ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակը։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, անոնք հեռախօսազրոյցի ժամանակ կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Նախարարները շօշափեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցեր։
Թուրքիա-Ատրպէյճան առանցքին վրայ հերթական անգամ քննարկուեցան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Թէեւ այս նիւթը Անգարա-Պաքու օրակարգին տեսակէտէ մշտական բնոյթ կը կրէ, սակայն, Երեւանի վերաբերեալ մատնանշումները վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են՝ կողմերու սերտ շփումներու պայմաններուն ներքեւ։ Արդարեւ, անցեալ ամսուան վերջաւորութեան ալ Հաքան Ֆիտան եւ Ճէյհուն Պայրամով ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին այլ նիւթերու շարքին հերթական անգամ քննարկած էին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։