ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿ
Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ պատմական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Հայաստան։ Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան տարիներուն սա ԱՄՆ-ի կողմէ իրականացուած ամենաբարձր մակարդակի այցելութիւնը եղաւ։ Մինչեւ այսօր ԱՄՆ-էն Հայաստան տրուած այցելութիւններուն ամենաբարձր մակարդակը եղած էր պետական քարտուղարը։ Այժմ արդէն ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահը նոր նշաձող մը սահմանեց այս ուղղութեամբ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Վենսը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցան ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահին հետ։ Երեւանի մէջ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ Վենսի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։ Նոյն համալիրէն ներս աւելի վերջ տեղի ունեցաւ Փաշինեան-Վենս առանձնազրոյցը։ Անոնք աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Վարչապետը եւ փոխ-նախագահը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի միջուկային ուժանիւթի խաղաղ նիւթերով օգտագործման գծով համագործակցութեան Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ։ Ստորագրման արարողութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Վենսի մամլոյ ասուլիսը։ Այս մթնոլորտին մէջ կողմերը քննարկումներ ծաւալեցին TRIPP ծրագրին շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստան ԱՄՆ-էն գնած է հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր։ «V-BAT» տիպի այս անօդաչու թռչող սարքերուն համար հայկական կողմը 11 միլիոն ամերիկեան տոլար ներդրած է։ Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրին ընդառաջ պիտի մասնակցի նորաստեղծ Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին ժողովին։
Նիկոլ Փաշինեան Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի ներկայութեամբ յայտարարեց, որ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները ամուր են աւելի քան երբեք։ Վարչապետին խօսքով՝ փոխ-նախագահին հետ ընդգծած են Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման մեծ ներուժը։ Ան համոզուած է, թէ այս այցելութիւնը կը ցոլացնէ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութեան խորութիւնը։ «Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութիւնը խաղաղաբեր է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ մօտ է այն կէտը, ուր Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը անշրջելի պիտի դառնայ։
Իր կարգին, Վենսն ալ նշեց, որ Հայաստան-ԱՄՆ գործընկերութեան կը դրուի նոր սկիզբ մը։ Ան շեշտեց, որ աշխարհի մէջ Հայաստանի նկատմամբ գոյութիւն ունի մեծ հետաքրքրութիւն մը ներդրումներ կատարելու առումով։ «Հայաստան կը դառնայ տարածաշրջանային տնտեսական զարգացման շատ լուրջ յենակէտերէն մին», ըսաւ Վենս՝ շեշտելով, որ իր երկիրը մինչեւ 9 միլիառ տոլարի ներդրում մը կրնայ կատարել՝ Հայաստանի քաղաքացիական միջուկային ուժանիւթի ոլորտին մէջ։