ՀԱՐՑԱՔՆՆԵԼ ԱՐՄԱՏԱՊԷՍ

Ստորեւ կը ներկայացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ արտասանուած ելոյթը՝ Հունգարիոյ Խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած «Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու կացութիւնը՝ այսօր» խորագրել համաժողովի ընթացքին, Պուտափեշտ, 2 փետրուար 2026 թ.:

*

Մեծարգոյ պարոն նախագահող, ձերդ գերազանցութիւն պարոն դեսպան Հայաստանի Հանրապետութեան, տիկնայք եւ պարոնայք,

«Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու կացութիւնը՝ այսօր» խորագրեալ այս հաւաքոյթին նախ թոյլ տուէք ողջունել ձեր բոլորը: Ուրախ եմ, որ այստեղ եմ, ձեզի հետ եմ այս հանգամանալից քննարկումներու մթնոլորտին մէջ: Թոյլ տուէք ձեզի փոխանցել ձեր թրքահայ քոյրերու եւ եղբայրներու ողջոյնները, հարազատութեան զգացումները:

Մեզ համախմբած է այսօր հաւաքոյթ մը, որ «Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու կացութիւնը՝ այսօր» ըսելով առաջին հերթին կարծէք թէ ակնարկութիւնը կը վերաբերի ինքնութեան: Ինքնութիւնը մեզ կը միաւորէ՝ որպէս հայ, աշխարհի ո՛ր կողմն ալ ապրինք եւ այդ ինքնութիւնը միայն պատմութիւն չէ՝ որքան ալ պատմութիւնը ըլլայ անոր կարեւոր բաղադրիչներէն մին: Մեր հայկական սփիւռքի համայնքները այսօր ունին բաւական բարդ օրակարգ եւ այդ օրակարգին մէջ կան ինչպէս նմանութիւններ, այնպէս ալ տարբերութիւններ:

Հայկական սփիւռքներու հիմնական նմանութիւնը այսօր այն հանգամանքն է, որ աշխարհի վրայ արդէն երեսուն տարիէ ի վեր մօտաւորապէս, անկախ պետականութիւնը վերականգնուած է հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհի հայութիւնը միաւորող հիմնական հասարակաց յայտարարն է:

Հայկական սփիւռքի օրակարգի նմանութիւններու պարագային, օրակարգի իրարու նմանող երեսակներու պարագային՝ մենք պարտաւոր ենք հայաստանակեդրոն մտածելակերպ ձեւաւորել, որպէսզի իրարու հետ կարողանանք նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել: Հայկական սփիւռքը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կ՚ապրի փոքրամասնութեան կարգավիճակով. ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ կրօնական փոքրամասնութեան հանգամանքի մասին է խօսքը: 

Ուրեմն, աշխարհի տասնեակ երկիրներու քաղաքացիներ, մեր պարագային հա՛յ ծագումով քաղաքացիներ, որոնք յաչս իրենց քաղաքացիութեամբ պատկանած երկրին ունին ուրոյն մշակոյթ կամ ենթամշակոյթ՝ իրենց ազգային պատկանելիութեամբ: Մեր սփիւռքի համայնքները թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական առումով, էական պատասխանատուութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուին՝ այն իմաստով, որ իրենց օրակարգի խնդիրները քննարկելու համար կամ անոնց լուծում փնտռելու ժամանակ, պարտաւոր են իրենց քաղաքացիական պատասխանատուութիւնները եւ իրենց արմատներէն՝ հայկական պատկանելիութենէն բխած զգայնութիւնները չհակադրելու: Որքան ատեն, որ ոսկէ միջիններ կը գտնեն այդ հակադրութենէն հեռու մնալու համար, ըստ երեւոյթին, այդքան մեծ կ՚ըլլայ յաջողութեան հաւանականութիւնը: 

Երբ կ՚ըսենք մշակոյթ, խօսքը դարձեալ կ՚երթայ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Մենք, այսօր, կրողներն ենք մշակոյթի մը, որ աշխարհի այսօրուան պայմաններով յարատեւելու բաւարար երաշխիքներ չի կրնար ունենալ, եթէ ազգային պետութիւն մը՝ տուեալ պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը, գոյութիւն չունենայ: Եթէ, այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնը վտանգուի, ապա կը նշանակէ, որ ուղղակիօրէն վտանգուած է նաեւ հայկական մշակոյթի յարատեւութիւնը. այն մշակոյթը, որ մեր բոլորին հասարակաց յայտարարն է: 

