ԿԵԱՆՔԸ ՈՐՔԱ՜Ն ԺՊՏՈՒՆ ԷՐ…

Մարդ որքան տարիքը առնէ, հետզհետէ կը սկսի յիշել իր անցեալը՝ իր երիտասարդութեան օրերը։ Բայց միայն գեղեցիկ եւ ուրախ օրերը, քանի որ միտքը ինքնաբերաբար կարծես մոռացումի կը մատնէ անհաճոյ եւ տխուր օրերը, յիշատակները։ Արդարեւ, եթէ այդպէս չըլլար՝ միտքը չզտէր յիշատակները, կարծեմ կեանքը անտանելի կ՚ըլլար։

Ուստի, տարիքոտներ յաճախ կը մխիթարուին անցեալի ուրախալի յիշատակներով, իսկ երիտասարդներ՝ ապագայի ակնկալութիւններով, որքան ալ անորոշ ըլլան անոնք։

Ներկան եւ որովհետեւ հպանցիկ պահ մըն է միայն՝ ոչ մէկի գոհացում կու տայ, բայց ապրուած կեանքը՝ այդ հպանցիկ պահն է, քանի որ անցեալը անցած է, իսկ ապագան՝ անորո՛շ։ Կարծեմ մարդ՝ տարիքոտ կամ երիտասարդ, յաճախ կ՚ապրի անցեալը կամ ապագան…։ Եթէ տարիքոտ մարդոց հարցնէք, անոնք պիտի ըսեն. «Կեանքը որքա՜ն ժպտուն, որքա՜ն զուարթ, որքա՜ն գեղեցիկ էր այն ատեն, երբ երիտասարդ էինք. մեր շուրջը ծնողներ, եղբայրներ, բարեկամներ, ընկերներ… յետոյ մեր ընտանիքը, ամուսին՝ այր եւ կին, եւ դարձեալ բարեկամներ, ընկերներ… երանելի՜ օրեր էին անոնք։ Երիտասարդ էինք՝ կայտառ եւ առոյգ, ուժի զօրութեան, կորովի, արթնութեան եւ ուրախութեան շրջան մը կ՚ապրէինք, եւ խոստովանինք, որ երբեք չէինք մտածեր, թէ այդ շրջանը վախճան պիտի ունենայ։ Չէինք խորհիր, թէ զուարճութիւններու, ուրախութիւններու այդ շարքը վերջ մը պիտի ունենար։ Չէինք իսկ մտածեր, թէ այս աշխարհի վրայ «վե՛րջ» ըսուած վիճակ մը գոյութիւն ունի եւ ո՛չ մէկ բան տեւական է եւ անվերջ. բայց այս բոլորը, ահաւասիկ, վերջացան…», եւ այսպէս, տարիքոտ մարդիկ իրենց մտքին մէջ, աչքերուն առջեւ պիտի պատկերացնեն իրենց անցեալ կեանքը յստակ եւ պայծառ կերպով, անոնք պիտի ապրին անցեալի մէջ՝ երազային երջանիկ կեանք մը՝ մոռնալով ներկան, իրենց ապրած սա պահը՝ որ կ՚ապրին ֆիզիքապէս, բայց անոնք հոգեպէս եւ մտապէս անցեալի մէջ են։

Արդարեւ, տարիքոտին անցեալ կեանքէն աւելի «ներկայ» կեանքին վերաբերող հարցում մը ահաւասիկ, որ պիտի արթնցնէ զայն իր անուշ երազներէն. «Ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ՚ընես, ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանա՞յ…»։ Եւ այս «օտար»ի մը հարցումով, կ՚անդրադառնայ տարիքոտը, որ կ՚ապրի «ներկայ» կեանքը՝ իրական եւ ո՛չ երազային կեանքը եւ հոն եռուզեռներու այդ կեանքին մօտ, իր մօտ, իր շուրջը, իր անմիջապէս մօտիկը իրական կեանքը կ՚եռայ իր ամենէն եռանդաբորբ եղանակովը՝ ուր մարդիկ կ՚երթան, կու գան, կը խօսին, կը վիճին, կը գնեն, կը ծախեն, կը տխրին, կ՚ուրախանան, կը ժպտին, կը խորհին, կը ծրագրեն, կը քալեն, կը շինեն, կը քանդեն եւ վերջապէս, մէկ խօսքով իրենց կեանքը կ՚ապրին։ Իրապէս, կեանքը կը յուզէ ամէն ձեւի, ամէն վիճակի եւ երեւոյթի տակ։ Բայց մարդ շրջան մը ունի իր կեանքին մէջ, որ անպատասխանատու՝ բոլորովին անհաղորդ այդ կեանքի իրականութիւններուն, անտարբեր եւ անծանօթ, դուրս կը մնայ մաքառումի, ոգորումի, դժուարութիւններու այդ շրջանէն եւ շրջանակէն։ Կեանքի «վարդագոյն շրջան»ն է այդ շրջանը, բայց կեանքը ունի նաեւ մութ, մոխրագոյն շրջաններ ալ, որմէ զերծ չէ՛ մարդ, ընդհանրապէս, քանի որ կեանքը ունի միշտ բացառութիւններ իր սկզբնական եւ բնականոն ընթացքին մէջ։

Կեանքը, արդարեւ, անդիմադրելի եւ փոփոխութեան մը ենթակա՛յ է, միակ անփոփոխը՝ անփոփոխութի՛ւնն է։ Կեանքը կը փոխուի՝ հակառակ մարդուն փափաքներուն, հակառակ՝ իր ճաշակին, հակառակ՝ իր համոզումներուն, հակառակ՝ իր կարծիքներուն, հակառակ՝ կամքին, եւ այլեւս այդ փոփոխութիւններէն չափազանց նեղուած եւ անոնց դէմ պայքարելէ այլեւս յոգնած՝ կը յանձնուի հոսանքին՝ իմաստուն համակերպութեամբ մը։ Մարդ, այլապէս ո՛չինչ կրնայ ընել փոփոխութիւններու մէջ, եւ ի՞նչ կրնայ ընել բնական այդ այլափոխութիւններու դէմ…

Երջանիկ է այն տարիքոտը՝ որ իմաստուն գոհունակութեամբ կ՚ընդունի ներկան, առանձին բայց ո՛չ մինակ։

Բայց մէկ բան կը մտահոգէ զինք. իր երբեմնի բարեկամներէն պատասխան չստանալ իր հարցումներուն՝ մի՛ գուցէ անսպասելի եւ անփափաքելի պատճառներով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 5, 2026