ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն ներկայացուցիչներ փութացած էին Գումգաբու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, որ թաղի հոգեւոր հովիւն ու դպրաց դասու նախագահն է։
Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան կրկնակ տարեդարձներուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։ Զրոյցի ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ անուան տօնախմբութիւնն ու տարեդարձը առիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ ոգեկոչելու՝ անցեալին ծառայութիւն մատուցած բոլոր երախտաւորները։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին թարմ տեղեկութիւններ քաղեց երգչախումբի գործունէութեան շուրջ։ Ան գնահատանքով անդրադարձաւ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տարած աշխատանքին՝ շեշտը դնելով յարատեւութեան կարեւորութեան վրայ։
Հուսկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները Գումգաբուէն հրաժեշտ առին՝ մինչ մօտալուտ անուան տօնախմբութեան եւ տարեդարձի աւանդական արարողութիւններու պատրաստութիւններն ալ ընթացքի մէջ են։