Այստեղ, անշուշտ, մենք բոլորս կը խօսինք նաեւ զիրար լուսաբանելու համար՝ մեր եկած համայնքներու տեղական օրակարգերուն շուրջ, բայց, եթէ առաջին հերթին քիչ մը նայինք մեծ պատկերին, ապա կը տեսնենք, որ հայկական սփիւռքը այսօր արդէն ստիպողութեան դէմ յանդիման է (անպայման ժխտական ակնարկութիւն մը չընկալուի այդ ստիպողութիւնը)՝ հաշուի առնելու Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դիրքը Հարաւային Կովկասի մէջ: Տարածաշրջան մը, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններով հրապուրիչ դարձած է բաղդատմամբ մօտաւոր անցեալի տասնամեակներուն եւ ընթացքը այն է, որ տեսանելի ապագային աւելի ալ հրապուրիչ պիտի դառնայ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, այսօր, միեւնոյն ժամանակ, յաչս աշխարհին հրապոյրը բազմապատկուած այս Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ունի նաեւ հնարաւորութիւններու պատուհաններ: Նոր քաղաքական կլիմայ մը ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանի շուրջ: Հայաստանը աւելի տարբեր որակով միջազգային գործօն մը դառնալու ճանապարհին վրայ է եւ մենք այս ամբողջին մէջ՝ ամբողջ հայկական սփիւռքը, ինչպէս նաեւ հայրենի հանրային կարծիքը, ականատես ենք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի նոր հարթութեան: 

Ճիշդ է, որ անցեալ տասնամեակներուն քանիցս փորձուած եւ, դժբախտաբար, ապարդիւն մնացած գործընթացի մը մասին է խօսքը, բայց, մօտաւոր անցեալի ձախողած փորձերը այսօր բաւարար հիմք չեն՝ մտածելու համար, որ այս հերթական փորձն ալ կրնայ ձախողիլ:

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական անձնակազմերու հարթութեան վրայ շփումները խտացած են աւելի քան երբեք: Դիւանագէտներ ըսելով, առաջին հերթին, նկատի ունինք, բնականաբար, երկու հասարակութիւններու աչքին առջեւ գտնուող երկու յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչը եւ պրն. Ռուբէն Ռուբինեանը: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու պատկան անձնակազմէն սկսեալ, մինչեւ զանազան մակարդակներու վրայ կատարուած հետեւողական աշխատանքին. աշխատանք մը, որ այսօր շատ հաւանական դարձուցած է երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանին բացումը, Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգումը եւ այլն: 

Այստեղ, բնականաբար, անկարելի է անտեսել երկու երկիրներու բարձրագոյն ղեկավարութիւններուն քաղաքական կամքը: Մենք, սփիւռքահայերս, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ապրինք, բնականաբար, մեր ապրած միջավայրերուն մէջ լրատուամիջոցներու ոչ-միանշանակ վերաբերմունքը կը տեսնենք թէ՛ Թուրքիոյ ղեկավարութեան եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան պարագային: Բայց, Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հասունցած գործընթացին շուրջ, յամենայնդէպս, շատ աւելի միանշանակ պատկեր մը կայ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ պրն. Էրտողանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Փաշինեանը իսկապէս բաւարար քաղաքական կամք կը դրսեւորեն այս գործընթացը յառաջ տանելու ուղղութեամբ:

Հայկական սփիւռքը, այսօր, չի կրնար անտեսել այն գործընթացները, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ ի յայտ եկած են եւ այդ գործընթացներուն ի շարունակութիւն՝ Հայաստանի աշխարհի վրայ ունեցած կշիռը եւ հեղինակութիւնը այնպիսի մակարդակի մը կրնայ հասնիլ, որ մեր սփիւռքի երթն ալ կրնայ պայմանաւորել: 

