հին կտակարանը՝ պիտի տեսնենք, որ այլ մեծութիւններու պարագային եւս յիշուած է երկրաշարժը. օրինակի համար, Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ տաճարի վարագոյրը պատռուեցաւ։ Նման օրինակ մը կը գտնենք Սամսոնի մահուան ժամանակ տեղի ունեցած տաճարի փլուզումը, որ նոյն դրուագը կը յիշեցնէ: Եղիա մարգարէի ժամանակ եւս հզօր երկրաշարժ տեղի ունեցաւ (հմմտ Գ. Թագաւորաց 19:11): Երկրաշարժի դրուագ մը կը տեսնենք Սինա լերան պատուիրաններու տուչութեան ժամանակ (հմմտ Ելք 19:18):
Հին կտակարանին մէջ երկրաշարժը Աստուծոյ զօրութիւնն ու ներկայութիւնը ցոյց կու տայ։ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան պահուն Աստուած ներկայ էր եւ հետեւաբար Անոր ներկայութիւնը երկրաշարժի ձեւով կը ներկայանայ մեզի։ Սաղմոսներուն մէջ կը տեսնենք, երբ Աստուած ջղայնանայ ու բարկանայ, երկիրին մէջ երկրաշարժ կ՚ըլլայ։ Սաղմոս 18:7-ին մէջ կը կարդանք. «Աստուած երկիրը դողացուց, որովհետեւ բարկացաւ». երկրաշարժ կը տեսնենք, երբ չարը կը դատապարտուի եւ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեամբ Աստուած բարկացած էր։ Հին կտակարանի մէջ մարգարէներ կը զգուշացնէին ժողովուրդը երկրաշարժներէ, որովհետեւ այդ մէկը Աստուծոյ պատիժն ու դատաստանը կը խորհրդանշէր: Նման կրօնական շունչի տակ Քրիստոսի խաչելութեան ժամանակ եղած երկրաշարժը զարմանալի չէ:
Ինչպէս նախորդ փաստարկներու ժամանակ, նոյնպէս ալ այստեղ ըսենք, որ պատմիչներու չյիշելը չի կրնար որպէս փաստ ներկայանալ անոր «չգոյութեան»։ Նոյն ժամանակաշրջանի մասին գրող պատմաբաններու մօտ նոյնիսկ կարելի է գտնել այս մէկը. անոնցմէ մէկը կը յիշէ ջրհեղեղ, երկրաշարժ, սակայն, միւս պատմիչը զանց ընելով բնական աղէտները կը գրէ քաղաքական դէպքերու մասին:
Միւս կողմէ, շատ մը Աստուածաշնչական երեւոյթները պէտք է ուսումնասիրել. օրինակի համար, Նոր կտակարանը կ՚ըսէ «խաւար եղաւ»։ Այդ խաւարումը կրնայ ամպ, փոշի եւ փոթորիկ եղած ըլլալ, որ աւանդութեամբ տարածուելով հասած է որպէս խաւարում։ Դարձեալ կ՚ըսենք, պէտք է նկատի ունենալ, որ Նոր կտակարանի աւետարանները գրի առնուեցան Յիսուս Քրիստոսի առաքելութենէն տասնեակ տարիներ ետք:
Կայսերական պատմիչներ, վստահաբար, Խաչելութեան դրուագին եւ այդ օրը պատահածներուն յիշատակութիւն պիտի չունենային, որովհետեւ Յիսուս անոնց համար պարզապէս մեղաւոր մըն էր եւ այդ ժամանակաշրջանին, վստահաբար, բազմաթի՜ւ մեղաւորներ խաչ կը բարձրանային։ Յիսուս Քրիստոս անոնց համար միւս տասնեակ-հազարաւոր խաչեալներէն բանով մը չէր տարբերեր. նոյնիսկ եթէ այդ օր իրապէս երկրաշարժ եղաւ կամ երկինքը խաւարեցաւ, վստահաբար պատմիչներ այդ մէկը պիտի չկապէին Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան հետ (անոնցմէ քանի՞ն գիտէր, որ այդ օր պիտի խաչուի Յիսուս Քրիստոս): Յիսուս քաղաքական մեծութիւն մը չէր ներկայացներ կայսրութեան դիմաց եւ հետեւաբար անոր մահը պատմագիրին համար դատապարտեալի մահ մըն էր պարզապէս եւ նման մահեր սովորական էին:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Քրիստոս եւ Քրիստոսի քարոզչութիւնը համաշխարհային կրօնի մը սկիզբն էր, սակայն, իր սկզբնական շրջանին նեղ շրջանակի մէջ էր եւ կը դիտուէր պարզապէս որպէս շարժում. ո՛չ այդ ժամանակի պատմիչները եւ ոչ ալ կայսրերը չէին կրնար ենթադրել, որ նման շարժում մը սկիզբը պիտի ըլլայ համաշխարհային նման տարածում ունեցող կրօնի մը. այդ շարժումը պարզապէս մէկն էր գոյութիւն ունեցող բազմաթի՜ւ շարժումներէն: Օրինակի համար, ձեր աչքին առջեւ ունեցէք մերօրեայ աշխարհը. գոյութիւն ունի բազմաթի՜ւ կրօնական շարժումներ եւ, բնականաբար, տեղի ունեցող երկրաշարժ մը մեզմէ մէկը պիտի չկապէ այդ շարժումներէն մէկուն ղեկավարին պատժուելուն: Ամերիկայի մէկ անկիւնը գոյութիւն ունեցող շարժումի մը նուազագոյն համբաւը ունէր քրիստոնէութիւնը իր առաջին շրջանին։ Ժողովուրդը ի՛նք այս կամ այն հրաշագործութեան ականատես ըլլալով՝ տարածեց Քրիստոսի համբաւը, որ դարձեալ մնաց նեղ շրջանակի մը մէջ. ետքը աշակերտները իրենք տարածեցին Քրիստոսի քարոզչութիւնները: Հետեւաբար, պատմիչի մը կողմէ այս կամ այն եղելութիւնը յիշատակելու թերութիւնը անձի մը գոյութիւնը հարցականի տակ դնելու համար բաւարար կրնան չըլլալ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երիտասարդ կոչուելու համար պէտք է երիտասարդ ըլլալ հոգիով, զգացումներով, ֆիզիքական կազմով եւ մա՛նաւանդ իտէալի մը շողարձակումով: Պէտք է պատմութիւն ունենալ իր ետեւը եւ նոր պատմութիւն ստեղծելու սրբազան ցանկութիւն մը՝ իր աչքերուն առջեւ: Իտէա՜լն է միայն, որ կ՚ապրեցնէ երիտասարդութիւնը: Քսան տարեկան ըլլալը բան չի նշանակեր՝ երբ հոգիով պարպուած, զգացումներով բթացած, ֆիզիքապէս քայքայուած է այդ երիտասարդը:
ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան