Ուրբաթ 6, Փետրուար 2026
ՈՎԿԻԱՆՈՍՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲԱՆ
Ձեռքբերումները, ընդհանրապէս, կ՚ըլլան հետեւողական աշխատանքի արդիւնքը։ Պարագայապաշտ, պատեհապաշտ մարդիկ կրնան ունենալ այլ պատում մը։ Յամենայնդէպս, երկարաժամկէտ միշտ կ՚արդարանայ հետեւողականութիւնը։
Բոլոր ոլորտներու մէջ աշխատանքին արդիւնքը տուեալ անձը այնպէս մը կը խմորէ, այնպէս մը կը ձեւէ, որ մարդ պահու տակ կողմնորոշուելու ընդունակութիւն մըն ալ կ՚իւրացնէ։ Սա մէկ կողմէ պաղարիւնութիւն է, մէկ կողմէ հմտութիւն, միւս կողմէ ալ ինքնավստահութիւն։
«Առանց ափը աչքէ կորսնցնելու համարձակութեան՝ մարդ չի կրնար նոր ովկիանոսներ գտնել», համոզուած է Անտրէ Ժիտ։
Ո՞վ կրնայ պնդել, որ ռիսքերու կառավարման ճամբան ալ չ՚անցնիր հետեւողական աշխատանքէ, որ ձախողման հաւանականութեան հակաթոյնն է։
Հինգշաբթի, Փետրուար 5, 2026