Այսօր, յաճախակիօրէն կը կարդանք TRIPP նախաձեռնութեան մասին եւ մենք ուրախ ենք տեսնելով, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ ալ TRIPP-ի հիմնական սկզբունքները՝ փոխադարձութիւնը, իրաւազօրութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու նկատմամբ յարգանքն ու անոնց անձեռնմխելիութիւնը, այս ամբողջ հիմնարար սկզբունքներուն հետ չհակասող հունի մը մէջ կ՚ընթանայ: Այսօր, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, այն մանրամասնութիւնները, որ ձեզի կը յայտնեմ, բնականաբար, ձեզի համար դժուար չէ ենթադրել, թէ պոլսահայութեան համար ողջունելի է: 

Պոլսահայութիւնը, այսօր, շատ սակաւ մարդուժով կը ջանայ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան պաշտպան կանգնիլ: Ժառանգութիւն մը, որու բարոյական իրաւայաջորդն է Թուրքիոյ հայ համայնքը եւ իր թէ՛ նիւթական եւ թէ մարդուժի տեսակէտէ սահմանափակ ուժերով կը ջանայ մեր ժառանգութիւնը ամուր պահել: 

Պոլսահայութեան համար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ողջունելի է այսօր իր հեռանկարներով եւ արդէն որոշ չափով պայմանաւորել սկսած բարոյահոգեբանական մթնոլորտով: Մարդիկ, այսօր, կը սպասեն, որ գրեթէ ամիս մը վերջ արդէն Երեւանի եւ Պոլսոյ միջեւ ուղիղ թռիչքի սկսի «Turkish Airlines»ը, ինչ որ հաղորդակցութեան բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ հայութեան համար, այլ ամբողջ աշխարհի հայութեան, որպէսզի կարենայ նուազագոյն կամ տարրական որակով ծառայութիւն մը ստանալով հասնիլ Երեւան: 

Անշուշտ, այս մաքրոփլանի արտայայտութիւններուն առընթեր, կան նաեւ տեղական պայմաններ: Խորհրդանշական զուգահեռական մը կ՚ուզեմ յանձնել ձեր նկատառման: Եթէ այսօր Անիի պատմական կամուրջին վերանորոգման ծրագիրը երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ամբողջին մէջ կ՚արծարծուի, միւս կողմէ Թուրքիոյ պետութեան եւ անոր քաղաքացիները հանդիսացող հայ համայնքին միջեւ կը քննարկուի նաեւ Վանի պատմական Վարագայ վանքի վերանորոգման ծրագիրը: Որոշ բաներ կան, որոնք փոխազդեցութեան, փոխլրացման մէջ են: Առաջին հայեացքով կրնան տարբեր երեւիլ, բայց, որոշ տեղերու մէջ անոնք կրնան իրարու շատ մօտ ըլլալ: 

Այսօր, ընդհանրապէս, աշխարհ հետզհետէ աւելի բեւեռացեալ վիճակի մը կ՚երթայ եւ մեր սփիւռքը այս բեւեռացեալ աշխարհի մէջ նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է: Հայութեան զանազան հատուածները տարբեր բեւեռներու ազդեցութեան գօտիներու մէջ ապրելու վիճակին մատնուած են: Որպէս հակադիր ուժային կեդրոններու քաղաքացիները՝ իրարու հետ համագործակցելու ստիպողութեան առջեւ պիտի գտնուինք մօտաւոր ապագային: Եթէ մինչեւ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերատիրանալուն յաջորդած ժամանակաշրջանին աշխարհի վրայ բեւեռացումները շատ աւելի նուազ ազդեցութիւն ունէին, ապա ներկայիս պատկերը ճիշդ հակառակն է: Հաւանական դժուարութիւններ կրնայ ունենալ հայ սփիւռքը՝ իրարու հետ շփուելու իմաստով: 

