ԻԳԴԻՐԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԼԻՃԱՆ» ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԸ
Իգդիրի կուսակալ Ֆրաթ Թաշոլար երէկ այցելեց «Ալիճան» սահմանային անցակէտը, որ կը գտնուի Հայաստանի Մարգարա սահմանային կէտի հանդիպակաց։ Կուսակալը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ անցակէտէն ներս ձեռնարկուած վերանորոգման եւ ենթակառուցուածքային աշխատանքներուն, որոնց կապակցութեամբ քաղեց տեղեկութիւններ։
Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտաւ այս այցելութիւնը։ Երբ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս կ՚ակնկալուին նոր զարգացումներ, սպասումները կը կեդրոնանան ցամաքային սահմանի՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար բացման հեռանկարին վրայ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի պատկան մարմիններէն բարձրաստիճան պատասխանատուներ այցելած էին Մարգարայի սահմանային անցակէտը, որ ներկայիս ամբողջութեամբ պատրաստ է գործարկման պահուն։ Կարճ ժամանակ անց, այս անգամ Թուրքիայէն կը հասնի նման լուր մը։
Երէկ, կուսակալ Թաշոլար թեքնիք մասնագէտներու ուղեցութեամբ քննեց սահմանագծի երկայնքին գտնուող շէնքերն ու անցման ուղիները։ Ստուգայցի ընթացքին ան ընդգծեց, որ աշխատանքները պիտի աւարտին կարճ ժամանակի մէջ։
Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ «Ալիճան» սահմանային անցակէտի բացումը ո՛չ միայն դիւանագիտական քայլ մըն է, այլեւ մեծ խթան պիտի հանդիսանայ տարածաշրջանային տնտեսութեան համար։ Ընդգծուեցաւ, որ սահմանային անցակէտի աշխուժացմամբ կը հետապնդուին հետեւեալ նպատակները.
- Սահմանային առեւտուրի վերակենդանացում, Իգդիրի եւ յարակից քաղաքներու մէջ առեւտուրի աշխուժութեան աճ։
- Լոժիստիք առաւելութիւն. Կովկասով փոխադրութեան համար աւելի կարճ երթուղիներ։
- Զբօսաշրջային շարժունակութիւն. երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ այցելութիւններ, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանային զբօսաշրջութեան։