ՀԱԿԱԴԻՐ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Երէկ, դէպի Մոսկուա այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս տեսակցութեան կապակցութեամբ հրապարակուած տեղեկութիւնները կը ցոլացնեն զրուցակիցներու միջեւ անհաղորդ կացութեան մը վիճակը՝ հաշուի առնելով Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւնները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սիմոնեան Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ Հայաստան մտահոգուած է Ռուսաստանէն հրապարակայնօրէն հնչած հռետորաբանութեամբ։ «Մենք մտահոգուած ենք հրապարակայնօրէն շատ յաճախ հնչող հռետորաբանութեամբ։ Սա կը մտահոգէ ո՛չ միայն մեզ, այլեւ Հայաստանի հասարակութիւնը», դիտել տուաւ ան։ Ըստ Սիմոնեանի՝ քաղաքական գործիչները կրնան փոխարինուիլ այլ քաղաքական գործիչներու կողմէ, սակայն, հայ հասարակութեան մէջ շատ բացասական արձագանգ կը գտնեն Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւնները։ «Այդպէս կ՚արձագանգեն, որովհետեւ Մոսկուան կարեւոր է։ Կայ ընկալում, թէ Մոսկուա դաշնակից եղած է եւ կը մնայ։ Ասոր համար շատ ցաւալի է լսել այդպիսի յայտարարութիւններ», ըսաւ Սիմոնեան՝ նշելով, որ խնդիրները քննարկուած են նաեւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։

Իր կարգին, Լաւրով յայտնեց, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը անհամատեղելի է։ Ռուս նախարարը այս բանը արտայայտեց՝ անդրադառնալով Հայաստանէ ներս ընդունուած այն օրէնքին, որով Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացի մը սկիզբը կը նախատեսուի։ Լաւրով վստահեցուց, թէ Ռուսաստան շահագրգռուած է, որպէսզի Հայաստան ըլլայ ինքնիշխան, ուժեղ, ինքնաբաւ եւ կարողանայ ընտրել իր սեփական արտաքին քաղաքականութիւնը։ «Մոսկուա ձեզի համար կը մնայ առեւտուրի եւ տնտեսական հիմնական գործընկերը։ Մենք յանձնառու ենք ընդլայնել այդ համագործակցութիւնը եւ յառաջ մղել խոշոր ենթակառուցուածքային նախագծերը», նշեց Լաւրով։

Նախօրէին ալ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնած էր հետեւեալը. «Երեւան պէտք է հաշուի առնէ, որ Եւրոմիութիւնը տնտեսական միութիւն մը ըլլալէ անդին կը վերածուի ռազմաքաղաքական միութեան մը»։

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026