Եւ ի՞նչ է հիմնական նախազգուշական միջոցը, որ մենք կրնանք ձեռք առնել՝ որպէս հայութիւն: Բնականաբար, այս կէտին վրայ ինքնութեան գործօնները չափազանց կարեւորութիւն կը ստանան: Շփման դժուարութիւնները կամ հաւանական սահմանափակումները հաւասարակշռելու համար նոր թափ պէտք է տալ սփիւռքի մէջ հայկական կրթութեան գործին: Հայկական սփիւռքը, ըստ երեւոյթին, դատապարտուած է այսօր հարցաքննելու՝ բաւական կաղացող եւ որոշ միջավայրերու մէջ ալ, դժբախտաբար, սնանկութեան եզրին հասած իր կրթական համակարգը: Եւ հայկական սփիւռքը՝ մասնաւորապէս, արեւմտահայերէնի յարատեւութիւնը երաշխաւորելու իմաստով, պարտաւոր է համագործակցութեան եզրեր գտնելու Հայաստանի Հանրապետութեան գիտամշակութային կամ կրթական համապատասխան կեդրոններուն հետ, որովհետեւ սփիւռքը իր ուժերով ի վիճակի չէ այս գործը առանձին լուծելու: Այնպէս պէտք չէ ընկալել, որ արեւմտահայերէնի ճակատագիրը միայն արեւմտահայերու գործն է: Արեւմտահայերէնի ճակատագիրը ամբողջ հայութեան գործն է, հետեւաբար, մենք՝ սփիւռքահայերս իրաւունք ունինք՝ բարոյական իրաւունք ունինք Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ այս հարցին մէջ շարժման անցնիլ հրաւիրելու: 

Մենք՝ սփիւռքահայերս, եթէ քիչ մը ինքնաքննադատաբար նայինք պատկերին, ապա պէտք է ընդունինք, որ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին մեր մայրենի լեզուի եւ, ընդհանրապէս, մեր ինքնութեան յարատեւութեան խնդիրները հակուած ենք լուծել դիւրին ճանապարհը ընտրելով՝ զուտ Հայաստանի հետ շփման ձեւին վստահելով: Եւ այսօր, մեր դիմացն է այն իրականութիւնը, որ միայն Հայաստանի հետ շփումը բաւարար չէ սփիւռքահայը իր հայ դիմագիծին մէջ պահելու համար: Եւ, անշուշտ, խնդրի այս երեսակին վրայ կու գան աւելնալ խառն ամուսնութիւններու խնդիրները, բազմամշակոյթ միջավայրերու մէջ ապրելու երեւոյթները եւ այլն:

Այսօր, հայկական սփիւռքին համար ռազմավարական թիւ մէկ խնդիրն է մարդուժի պատրաստութիւնը: Սփիւռքի մէջ մեր կրթական համակարգը կը կաղայ եւ մենք հնարաւորութիւն չունինք մեր ապագան երաշխաւորելու համար տարրական, նուազագոյն մասնագիտութեան մակարդակով մարդուժ պատրաստելու, ինչ որ մեզի համար ահազանգի համազօր է: Այս նիւթին շուրջ եւս կրնանք մենք մեզի բարոյական իրաւունք վերապահել Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութիւնը, աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը պահանջելու համար: Մարդուժի պատրաստութիւնը մեզի կրնայ հիմնական առաւելութիւններ ապահովել նաեւ, պայքարելու համար՝ մեր սփիւռքէն ներս առկայ համատարած անտարբերութեան դէմ: Այսօր մեր սփիւռքի զանգուածները համատարած ձեւով մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին դէմ անտարբեր են: Եւ եթէ մենք նոր ներառականութիւն մը պիտի փնտռենք տեսանելի ապագային այս յարափոփոխ աշխարհին մէջ մեր հայկական ինքնութիւնն ու դիմագիծը պահպանելու համար, ապա անխուսափելիօրէն մենք պէտք է այս մարդուժի պատրաստութեան մարտավարութեամբ պայքարի ճանապարհէն չհեռանանք:

Սփիւռքահայերս երբ քով-քովի գանք, կը ստեղծենք սիներժի մը, որ մեզ չափազանց լաւատեսութեան կը մղէ, քիչ մը մարդկային է, քիչ մը զգացական է, թէեւ որոշ չափով նաեւ ճիշդ է: Բայց, մենք ունինք այնպիսի քարացած խնդիրներ, որոնց տասնամեակներէ ի վեր անհրաժեշտ լուծում չենք կրցած տալ, ինչ որ մեզ կը մղէ նաեւ մտածելու, թէ արդեօք մենք մեր սփիւռքի հնարաւորութիւնները քիչ մը կը գերագնահատե՞նք, որովհետեւ էական խնդիրներու մէջ մեր ունեցած հաւաքական արդիւնքները, դժբախտաբար, բաւական տկար են եւ այս հանգամանքը մենք չենք կրնար անտեսել: Տկար են նաեւ անոր համար, որ մեր սփիւռքի մէջ հաստատութենական մտածելակերպը, դժբախտաբար, բաւարար չափով չէ՛ ամրապնդուած: Տկա՛ր ենք այս ուղղութեամբ եւ այսօր մարդուժի պատրաստութեան խնդիրը մեր այս խոցելի կողմն ալ կրնայ որոշ չափով հաւասարակշռել, որովհետեւ մենք՝ առանց մարդուժի պատրաստութեան զարկ տալու, չենք կրնար սփիւռքէ ներս անհատի գործօնը վերարժեւորելու յարմարութեամբ միջավայր մը ստեղծել: 

Եզրակացնելէ առաջ, կ՚ուզեմ պոլսահայութեան տեսակէտէ որոշ բաղդատական մը ընել մեր այս հաւաքի միջավայրի պայմաններով: Դուք գիտէք, որ պոլսահայութիւնը եւ, առհասարակ թրքահայութիւնը, միջկրօնական համակեցութեան ուրոյն փորձառութիւն մը ունի: Մենք այսօր ամբողջ միջազգային թատերաբեմին վրայ ականատես կ՚ըլլանք բամպակի փաթթուած արտայայտութիւններու՝ միջկրօնական համակեցութենէն սկսեալ մինչեւ քաղաքակրթութիւններու բախումներ, եւ այլն: Այս բոլորն ալ, դժբախտաբար, քաթեկորիք վերաբերմունքներու հետեւանքն է եւ մարդկութիւնը ծայրայեղութեան ճիրաններուն կը մատնուի: Պոլսահայութիւնը այս ուղղութեամբ, ճիշդ է, որ աշխարհի ընթացքը փոխելու համար բաւարար չըլլայ, սակայն, իր համեստ եւ ուրոյն փորձառութիւնը ունի՝ այդ ալ խո՛ր աւանդոյթներով կամ ճո՛խ աւանդոյթներով մթնոլորտի մը մէջ: 

Մեր համայնքը այսօր, ինչպէս սփիւռքի մեր բոլոր համայնքները, կը փնտռէ նոր ապագայ մը եւ այդ նոր ապագայի որոնումներուն մէջ մեզի համար կարեւոր գործօն դարձած են վերջին տասնամեակներուն պետութեան կողմէ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած՝ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ բարեփոխումները: Թուրքիոյ հայ համայնքին համար այս բարեփոխումները հնարաւորութիւն ընձեռած են, որպէսզի նիւթական նոր հնարաւորութիւններու տիրանայ: Բայց, դժբախտաբար, մետայլի միւս երեսակին պատկերը բոլորովին տարբեր է, որովհետեւ համայնքի վարչակազմակերպչական վիճակը ա՛յն աստիճան անդամալուծուած է կամ կաթուածահար է, որ մենք այդ նոր հնարաւորութիւնները արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց ձեւով, դժբախտաբար, չենք կրնար օգտագործել: 

Հայապահպանութիւնը, ինչպէս Պոլսոյ կամ Թուրքիոյ հայութեան պարագային, այնպէս ալ կը կարծեմ քիչ մը ամէն տեղ, մէկ կողմէ համայնքներուն ներքին գործը եղած է, սակայն, միւս կողմէ, համայնքներէ ներս հայապահպանութեան գործին լծուած մարդիկ միեւնոյն ժամանակ տուեալ երկրի լայն հասարակութեան հետ շփումներու, անոնց հետ տարուած ճանաչողական բնոյթով աշխատանքներու հետամուտ եղած են: Նոյն զանգուածն է գրեթէ եւ այդ փոխազդեցութիւնը, փոխյարաբերակցութիւնը ատեն-ատեն պատճառ կը դառնայ, որ մեր սփիւռքեան իրականութենէն ներս խնդիրներու առաջնահերթութիւններու տեսակէտէ ֆոքուսի սահեցումներ ըլլան: Այս մէկը մեր համատեղ օրակարգին վրայ արձանագրուելիք էական խնդիր մըն է, որովհետեւ մենք մեր սահմանափակ մարդուժով այսքան շատ ճակատի վրայ միաժամանակ պայքարելու հնարաւորութիւնը ունի՞նք, թէ չունինք եւ եթէ չունինք, ապա իրարու համար ի՞նչ կրնանք ընել. այս մասին պէտք է մտածենք: 

Հայ իրականութեան մէջ պոլսահայութեան այսօրուան չակերտեալ կշիռը պայմանաւորող հիմնական երեք հաստատութիւններ ունինք այսօր: 

Առաջինը՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մին է եւ ամբողջ մեր հայկական ժառանգութեան պահպանութեան տեսակէտէ, բոլոր խնդիրներու մէջ, միաժամանակ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ երկխօս ընդունուած կառոյցն է:

Երկրորդը՝ ձեր բոլորին ծանօթ, հայ իրականութենէն ներս այնքան բարի համբաւով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն է: Ամբողջ սփիւռքի մէջ իր նմանը չունեցող կառոյց մըն է, որ իր լինելութեամբ, գործունէութեամբ եւ մատուցած մարդասիրական ծառայութիւններով շատ կարեւոր՝ մեզի համար չակերտեալ ըսենք այցեքարտի նշանակութեամբ, հաստատութիւն մըն է: Արդարեւ, հայկական հիւանդանոցի մը երդիքին տակ՝ առանց խտրականութեան, զանազան ազգերէ՝ տուեալ պարագային էականը, անշուշտ, տեղւոյն վրայ թուրք ժողովուրդի ամենահամեստ խաւերէն մարդոց բժշկութիւն, առողջութիւն գտնելն է, ինչ որ մեր ժողովուրդին նկատմամբ տրամադրութիւնները ուղղակի պայմանաւորող գործօն մըն է:

Երրորդը՝ դարձեալ ձեր բոլորին ծանօթ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթն է, որու գլխաւոր խմբագիրն եմ ես: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենահին օրաթերթն է, որ 118 տարիէ ի վեր ամէն օր կը հրատարակուի: Թերթը այսօր իր տպագիր օրինակին առընթեր, կայքէջով եւ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութեամբ ալ գործունէութիւն կը ծաւալէ էնսթիթիւսիոնէլ իմաստով հաւաքական միտք պատրաստելու եւ հայ իրականութենէն ներս առարկայական հարթակի մը վրայ առողջ կարծիքի փոխանակումներու միջավայր ստեղծելու տեսակէտէ կարեւոր խորհրդանշան մըն է, որ մեր սփիւռքին մէջ ունի առանձնայատուկ դիրք: 

Ես կ՚ուզեմ պրն. Նիկողոս Յակոբեանին խորապէս երախտագիտութիւն յայտնել: Մեզի ապահոված է միջավայր մը, ուր մենք մեր իրականութեան զանազան երեսակներուն հաղորդ կը դառնանք: Բայց, այս շնորհակալութիւնը զուտ քաղաքավարական չէ, որովհետեւ իր կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը մեր թրքահայ օրակարգին հետ ուղղակի առնչութիւն ունի: Ուրեմն, այստեղ մենք լսեցինք երեք բարեկամներ, որոնք Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն մէջ, տուեալ երկրի հայութեան յաչս հիւրընկալ պետութեան ներկայացուցիչի հանգամանքը ունին: Այսօր եթէ հարցնէք, թէ ո՞րն է թրքահայութեան ամենահրատապ խնդիրը, ապա իմ պատասխանը պիտի ըլլայ, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակ մը չունենալն է: Սա մեր թրքահայ իրականութեան ամենալուրջ խնդիրներէն մին է:

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մօտաւոր անցեալին արտադրութիւնը կատարեց «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» անունով փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը, որ Երեւանի իմ սիրելի գործընկեր պրն. Տիգրան Պասկեւիչեանի հետ համագործակցաբար պատրաստուած է: Յուսամ՝ օր մը առիթ կ՚ունենանք միասնաբար տեսնելու այս ֆիլմը եւ արժեւորելու թրքահայ օրակարգի խնդրայարոյց, այս պահու դրութեամբ առաջնահերթ սոյն խնդիրը: Քանի որ մեր հաւաքը ուղղակի հիւրընկալ երկրի մէջ պաշտօնապէս ճանչցուած ներկայացուցիչի մը կողմէ կազմակերպուած է, ուզեցի խնդիրը ձեզի մատուցել այս պատկերին վրայ:

Երախտապարտ եմ ձեր բոլորի ուշադրութեան համար եւ ընդունեցէք, խնդրեմ, խորին յարգանքներս:

Շնորհակալ եմ: 

Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2026